Դիւանագիտութիւն մօտ 300 կեանքի կորուստէն ետք

Ատրպէյ­ճա­նի յար­­ձա­­­կու­­մով մեկ­­նարկած եր­­կօ­­­րեայ սահ­­մա­­­նային բա­­խումնե­­րէ ետք Հա­­յաս­­տան կ՚այ­­ցե­­­լեն մի­­ջազ­­գա­­­յին դե­­րակա­­տար­­ներ։ Այս առու­­մով աղմկա­­յարոյց եղաւ ԱՄՆ Ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու Տան անու­­նով Նէն­­սի Փե­­լոսիի այ­­ցե­­­լու­­թիւնը։ Փե­­լոսի իր եռօ­­րեայ այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին ըն­­դունո­­ւեցաւ Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեանի կող­­մէ։ Այ­­ցե­­­լեց սահ­­մա­­­նամերձ շրջան­­նե­­­րը եւ տե­­ղեկա­­ցաւ հա­­սարակ ժո­­ղովուրդի ար­­ժա­­­նացած վնաս­­նե­­­րուն։ Ան նաեւ այ­­ցե­­­լեց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յու­­շա­­­համա­­լիր, յար­­գանքի տուրք մա­­տու­­ցե­­­լով մեծ եղեռ­­նին զո­­հուած 1,5 մի­­լիոն հա­­յերու յի­­շատա­­կին։

Նէն­­սի Փե­­լոսիի Հա­­յաս­­տան կա­­տարած այ­­ցե­­­լու­­թիւնը դժգո­­հու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռեց Ատրպէյ­­ճա­­­նի եւ Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րուն։ Միւս կող­­մէ Հա­­ւաքա­­կան Անվտան­­գութեան Պայ­­մա­­­նագ­­րի Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան (ՀԱՊԿ) ընդհա­­նուր քար­­տուղա­­րին գլխա­­ւորած առա­­քելու­­թիւնը եւս հա­­սաւ Հա­­յաս­­տան։

Ընդհա­­նուր քար­­տուղար Սթա­­նիս­­լաւ Զա­­սի ղե­­կավա­­րած պա­­տուի­­րակու­­թեան, մաս կը կազ­­մէին ՀԱՊԿ-ի ան­­դամ եր­­կիրնե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը։

Անոնք պաշ­­տօն ստանձնած էին ան­­դամ պե­­տու­­թիւննե­­րու ղե­­կավար­­նե­­­րուն հա­­մար տա­­րածաշրջա­­նի իրա­­վիճա­­կին մա­­սին ման­­րակրկիտ տե­­ղեկու­­թիւն փո­­խան­­ցել։

20-25 Սեպ­­տեմբեր տե­­ւելիք այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին նա­­խատե­­սուած են սահ­­մա­­­նամերձ շրջան­­նե­­­րու մէջ իրա­­վիճա­­կի ու­­սումնա­­սիրու­­թեան եւ դի­­տարկման աշ­­խա­­­տանքներ, ինչպէս նաեւ հան­­դի­­­պումներ Հա­­յաս­­տա­­­նի բարձրա­­գոյն քա­­ղաքա­­կան եւ ռազ­­մա­­­կան ղե­­կավա­­րու­­թեան հետ։

Յայտնենք, որ նա­­խորդ շաբ­­թո­­­ւան սկիզ­­բը սահ­­մա­­­նին ռազ­­մա­­­կան բուռն գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու սկսե­­լէն ետք պաշ­­տօ­­­նական Երե­­ւան դի­­մեց ՀԱՊ­­Կին, ՄԱ­­Կի Ապա­­հովու­­թեան խոր­­հուրդին եւ Ռու­­սիոյ: ՀԱՊԿն, որուն ան­­դամ է Հա­­յաս­­տա­­­նը, Երե­­ւանի աջակ­­ցութեան դի­­մու­­մին իբ­­րեւ պա­­տաս­­խան դի­­տարկման խումբ ու­­ղարկեց Հա­­յաս­­տան։ Խումբը դի­­տար­­կում կա­­տարեց Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի սահ­­մա­­­նի քա­­նի մը հա­­տուած­­նե­­­րու մէջ։

Հա­­յաս­­տա­­­նի Պաշտպա­­նու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թեան մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ խորհրդակ­­ցութիւն`նո­­ւիրո­­ւած Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ՀԱՊԿ-ի առա­­քելու­­թեան առա­­ջապահ խումբի աշ­­խա­­­տան­­քի ար­­դիւնքնե­­րուն։ Զօ­­րավար-գնդա­­պետ Անա­­թոլի Սի­­տորով, որ կը ղե­­կավա­­րէ առաջ­­նա­­­յին խումբը, Հա­­յաս­­տա­­­նի Պաշտպա­­նու­­թեան նա­­խարար Սու­­րէն Պա­­պիկեանին տե­­ղեկա­­ցուց Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի սահ­­մա­­­նի առան­­ձին հա­­տուած­­նե­­­րուն մէջ ստեղ­­ծո­­­ւած իրա­­վիճա­­կի վեր­­լուծու­­թեան ար­­դիւնքնե­­րուն, հիմ­­նա­­­կան եզ­­րա­­­կացու­­թիւննե­­րուն եւ հա­­մապա­­տաս­­խան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու առա­­ջարկնե­­րուն մա­­սին։

Պաշտպա­­նու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թեան մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած հան­­դի­­­պու­­մէն ետք ՀԱՊԿ-ի առա­­քելու­­թեան խումբը մեկ­­նե­­­ցաւ Մոս­­կո­­­ւա։

Պար­­տինք նաեւ նշել թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տին վրայ վի­­ճելի դար­­ձած է ՀԱՊԿ-ի ան­­դա­­­մակ­­ցութեան իմաստը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ