Մօտ 160 երիտասարդ կեանքեր զոհուեցան յանուն չարիքի անսասանութեան

12Սեպտեմ­բեր եր­կուշաբ­թին, երեք­շաբթիի կա­պող կէս­գի­շերո­ւայ ժա­մերուն Հա­յաս­տա­նի արե­ւելեան սահ­մա­նամերձ քա­ղաք­նե­րը ցնցո­ւեցան Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու յան­կարծա­կի յար­ձա­կու­մով։ Յար­ձա­կու­մը լայ­նա­ծաւալ էր եւ հիւ­սիս-հա­րաւ ուղղու­թեան վրայ կը թի­րախա­ւորէր բա­ւական լայն շերտ մը։ Յայտնի էր թէ Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը եր­կար պատ­րաստու­թե­նէ մը ետք սկսած էին այս յար­ձակման։ Ինչպէս 44 օրեայ պա­տերազ­մի մեկ­նարկման պա­հուն, այս ան­գամ ալ յար­ձա­կու­մի հետ միասին շրջա­նառու­թեան դրո­ւած էր ապա­տեղե­կատուու­թիւնը, որուն հե­տեւան­քով Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րը Մեւ­լիւտ Չա­ւու­շօղլու իս­կոյն ար­ձա­գան­գեց յար­ձա­կումնե­րուն, պա­տահած­նե­րը վե­րագ­րե­լով Հա­յաս­տա­նի բա­նակին։ Նոյ­նը պա­տահած էր 44 օրեայ պա­տերազ­մի ժա­մանակ եւ Թուրքիոյ մամ­լոյ ծա­ռայու­թիւննե­րը օրեր շա­րու­նակ պա­տերազ­մի ծա­գու­մը վե­րագ­րած էին Հա­յաս­տա­նի յար­ձա­կու­մին։ Հա­զիւ պա­տերազ­մի աւար­տէն ետք էր որ Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագա­հը յայ­տա­րարեց իրո­ղու­թիւնը։

Այս ապա­տեղե­կատո­ւու­թիւնը բո­լորո­վին գոր­ծա­ծական մի­ջոց մըն է հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա­կան այ­րե­րուն հա­մար, որոնք ինչպէս միշտ այս ան­գամ ալ յայտնե­ցին իրենց մտա­հոգու­թիւնը եւ կոչ ուղղե­ցին կող­մե­րուն, տա­րակար­ծութիւննե­րը քա­ղաքա­կան բա­նակ­ցութիւննե­րով լու­ծե­լու հա­մար։

Յար­ձա­կումնե­րէն ետք ՀՀ Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան հե­ռաձայ­նեց Ռու­սիոյ Նա­խագա­հին ՀԱՊԿ-ի գրա­սենեակին, Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հին, Միացեալ Նա­հանգնե­րու ԱրտԳործ Նա­խարար Էնթնի Պլինքը­նին եւ Իրա­նի նա­խագա­հին պա­հան­ջե­լով անոնց ու­շադրու­թիւնը կատա­րուած­նե­րուն հան­դէպ։ Վար­չա­պետը նոյն օր Ազ­գա­յին Ժո­ղովի դահ­լի­ճին մէջ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ զար­գա­ցումնե­րու մա­սին եւ պա­տաս­խա­նեց քննա­դատու­թիւննե­րուն։

Միւս կող­մէ Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նամետ մա­մուլն ալ կը զբա­ղէր ռազ­մա­կան գոր­ծողու­թիւնը ար­դա­րաց­նե­լու ծա­ռայող պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւններ ար­տադրե­լու։ Անոնք կը խոս­տո­վանէին թէ յար­ձա­կու­մը կա­տարո­ւած է Հա­յաս­տա­նը խա­ղաղու­թեան դա­շինք կնքե­լու պար­տադրե­լու հա­մար։ Յա­ջորդ օր հնչած հա­մաշ­խարհա­յին ար­ձա­գանգնե­րը ամ­բողջո­վին իմաս­տա­զուրկ էին, եթէ նկա­տի ու­նե­նանք շուրջ 160 երի­տասարդնե­րու կեան­քե­րը։ Այսպէս Նի­կոլ Փա­շինեան սպա­յակոյ­տի փո­խան­ցած տե­ղեկու­թիւննե­րու հի­ման վրայ կը յայ­տա­րարէր թէ յար­ձակման հե­տեւան­քով Հա­յաս­տա­նի Զի­նեալ Ու­ժե­րը ու­նե­ցած են 105 կո­րուստներ։ Իլհամ Ալիեւն ալ իր կար­գին յայ­տա­րարեց 50 զո­հուած­նե­րու մա­սին, որոնցմէ 42-ը զի­նուոր­ներ էին, իսկ 8 բա­նակի զա­նազան ստո­րաբա­ժանումնե­րու մէջ պաշ­տօն ստանձնած քա­ղաքա­ցիներ։

Այս երե­ւոյ­թը յատ­կա­պէս օրա­կար­գի կը բե­րէր Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան, յի­շեց­նե­լով թէ եր­կու կող­մէն ալ մա­հացող երի­տասարդնե­րու փո­խարէն այս զար­գա­ցումնե­րէն շա­հաւոր կ՚ել­լէ Ռու­սաստան։

Տե­ղին մատ­նանշում մըն է այս, որուն մա­սին պէտք է մտա­ծեն ո՛չ միայն պե­տու­թիւննե­րու ղե­կավա­րու­թիւննե­րը, այլ նոյն ինքն զո­հուած­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը եւ ամ­բողջ հա­սարա­կու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ