Խաղաղութիւն կը պահանջենք

Մենք՝ յետ­­խորհրդա­­յին տա­­­րած­­­քի եւ անոր յա­­­րակից շրջան­­­նե­­­­­­­րու` յա­­­նուն խա­­­ղաղու­­­թեան հան­­­դէս եկող խումբ մը մար­­­դիկ, հիւ­­­ծո­­­­­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լով ան­­­վերջա­­­նալի պա­­­տերազմնե­­­րէն եւ մեր տա­­­րածաշրջա­­­նին աճող գեր­­­տէ­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րու մրցակ­­­ցութե­­­նէն (կայ­­­սե­­­­­­­րական նկրտումնե­­­րէն), մեր վրդով­­­մունքը կ՚ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տենք Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան վրայ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան վեր­­­ջին լայ­­­նա­­­­­­­ծաւալ յար­­­ձակման վե­­­րաբե­­­րեալ։ Այս յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մը Ռու­­­սաստա­­­նի Դաշ­­­նութեան Ուկրաինո­­­յի վրայ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուող յար­­­ձակման, ինչպէս նաեւ Ղրղզստա­­­նի եւ Տա­­­ջիկստա­­­նի սահ­­­մա­­­­­­­նին վերսկսո­­­ւած բա­­­խումնե­­­րու են­­­թա­­­­­­­հողին ան­­­հանգստու­­­թիւն կ՚առա­­­ջաց­­­նէ ոչ միայն հայ-ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նական հա­­­կամար­­­տութեան սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մին, այլ նաեւ յետ­­­խորհրդա­­­յին տա­­­րած­­­քի այլ հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­կամար­­­տութիւննե­­­րու հնա­­­րաւոր սրաց­­­ման վե­­­րաբե­­­րեալ։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան վրայ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի վեր­­­ջին յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մը եր­­­կու օրո­­­ւայ ըն­­­թացքին հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր կեան­­­քեր խլած է հա­­­կամար­­­տող եր­­­կու կող­­­մե­­­­­­­րէ, լուրջ աւե­­­րածու­­­թիւններ պատ­­­ճա­­­­­­­ռած Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­ցիական են­­­թա­­­­­­­կառու­­­ցո­­­­­­­ւածքնե­­­րուն, տե­­­ղահա­­­նած հա­­­զարա­­­ւոր մարդկանց եւ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ ա՛լ աւե­­­լի խո­­­րաց­­­նել պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու եւ անոնց ժո­­­ղովուրդնե­­­րու մի­­­ջեւ անջրպե­­­տը։

Մենք մեր բո­­­ղոքի ձայ­­­նը կը բարձրաց­­­նենք շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուող պա­­­տերազ­­­մին դէմ։ Եր­­­կու տա­­­րի առաջ Ղա­­­րաբա­­­ղեան երկրորդ կոր­­­ծա­­­­­­­նարար պա­­­տերազ­­­մը սար­­­սա­­­­­­­փելի փոր­­­ձութիւն էր, որով հայ եւ ատրպէյ­­­ճանցի հա­­­սարա­­­կու­­­թիւննե­­­րը դե­­­ռեւս չեն վե­­­րականգնած եւ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն խո­­­րը թշնա­­­մանք տա­­­ծել մի­­­մեանց նկատ­­­մամբ։ Հայ եւ ատրպէյ­­­ճանցի պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րը պէտք է ի վեր­­­ջոյ հաս­­­կա­­­­­­­նան, որ ռազ­­­մա­­­­­­­կան մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը չեն կրնար լու­­­ծել հա­­­կամար­­­տութիւ­­­նը, այլ միայն կը խո­­­րաց­­­նեն եր­­­կու հա­­­սարա­­­կու­­­թիւննե­­­րու մի­­­ջեւ անջրպե­­­տը։ Ռազ­­­մա­­­­­­­կան ճա­­­նապար­­­հով հա­­­կամար­­­տութեան լու­­­ծում փնտռե­­­լը միայն կը յան­­­գեցնէ աւե­­­լի շատ բռնու­­­թեան ու մարդկա­­­յին տա­­­ռապան­­­քի։ Մենք կ՚ող­­­ջունենք Սեպ­­­տեմբե­­­րի 15-ին բռնու­­­թիւնը դադ­­­րեցնող զի­­­նադա­­­դարը եւ կը պա­­­հան­­­ջենք մշտա­­­կան վե­­­րադարձ բա­­­նակ­­­ցա­­­­­­­յին սե­­­ղանին՝ առանց որե­­­ւէ հե­­­տագայ սրման եւ բռնու­­­թեան։

Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նական կող­­­մը պէտք է գի­­­տակ­­­ցի, որ «մի­­­ջանցքներ» հնա­­­րաւոր չէ բա­­­նալ եւ խա­­­ղաղու­­­թիւն ձեռք բե­­­րել ռազ­­­մա­­­­­­­կան յար­­­ձա­­­­­­­կումնե­­­րու մի­­­ջոցով։ Նման հե­­­ռան­­­կարնե­­­րը անըն­­­դունե­­­լի են այն մարդկանց հա­­­մար, որոնց առօ­­­րեան են­­­թադրա­­­բար անցնե­­­լու է եւ կա­­­պուած կ՚ըլ­­­լայ այդ «մի­­­ջանցքնե­­­րու» հետ։ Նման հե­­­ռան­­­կա­­­­­­­րը ապա­­­գային թոյլ չի տար եր­­­կու կող­­­մե­­­­­­­րու սահ­­­մա­­­­­­­նամերձ բնակ­­­չութեանը հա­­­մագոր­­­ծակցիլ մի­­­մեանց հետ։ Խա­­­ղաղու­­­թիւն անհնար է պար­­­տադրել։ Իրենց հեր­­­թին՝ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րը պէտք է ըն­­­դունին աւե­­­լի քան 30 տա­­­րուայ ըն­­­թացքին իրենց կոշտ բա­­­նակ­­­ցա­­­­­­­յին դիր­­­քո­­­­­­­րոշ­­­ման վնասն ու հե­­­տեւան­­­քը՝ նե­­­րառեալ հա­­­րիւր հա­­­զարա­­­ւոր ատրպէյ­­­ճանցի­­­ներու տե­­­ղահա­­­նու­­­մը եւ ժա­­­մանա­­­կին փոխ­­­զի­­­­­­­ջումնե­­­րէն եւ հա­­­կամար­­­տութիւ­­­նը կար­­­գա­­­­­­­ւորե­­­լէն խու­­­սա­­­­­­­փելը։

Փակ դռնե­­­րու ետեւ «միջ­­­նորդա­­­ւորո­­­ւած» բա­­­նակ­­­ցութիւննե­­­րը, որոնք չեն քննար­­­կեր տու­­­ժած ան­­­ձանց կեն­­­սա­­­­­­­պահո­­­վու­­­մը եւ ան­­­գամ հա­­­սարակ մարդկա­­­յին կա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րը, դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած են ձա­­­խող­­­ման։ Միջ­­­պե­­­­­­­տական բա­­­նակ­­­ցութիւննե­­­րու լա­­­ւագոյն միջ­­­նորցնե­­­րը եր­­­կու երկրնե­­­րու՝ ոչ պե­­­տական եւ խա­­­ղաղու­­­թեան ուղղո­­­ւած/խա­­­ղաղա­­­րար խումբերն ու հա­­­մայնքներն են, որոնք ու­­­նին հա­­­կամար­­­տութեան հա­­­կառակ կող­­­մե­­­­­­­րուն գտնո­­­ւող մարդկանց հետ սե­­­­փական վէ­­­­ճերը յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­հարե­­­­լու եւ երկխօ­­­­սու­­­­թիւն ապա­­­­հովե­­­­լու մեծ փորձ։

Մենք յստակ կապ կը տես­­­­նենք հայ-ատրպէյ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­նական հա­­­­կամար­­­­տութեան եւ խա­­­­ղաղու­­­­թեան գոր­­­­ծընթաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու, ինչպէս նաեւ Ուկրաինա­­­­կան պա­­­­տերազ­­­­մի զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցումնե­­­­րու մի­­­­ջեւ։ Ուկրաինա­­­­յի մա­­­­հաբեր պա­­­­տերազ­­­­մը խռո­­­­վու­­­­թեան եւ ան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­նութեան լայն ալիք առա­­­­ջացու­­­­ցած է յետ­­­­խորհրդա­­­­յին տա­­­­րածաշրջա­­­­նին։ Այս կա­­­­պը կ՚ապա­­­­ցու­­­­ցէ նաեւ այն պարզ ճշմար­­­­տութիւ­­­­նը, որ բռնու­­­­թիւնն աւե­­­­լի շատ բռնու­­­­թիւն կը ծնի։ Ոչ մի հա­­­­կամար­­­­տութիւն ռազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան լու­­­­ծում չու­­­­նի, եւ մարդկա­­­­յին կեան­­­­քը բա­­­­ցար­­­­ձակ ար­­­­ժէք է։ Հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան առաջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­հեր­­­­թութիւ­­­­նը պէտք է ըլ­­­­լայ ոչ ռազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան, դի­­­­ւանա­­­­գիտա­­­­կան լու­­­­ծումնե­­­­րը, որոնք միշտ հնա­­­­րաւոր են՝ ան­­­­կախ ան­­­­կէ, թէ պե­­­­տական այ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը մեզ ինչ կը փոր­­­­ձեն հա­­­­մոզել։ Այ­­­­լեւս կա­­­­րելի չէ հան­­­­դուրժել պե­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րու ան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րողու­­­­թեանը կամ կամ­­­­քի բա­­­­ցակա­­­­յու­­­­թեանը՝ խնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ոչ բռնի ճա­­­­նապար­­­­հով լու­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­լու եւ մարդկա­­­­յին անվտան­­­­գութիւնն ապա­­­­հովե­­­­լու հար­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։

Խորհրդա­­­­յին Միու­­­­թեան փլու­­­­զումէն ի վեր մենք կ՚անցնինք բռնու­­­­թիւննե­­­­րու տաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մեակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մի­­­­ջէն։ Մենք կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կենք տու­­­­ժել Ուկրաինա­­­­յի, Ռու­­­­սաստա­­­­նի, Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի, Ատրպէյ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­նի, Տա­­­­ջիկստա­­­­նի եւ Ղրղզստա­­­­նի տա­­­­րած­­­­քին պար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րաբար կրկնո­­­­ւող պա­­­­տերազմնե­­­­րէն։ Մենք խո­­­­րապէս մտա­­­­հոգո­­­­ւած ենք մոլ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­վական-մերձդնեստրեան, վրաց-աբ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­զական եւ վրաց-օսե­­­­թական հա­­­­կամար­­­­տութիւննե­­­­րու վե­­­­րաբաց­­­­ման բա­­­­ցայայտ փոր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­րէն։ Ուկրաինա­­­­յի տա­­­­րած­­­­քին ՆԱ­­­­ԹՕ-ի եւ Ռու­­­­սաստա­­­­նի Դաշ­­­­նութեան մի­­­­ջեւ առ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­կատու­­­­մը տե­­­­ղի կ՚ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայ հիմ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կանին Ուկրաինա­­­­յի եւ անոր յա­­­­րակից Ռու­­­­սաստա­­­­նի շրջան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու բնակ­­­­չութեան կեան­­­­քի հա­­­­շուոյն։ Աւե­­­­լին, օրա­­­­կան հա­­­­րիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր ուկրաինա­­­­ցի եւ ռուս զի­­­­նուորական­­­­ներ կ՚սպա­­­­նուին։

Եթէ մենք մնանք ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յիս յե­­­­տագ­­­­ծի վրայ, ապա միայն ժա­­­­մանա­­­­կի հարց է, թէ Եւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­սիայի տար­­­­բեր տա­­­­րածաշրջան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուող պա­­­­տերազմնե­­­­րը երբ կը միաձու­­­­լո­­­­­­­­­­­­­­­ւին մի­­­­մեանց եւ աշ­­­­խարհի այլ մա­­­­սերուն պա­­­­տերազմնե­­­­րու հետ կը վե­­­­րածո­­­­ւին աւե­­­­լի մեծ տա­­­­րածաշրջա­­­­նային կամ հա­­­­մաշ­­­­խարհա­­­­յին պա­­­­տերազ­­­­մի՝ խլե­­­­լով ա՛լ աւե­­­­լի շատ մարդկա­­­­յին կեան­­­­քեր։

Նման զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցումնե­­­­րը ան­­­­թոյլատ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լի են։ Մենք խա­­­­ղաղու­­­­թեան կոչ չենք ըներ, մենք կը պա­­­­հան­­­­ջենք խա­­­­ղաղու­­­­թիւնը։ Մենք կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րէն կը պա­­­­հան­­­­ջենք պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւորո­­­­ւիլ ուժ չկի­­­­րառե­­­­լու եւ իրա­­­­կան դի­­­­ւանա­­­­գիտա­­­­կան լու­­­­ծումներ փնտռեու, որոնք առաջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­հերթ կը հա­­­­մարեն մարդկա­­­­յին անվտան­­­­գութիւ­­­­նը։ Մենք նաեւ կը պա­­­­հան­­­­ջենք պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նեանե­­­­րէն չխո­­­­չըն­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­տել, այլ նպաս­­­­տել հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թիւննե­­­­րու մի­­­­ջեւ շփումնե­­­­րուն եւ խա­­­­ղաղու­­­­թեան հաս­­­­տատման։

Պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նական բա­­­­նակ­­­­ցութիւննե­­­­րուն ներգրա­­­­ւուած մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին դե­­­­րակա­­­­տար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն կը պա­­­­հան­­­­ջենք երաշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­ւորել, որ հա­­­­կամար­­­­տութե­­­­նէն տու­­­­ժած մարդկանց ձայ­­­­նը լսե­­­­լի ըլ­­­­լայ։ Մենք նաեւ կը պա­­­­հան­­­­ջենք, որ­­­­պէսզի հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թիւննե­­­­րու մի­­­­ջեւ բա­­­­նակ­­­­ցութիւննե­­­­րը եւ մարդկա­­­­յին անվտան­­­­գութեան նկա­­­­տառումնե­­­­րը հա­­­­ւասա­­­­րապէս հա­­­­շուի առ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւին պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նական բա­­­­նակ­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­յին գոր­­­­ծընթա­­­­ցին։

18.09.2022

Յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թեանը միանա­­­­լու հա­­­­մար ու­­­­ղարկէք ձեր ամ­­­­բողջա­­­­կան անու­­­­նը, եր­­­­կի­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գիտու­­­­թիւնը postsovietpeace@gmail.com էլ. հաս­­­­ցէին։

Ստո­­­­րագ­­­­րություններ. Ֆլո­­­­րա Ղա­­­­զարեան, Նազ­­­­րին Կա­­­­տիմո­­­­վա, Քա­­­­թիա Քո­­­­րապ­­­­լէ­­­­­­­­­­­­­­­վա, Լի­­­­լիթ Կիզհլա­­­­րեան, Մա­­­­րինա Տա­­­­նոյեան, Վա­­­­տիմ Ռո­­­­մաշով, Սե­­­­ւիլ Հու­­­­սէյնո­­­­վա, Տիանա Եայ­­­­լո­­­­­­­­­­­­­­­յեան, Մե­­­­թէ Ու­­­­լութաշ, Լէոն Աս­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­նով, Իվան Նի­­­­քոլովսքի, Տունժա Մի­­­­լեն­­­­քո­­­­­­­­­­­­­­­վիչ, Շի­­­­րին Թու­­­­մենպա­­­­յէվա, Լա­­­­լա Տար­­­­չի­­­­­­­­­­­­­­­նովա, Սե­­­­ւինչ Սա­­­­մատ­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­տէ, Սաատեթ Ապ­­­­տուլլա­­­­զատէ, Պուրճու Պե­­­­ճեր­­­­մեն, Ար­­­­փի ՊԵ­­­­քարեան, Ռուսթեմ Իս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­յիլլպայ­­­­լի, Զա­­­­քիր Պայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մով, Ռով­­­­շան Մամ­­­­մատլի, Նի­­­­քա Մու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­վի, Սա­­­­միր Աք­­­­հունզա­­­­տա, Սա­­­­միրա Ալաք­­­­պարլի, Թող­­­­րուլ Ապ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­սով, Հեր­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­նէ Վի­­­­րապեան, Լա­­­­ման Օրու­­­­չո­­­­­­­­­­­­­­­վա, Սա­­­­մատ Շիք­­­­հի, Նշան Կիւ­­­­րեհ, Արազ Շի­­­­րինով, Էմել Քուրմա, Ֆա­­­­րիտ Իս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­յիլով, Լի­­­­լիթ Տա­­­­տակեան, Ալի­­­­հէյ­­­­տար Ալիեւ, Ալի Մա­­­­լիքով, Էլ­­­­վին Ժա­­­­պիզա­­­­տեհ, Լոկհման Կա­­­­սիմով, Ֆի­­­­լիփ Կա­­­­մակ­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­լեան, Սեր­­­­կէյ Ռու­­­­մեան­­­­սեւ, Աթուֆ Կու­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­յեւ, Փո­­­­լատ Կու­­­­լուշով, Քե­­­­թի Քա­­­­փանա­­­­ցէ, Զա­­­­րինա Սա­­­­նաքոէվա, Ժոշ Նա­­­­տէաու, Զա­­­­միրա Ապ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­սովա, Էվա Գաբ­­­­րիէլեան, Թա­­­­մարա Աթա­­­­յեան, Կա­­­­րինէ Տէր Գաբ­­­­րիէլեան, Ռի­­­­թա Օհա­­­­նեան, Հու­­­­սիկ Խու­­­­լեան, Լէյ­­­­լի Կա­­­­ֆարով, Նա­­­­յիլա Տա­­­­տաշ, Կու­­­­նել Մով­­­­լուտ, Տա­­­­րին Մոր­­­­սել, Արծրուն Փի­­­­ջազեան, Էրիք Ռու­­­­պենզ, Ար­­­­նոլտ Ալե­­­­վար­­­­տեան, Անա­­­­հիտ Աս­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­նեան, Անի Փա­­­­յիթ­­­­ժան,Ակա­­­­բեկ Սի­­­­մոնեան, Ան­­­­նա Լէոն­­­­թէ­­­­­­­­­­­­­­­վա, Արազ Պակ­­­­հի­­­­­­­­­­­­­­­րով, Մի­­­­քայիլ Մա­­­­մետով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ