Բողոք բանտերէ ներս բռնութեան դէմ

Թուրքիոյ բան­տե­րէն ներս բան­տարկեալ­նե­րու հան­դէպ դա­ժան վե­րաբեր­մունքը հետզհե­տէ աւե­լի տե­սանե­լի կը դառ­նայ տար­բեր բնոյ­թի բո­ղոքի ցոյ­ցե­րով։ Բան­տե­րէ ներս բո­ղոքի ամե­նատա­րածուն եղա­նակը հա­ցադուլն է, որ մերթ ընդ մերթ կեան­քեր ալ կը խլէ։ Իսկ բան­տարկեալ­նե­րու մեր­ձա­ւոր­նե­րը մամ­լոյ յա­տարա­րու­թիւննե­րով կ՚ու­զեն լսե­լի դարձնել բան­տէ ներս տի­րող ան­կարգու­թիւննե­րը։

Վեր­ջերս բան­տի մէջ հա­ցադուլի դի­մած քաղ­բանտար­կեալ Իլե­րի Քը­զըլալ­թունի կո­ղակիցն ալ որոշած է դուրսէն մաս­նակցիլ ամուսնոյն գոր­ծադրած հա­ցադու­լին։

Այսպէս «Կու­րուփ Եորում» երաժշտա­կան խումբի ան­դամ Պա­հար Քուրթ ալ 13 Սեպ­տեմբե­րին սկսաւ իր միամ­սեայ հա­ցադու­լին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ