Ոմանց համար գոհացուցիչ, շատերու համար ոչ

7Սեպտեմ­­բե­­­րին Իս­­թանպու­­լի Կու­­սա­­­կալու­­թեան մէջ կա­­յացող Խորհրդակ­­ցա­­­կան ժո­­ղովէն ետք 10 Սեպ­­տեմբե­­րին ալ Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լույի նա­­խագա­­հու­­թեամբ գու­­մա­­­րուե­­ցաւ երկրորդ ժո­­ղով մը եւս։ Եր­­կու ժո­­ղով­­նե­­­րուն ալ օրա­­կար­­գի նիւթն էր փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու հիմ­­նարկնե­­րու ընտրու­­թեան խնդի­­րը։ 9 տա­­րուայ առ­­կա­­­խուած ընտրու­­թիւննե­­րու թնճու­­կը բա­­նալու հա­­մար 18 Յու­­նի­­­սին պե­­տական պաշ­­տօ­­­նաթեր­­թի մէջ հրա­­տարա­­կուե­­ցաւ կա­­նոնագ­­րութիւն մը, որ բա­­ւական հե­­ռու էր հա­­մայնքնե­­րու ակնկա­­լու­­թիւննե­­րը գո­­հաց­­նե­­­լէ։

Թուրքիոյ հայ հա­­մայնքը եւս նկա­­տեց կա­­նոնագ­­րի թե­­րու­­թիւննե­­րը, բայց նա­­խընտրեց առար­­կութիւն չու­­նե­­­նալ ար­­դէն ու­­շա­­­ցած ընտրու­­թիւննե­­րը ալ աւե­­լի չու­­շացնե­­լու հա­­մար։ Սա­­կայն յա­­ջոր­­դող զար­­գա­­­ցումնե­­րը ստի­­պեցին որոշ մի­­ջամ­­տութիւններ պա­­հան­­ջել։ Այս առ­­թիւ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. նա­­մակով մը դի­­մեց Հան­­րա­­­պետու­­թեան Նա­­խագա­­հին, որոշ ոտնձգու­­թիւննե­­րու դէմ իր մի­­ջամ­­տութիւ­­նը խնդրե­­լով։

7 եւ 10 Սեպ­­տեմբե­­րի ժո­­ղով­­նե­­­րը կա­­րելի է այդ խնդրան­­քի պա­­տաս­­խա­­­նը հա­­մարել, քա­­նի որ նա­­խագա­­հը որե­­ւէ կերպ չէր ար­­ձա­­­գան­­գած իրեն ու­­ղո­­­ւած խնդրան­­քին։

10 Սեպ­­տեմբե­­րի ժո­­ղովին ներ­­կայ էին նաեւ Թուրքիոյ այլ փոք­­րա­­­մաս­­նա­­­կան հա­­մայնքնե­­րու հո­­գեւոր եւ աշ­­խարհիկ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը։

Նա­­խարար Սոյ­­լու, որ նա­­խապէս ու­­սումնա­­սիրած էր նա­­խորդ ժո­­ղովին բարձրա­­ձայ­­նո­­­ւած առար­­կութիւննե­­րը կտրուկ կեր­­պով յայ­­տա­­­րարեց, որ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թիւննե­­րը հա­­յերու եւ յու­­նաց հա­­մար պի­­տի կա­­յանայ նա­­խապէս ճշդո­­ւած ձե­­ւով, այ­­սինքն Իս­­թանպու­­լը երեք ընտրա­­տարած­­քի բա­­ժանե­­լու հի­­ման վրայ։ Իսկ մնա­­ցեալ փոք­­րա­­­մաս­­նա­­­կան հա­­մայնքնե­­րը որոնք հա­­մեմա­­տաբար աւե­­լի նո­­ւազ թի­­ւով հիմ­­նարկներ ու­­նին, անոնք պի­­տի կրնան ընտրու­­թիւնը ընդլայ­­նել բո­­վան­­դակ քա­­ղաքի, նոյ­­նիսկ ամ­­բողջ երկրի տա­­րած­­քին։

Այս երե­­ւոյ­­թը շատ լուրջ դժո­­ւարու­­թիւն կը յա­­րու­­ցէ յոյն հա­­մայնքի հա­­շուոյն, քա­­նի որ անոնք ամե­­նամեծ թի­­ւով հաս­­տա­­­տու­­թիւններ ու­­նե­­­նալով հան­­դերձ կը ներ­­կա­­­յանան ամե­­նանո­­ւազ բնակ­­չութեամբ։ Իսկ հա­­յերս այդպէ­­սով կորսնցու­­ցած կ՚ըլ­­լանք հինգ հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու, այ­­սինքն Սուրբ Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի, Գա­­րակէօզեան եւ Գալ­­ֆա­­­յեան Որ­­բա­­­նոց­­նե­­­րու, Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի եւ Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի «ազ­­գա­­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւն» կո­­չու­­մը։

Կա­­տարո­­ւած դի­­մումնե­­րէն մէկն ալ ընտրու­­թեան ժամ­­կէ­­­տը գո­­նէ մէկ ամի­­սով եր­­կա­­­րաձ­­գե­­­լու մա­­սին էր, որ դար­­ձեալ մեր­­ժո­­­ւեցաւ Նա­­խարա­­րին կող­­մէ։

Շա­­բաթ առա­­ւօտո­­ւայ հան­­դի­­­պու­­մէն ետք հայ կա­­թողի­­կէ, հայ բո­­ղոքա­­կան, ասո­­րի եւ հրեայ հա­­մայնքնե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն կը յայտնէին։ Կա­­տարո­­ւած բա­­րեփո­­խու­­մը նպաս­­տա­­­ւոր էր իրենց հա­­մար։ Զար­­մա­­­նալին այն է որ Պատ­­րիարք Սրբա­­զանը եւ Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու եւս գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն կը յայտնէին հա­­կառակ հա­­մայնքի լայն շրջա­­նակ­­նե­­­րու եւ «ազ­­գա­­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւն» բնու­­թագրու­­մով յի­­շուած հիմ­­նարկնե­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րուն։ Յայտնի է որ Պատ­­րիար­­քի եւ Շի­­րինօղ­­լո­­­ւի գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւնը կը բխի Օր­­թա­­­գիւ­­ղի Սուրբ Աս­­տո­­­ւածաին եկե­­ղեց­­ւոյ եւ անոր օրի­­նակին հե­­տեւող քա­­նի մը թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րու ինքնագ­­լուխ գոր­­ծե­­­լու կա­­սեցու­­մէն։

Այժմ բո­­լոր հա­­մայքնե­­րուն առ­­ջեւ ծա­­ռացած է յա­­ռաջի­­կայ 3,5 ամիս­­նե­­­րու ըն­­թացքին ընտրու­­թիւնը կա­­տար հա­­նելու դժո­­ւարին գոր­­ծը։

Դժո­­ւարին՝ քա­­նի որ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ ալ չի նկա­­տուիր ընտրու­­թիւննե­­րու հան­­դէպ ակնկա­­լուած հե­­տաքրքրու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ