Հրանդ Տինք մրցանակի թափնեկիրներ Թուրքիայէն «Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկ», Աֆղանստանէն Շահարզատ Աքպար

Հրանդ Տինք մրցա­­նակի տո­­ւու­­չութիւ­­նը 15 Սեպ­­տեմբե­­րի երե­­կոյան կա­­յացաւ առ­­ցանց հան­­դի­­­սու­­թեամբ։ Այս տա­­րի պար­­գե­­­ւատ­­րո­­­ւեցան Թուրքիայէն «Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Հիմ­­նարկ»ը, որ մեծ աւանդ ու­­նի տան­­ջանքէ, վատ վե­­րաբեր­­մունքէ զերծ, խա­­ղաղ աշ­­խարհ մը կա­­ռու­­ցե­­­լու, ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան զար­­գացմա­­ն եւ մար­­դու ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թեան պահ­­պանման ոլոր­­տի մէջ։ 2022-ի երկրորդ թափ­­նե­­­կիրն է Աֆ­­ղան գոր­­ծիչ Շա­­հար­­զատ Աք­­պար, որ կ՚աշ­­խա­­­տի թա­­լիպ­­նե­­­րու ծանր ճնշումնե­­րով ու­­սա­­­նելու, ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու, կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելու եւ ճամ­­բորդե­­լու իրա­­ւունքնե­­րէն զրկո­­ւած կա­­նանց ձայ­­նը լսե­­լի դարձնե­­լու, այս մա­­սին կա­­նանց մի­­ջեւ հա­­մաշ­­խա­­­րային զօ­­րակ­­ցութիւն կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու հա­­մար։

«23,5 Հրանդ Տինք Յի­­շողու­­թեան Վայր»էն կա­­տարո­­ւած մի­­ջոցառ­­ման հա­­ղոր­­դա­­­վար­­ներն էին թրքե­­րէնով Իփէք Պիլ­­կին եւ անգլե­­րէնով Թուղրուլ Թիւ­­լէք։ Մրցա­­նակի յան­­ձա­­­խումբի նա­­խագահ Ահ­­մետ Ին­­սէ­­­լի ող­­ջոյնի խօս­­քէն ետք, Հա­­րաւ Ափ­­րի­­­կեան Հան­­րա­­­պետու­­թե­­­նէն դա­­տաւոր եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Ալ­­պի Սաշ կա­­տարեց հան­­դէ­­­սի բաց­­ման ճա­­ռը։ Սաշ իր ելոյ­­թով ընդգծեց յոյ­­սի եւ զօ­­րակ­­ցութեան կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ «Նման մրցա­­նակա­­բաշ­­խութիւննե­­րը լոկ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեան հա­­մար բա­­ներ մը ընող­­նե­­­րը պար­­գե­­­ւատ­­րե­­­լէ աւե­­լի, ամե­­նախոր խա­­ւարին մէջ պլպլա­­ցող ջա­­հը վառ պա­­հելու հա­­մար է» ըսաւ Ալ­­պի Սաշ։

Նա­­խորդ մրցա­­նակա­­բաշ­­խութեան հան­­դէսնե­­րէն ծա­­նօթ է մի­­ջոցառ­­ման «Լոյ­­սեր» անուն հա­­տուա­­ծը։ Այս տա­­րի ալ այդ բաժ­­նի մէջ ծա­­նօթա­­ցանք Թուրքիոյ տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րէն եւ աշ­­խարհի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րէն մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու, սե­­ռային խտրա­­կանու­­թեան, բնու­­թեան կե­­ղեք­­ման դէմ պայ­­քա­­­րող­­նե­­­րու յոյս ներշնչող դի­­մադ­­րութեան դրո­­ւագ­­նե­­­րուն։ Այդ վկա­­յու­­թիւննե­­րը քա­­ղուած էին Մեք­­սի­­­կայէն Աֆ­­ղանստան,ԱՄՆ-էն Լե­­հաս­­տան, Ռու­­սիայէն Պրա­­զիլ երկրա­­գունդի տար­­բեր հա­­տուած­­նե­­­րը։

Առ­­ցանց մի­­ջոցառ­­ման երաժշտա­­կան կա­­տարումնե­­րը ձե­­ւաւո­­րուած էին անուանի երա­­ժիշտ Ար­­թօ Թունչպո­­յաճեանի թե­­լադ­­րանքնե­­րուն հի­­ման վրայ։ Այսպէս երե­­կոյ­­թի առա­­ջին կա­­տարումն եղաւ Մե­­լիքէ Շա­­հինի մեկ­­նա­­­բանու­­թեամբ «Ատա­­նայի Ող­­բը»։ Ապա լսե­­ցինք «Պա­­րապար» խումբի մա­­տու­­ցած ժո­­ղովրդա­­կան եր­­գեր, Կա­­յէ Սու Ագ­­յո­­­լի իւ­­րա­­­յատուկ եր­­գե­­­րը, եւ Հա­­յաս­­տա­­­նէն թաւ­­ջութա­­կահար Արտյոմ Մա­­նու­­կեանի, «Նիւ Կրէյ» եւ «Հայ Վայ­­լըն» քա­­ռեակի կա­­տարումնե­­րը։

2022-ի դա­­տակազ­­մը

Մրցա­­նակի այս տա­­րուայ դա­­տակազ­­միմն մէջ պաշ­­տօն ստանձնած են 2021-ի դափ­­նե­­­կիր­­ներ կնոջ իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան եւ փաս­­տա­­­բան Ճա­­նան Արըն ու լրագ­­րող Մա­­րիա Ռես­­սա, լու­­սանկա­­րիչ, գրող եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Շա­­հիտուլ Ալամ, կնոջ իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Իշ­­տար Լա­­խանի, գրող եւ փաս­­տա­­­բան Պուրհան Սէօն­­մեզ, իրա­­ւաբան եւ ակա­­դէմա­­կան Թուրկուտ Թար­­հանլը, մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան եւ ակա­­դէմա­­կան Նիլ­­կիւն Թո­­քեր, լրագ­­րող, ար­­տադրիչ եւ սցե­­նարի հե­­ղինակ Նու­­նէ Սար­­գի­­­սեան, թատ­­րո­­­նի եւ շար­­ժանկա­­րի դե­­րասան Սեր­­րա Եըլ­­մազ, Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի նա­­խագահ Ռա­­քել Տինք։

Մի­­ջազ­­գա­­­յին Հրանդ Տինք Մրցա­­նակի նա­­խորդ տա­­րինե­­րու դափ­­նե­­­կիր­­ներն էին 2021-ին Թուրքիայէն Ճա­­նան Արըն եւ Փի­­լիպեան Կղզի­­ներէն Մա­­րիա Ռես­­սա։ 2020-ին Թուրքիայէն Օս­­ման Քա­­ւալա եւ Եգիպ­­տո­­­սէն Մոզն Հա­­սան։ 2019-ին Թուրքիայէն Նե­­պահաթ Աք­­քոջ եւ Ակ­­նես Քարշլինկ։ 2018-ին Թուրքիայէն Մու­­րատ Չե­­լիք­­քան եւ Եէմէ­­նի մէջ «Մո­­ւաթա­­նայ Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Միու­­թիւն»ը։ 2017-ին Թուրքիայէն Էրէն Քես­­կին եւ Չի­­նացի Աի Ուայ Ուայ։ 2016-ին Մա­­լաւի, մա­­նուկնե­­րու իրա­­ւունքնե­­րուն հա­­մար պայ­­քա­­­րող աւա­­տապետ Թե­­րեզա Քա­­չին­­տա­­­մոթօ եւ Թուրքիայէն «Ամի­­տայի Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Կա­­ճառ»ը։ 2015-ին Սաու­­տի Արա­­պիայէն Սա­­մար Պա­­տավի եւ Թուրքիայէն «Քաոս ԿԼ»։ 2014-ին Թուրքիայէն Շեպ­­նեմ Քո­­րուր Ֆին­­ճանճը եւ Էն­­ճի Զել­­թեր։ 2013-ին Նա­­թաշա Քան­­տիչ եւ Թուրքիայէն «Շա­­բաթ­­նօ­­­րեայ Մայ­­րեր»ը։ 2012-ին Թուրքիայէն Իս­­մաիլ Պե­­շիք­­չի եւ «Մի­­ջազ­­գա­­­յին Մե­­մորիըլ Միու­­թիւն»ը։ 2011-ին Թուրքիայէն վի­­պագիր Ահ­­մետ Ալ­­թան եւ Լիտ­­յա Քա­­չօ։ 2010-ին Թուրքիայէն պար­­տա­­­դիր զին­­ծա­­­ռայու­­թիւնը մեր­­ժող «Խղճով Մեր­­ժում» հար­­թա­­­կը եւ Սպա­­նիայէն Պաղ­­տա­­­սար Կար­­զոն։ 2009-ին Թուրքիայէն Ալ­­փեր Կէօր­­միւշ եւ Ամի­­րա Հասս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ