Հրաժեշի Եղիսաբեթ Թագուհիին

20Սեպտեմբերին կայացաւ Անգլիոյ գահի ամենաերկարամեայ սպասարկող Եղիսաբեթ Բ. թագուհիի թաղումը։ Թագուհին աւելի քան 70 տարիներու գա­հակե­լու­թե­նէն ետք հրա­ժեշտ առաւ այս աշ­խարհէն իր հետ տա­նելով Անգլիոյ կայ­սե­րապաշտ քա­ղաքա­կան աւան­դութե­նէն բխող բազ­մա­թիւ մեղ­քեր։ Որ­քան ալ պա­լատը ուղղա­կիօրէն պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն չ՚ու­նե­նայ երկրի մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան վրայ, խորհրդան­շա­կան առու­մով երկրի բա­նակին եւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րուն բա­զում յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը վե­րագ­րուեցան Եղի­սաբեթ Բ. թա­գու­հիին։

Թաղ­ման արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րէն շուրջ 2000 հրա­ւիրեալ­ներ։ Անոնք ընդհան­րա­պէս հա­մակեր­պե­ցան թաղ­ման կազ­մա­կերպնչ յանձնա­խումբի պա­հանջնե­րուն եւ փո­խանակ յա­տուկ թռիչքնե­րու եւ անձնա­կան ինքնա­թիռ­նե­րու, Լոն­տոն ժա­մանե­ցին քա­ղաքա­ցիական թռիչքնե­րով։

Թաղ­ման արա­րողու­թեան ըն­թացքին Թուրքիան ներ­կա­յացուց Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Մեւ­լիւթ Չա­ւու­շօղլուն։

Պատ­րիարք Հօր ցա­ւակ­ցա­կան այ­ցե­լու­թիւնը Անգլիական
Հիւ­պա­տոսա­րան

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 14 Սեպ­­տեմբեր 2022, Չո­­րեք­­շաբթի, ժա­­մը 15.00-ին, նա­­խապէս առ­­նո­­­ւած ժա­­մադ­­րութեամբ այ­­ցե­­­լեց Անգլիական Հիւ­­պա­­­տոսա­­րան, Անգլիոյ Թա­­գու­­հի Եղիսա­­բեթ Բ.-ի մա­­հուան առի­­թով։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տին կ՚ըն­­կե­­­րանար Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեան։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը, այս առի­­թով ստորագ­­րեց հիւ­­պա­­­տոսա­­րանի ցա­­ւակ­­ցա­­­կան տո­­մարը եւ յա­­նուն Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ եւ Հայ հա­­մայնքին ցա­­ւակ­­ցութիւն յայտնեց։ Պատ­­րիարք Հայ­­րը այս առ­­թիւ հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցաւ նաեւ Հիւ­­պա­­­տոսի Տե­­ղակալ Քէյթ Կրի­­նիին հետ եւ բա­­նիւ բե­­րանոյ կրկին ան­­գամ յայտնեց իր ցա­­ւակ­­ցութիւնները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ