Ուշմիջնադարեան երեւոյթներ Իրանի մէջ

Իրանի Իս­լամ Հան­րա­պետու­թիւնը կը դժո­ւարա­նայ երկրէ ներս կա­նանց ծա­ւալող բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը զսպե­լու։ «Բա­րոյա­կանու­թեան Պա­հակ­ներ» կո­չեալ ոս­տի­կանա­կան միաւո­րու­մը նա­խորդ շաբ­թու մէջ դա­ժան ծե­ծի են­թարկած էր 22 ամեայ երի­տասար­դուհի Մահ­սա Ամի­նին, լա­չակը պատ­շաճ ձե­ւով կա­պած չըլ­լա­լուն հա­մար։ Ամի­նին գլխուն ստա­ցած հա­րուած­նե­րու հե­տեւան­քով հի­ւան­դա­նոցի մէջ մա­հանա­լէն ետք բո­ղոքի հա­մատա­րած ցոյ­ցե­րը ծա­ւալե­ցան երկրի զա­նազան քա­ղաք­նե­րուն։ Ցու­ցա­րար­ներ այս վեր­ջին պա­տահա­րէն ետք հա­լածե­ցին կրօ­նամէտ վար­չութիւ­նը եւ ցոյ­ցե­րը ինքնա­բերաբար ուղղո­ւեցան տի­րող իս­լա­մական վար­չա­կար­գին դէմ։

Զա­նազան կա­նայք տե­սանիւ­թեր հրա­պարա­կելով կտրե­ցին իրենց մա­զերը ըսե­լով թէ «մազ չկայ, մեղք չկայ»։ Իս­կա­պէս ալ ան­տա­նելի դար­ձած երե­ւոյթ մըն է բա­րոյա­կան բո­լոր սկզբունքնե­րը կի­ներու հա­գուստին վե­րագ­րե­լու յի­մարու­թիւնը։

Անցնող չորս օրե­րու ըն­թացքին բո­ղոքի ցոյ­ցե­րուն դէմ ոս­տի­կանա­կան բռնու­թեան հե­տեւան­քով մա­հացող­նե­րու թի­ւը հա­սած է հին­գի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ