Պետականի դէմ մարդկայինը

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Իբրեւ Պոլ­­սա­­­հայ մեր առօ­­րեայ օրա­­կար­­­գին վրայ ամե­­­նաշատ քննար­­­կո­­­­­­­ւած նիւ­­­թերն են Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ Թուրքիոյ ըն­­­կե­­­­­­­րաքա­­­ղաքա­­­կան, տնտե­­­սական, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին եւ այլ խնդիրները։ Սա­­­կայն երբ կը փոր­­­ձենք քիչ մը աւե­­­լի ընդհան­­­րա­­­­­­­կան հա­­­յեաց­­­քով դի­­­տել շուրջբո­­­լորը, կը տես­­­նենք թէ մեզ յու­­­զող խնդիր­­­նե­­­­­­­րու կա­­­րեւոր մէկ մա­­­սը ոչ թէ ազ­­­գա­­­­­­­յին, այլ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին բնոյթ ու­­­նին։

Մեծ զար­­­մանքով դի­­­տած էինք Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան օրո­­­ւայ առ­­­թիւ 21 Սեպ­­­տեմբե­­­րին վար­­­չա­­­­­­­պետ Փա­­­շինեանին Եռաբ­­­լուր այ­­­ցը գրգռե­­­լու հա­­­մար պատ­­­րաստո­­­ւած դա­­­ւադ­­­րութիւ­­­նը։ Ընդդի­­­մադիր շրջա­­­նակ­­­ներ փոր­­­ձած էին շա­­­հագոր­­­ծել նա­­­հատա­­­կուած զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու մայ­­­րե­­­­­­­րը իրենց հետզհե­­­տէ նող­­­կա­­­­­­­լի դար­­­ձած քա­­­ղաքա­­­կան քա­­­րոզ­­­չութեան հա­­­մար։

Հե­­­տաքրքրա­­­կան է որ, նոյն երե­­­ւոյ­­­թին յա­­­ճախ կը հան­­­դի­­­­­­­պինք Թուրքիոյ մէջ։ Այստեղ ալ յատ­­­կա­­­­­­­պէս ազ­­­գայնա­­­կան շրջա­­­նակ­­­ներ անխնայ կը շա­­­հագոր­­­ծեն որ­­­դե­­­­­­­կորոյստ մայ­­­րե­­­­­­­րու վիշ­­­տը անոնց զայ­­­րոյթը ուղղե­­­լով իրենց քա­­­ղաքա­­­կան հա­­­կառա­­­կորդնե­­­րուն։

Ցա­­­ւալի է տես­­­նել թէ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ եւ Թուրքիա ազ­­­գայնա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը կ՚օգ­­­տո­­­­­­­ւին նոյն եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէ։ Բայց կար­­­ծես թէ այդքա­­­նով սահ­­­մա­­­­­­­նուած չէ, այս օրե­­­րուս ըկը խօ­­­սինք Իտալ­­­իոյ Խորհրդա­­­րանի ընտրու­­­թիւննե­­­րու մա­­­սին։ Հոն ալ ընտրու­­­թիւննե­­­րէն յաղ­­­թա­­­­­­­նակով դուրս եկող Իտա­­­լիոյ Եղ­­­բայրնե­­­րը Կու­­­սակցու­­­թիւնը իր բո­­­լոր քա­­­րոզ­­­չութիւ­­­նը հիւ­­­սած էր գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը հա­­­լածե­­­լու վրայ։ Այս նիւ­­­թը վեր­­­ջերս եւս հե­­­տաքրքրա­­­կան երե­­­ւոյթ մը ստա­­­ցաւ, երբ Եւոր­­­պա­­­­­­­յի ազ­­­գա­­­­­­­յնա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը գրկա­­­բաց կը դի­­­մաւո­­­րէին Ուկրաինա­­­յէն եկած փախստա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը։

Նոյ­­­նիսկ հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցան ըսե­­­լու թէ «Այս եկող­­­նե­­­­­­­րը մեզ նման շի­­­կահեր են եւ սպի­­­տակա­­­մորթ»։ Այսպէ­­­սով բա­­­ցայայ­­­տօ­­­­­­­րէն պար­­­զած եղան իրենց ցե­­­ղապաշտ մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մը։

Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան փո­­­փոխու­­­թիւնը իր հետ բե­­­րած է նաեւ բա­­­րոյա­­­կան ար­­­ժէքնե­­­րու մեծ ան­­­կում մը։ Այ­­­լեւս անձնա­­­կան, ան­­­հա­­­­­­­տական շա­­­տերը գե­­­րազան­­­ցած են բո­­­լոր սրբու­­­թիւննե­­­րը եւ եկած է այն պա­­­հը, ուր մար­­­դիկ մխրճուած են միայն ու միայն իրենց շա­­­հերը հե­­­տապնդե­­­լու։

Թե­­­րեւս այս ծի­­­րէն ներս պէտք է դի­­­տել Հայաստա­­­նի սահ­­­մա­­­­­­­նէն Թուրքիոյ յանձնուած եր­­­կու քիւրտ գոր­­­ծիչնե­­­րու խնդի­­­րը։ Անոնք բեր­­­ման են­­­թարկո­­­ւած էին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի սահ­­­մա­­­­­­­նը ապօ­­­րէն կեր­­­պով հա­­­տելու մե­­­ղադ­­­րանքով։ Բայց ո՞ւր տես­­­նո­­­­­­­ւած է որ փախստա­­­կան կո­­­չուա­­­ծը օրի­­­նաւոր կեր­­­պով անցնի այս կամ այն երկրի սահ­­­մա­­­­­­­նէն։ Ան որ ապ­­­րած երկրին մէջ օրէնքնե­­­րու հետ խնդիր ու­­­նի, բնա­­­կանա­­­բար ապօ­­­րէն եղա­­­նակով պի­­­տի ել­­­լէ իր երկրէն եւ ապաս­­­տան պի­­­տի ու­­­զէ գա­­­ցած տե­­­ղը։ Սա ամե­­­նահիմ­­­նա­­­­­­­կան մար­­­դու իրա­­­­­­­ւունքն է, որը ու­­­նի եր­­­կու պա­­­տաս­­­խան. Ապաստա­­­նած երկրի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը կը քննար­­­կեն փախստա­­­կանի պայ­­­մաննե­­­րը եւ եթէ իրա­­­ւացի կը թո­­­ւի կ՚ըն­­­դունին անոր ապաս­­­տա­­­­­­­նիլը։

Միւս կող­­­մէ կայ նաեւ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու մի­­­ջեւ յան­­­ցա­­­­­­­գործնե­­­րը փո­­­խանա­­­կելու կա­­­նոն մը։ Այս առու­­­մով փո­­­խադարձ պայ­­­մա­­­­­­­նագիր ստո­­­րագ­­­րած եր­­­կիրներ յան­­­ցա­­­­­­­գործնե­­­րու փա­­­խուստը կան­­­խե­­­­­­­լու հա­­­մար կը գոր­­­ծակցին իրա­­­րու հետ։ Այստեղ կայ նոր խո­­­չըն­­­դոտ մը՝ յան­­­ցանքի եւ յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութեան ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մի նմա­­­նու­­­թիւնը անհրա­­­ժեշտ է։ Իսկ բո­­­լորս գի­­­տենք թէ Թուրքիա բո­­­լոր ընդդի­­­մադիր­­­նե­­­­­­­րը դիւ­­­րաւ ահա­­­բեկիչ հռչա­­­կելու ու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւն ու­­­նի։

Այս պայ­­­մաննե­­­րու մէջ ապաս­­­տա­­­­­­­նած երկրի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու են նաեւ ապաս­­­տա­­­­­­­նիլ ու­­­զո­­­­­­­ղի կեան­­­քի անվտան­­­գութեան նիւ­­­թով։ Այդ մա­­­սին դոյզն իսկ կաս­­­կա­­­­­­­ծի առ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեան պա­­­րագա­­­յին կ՚ըն­­­դունո­­­ւի ապաս­­­տա­­­­­­­նիլ ու­­­զո­­­­­­­ղին դի­­­մու­­­մը։ Հա­­­յաս­­­տան ցարդ մե­­­զի ան­­­ծա­­­­­­­նօթ պատ­­­ճառնե­­­րով ոտ­­­նա­­­­­­­կոխած է այս սկզբունքը եւ փախստա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը հեշ­­­տութեամբ յանձնած է Թուրքիոյ ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թեան։ Եթէ որո­­­շու­­­մը կա­­­յացած է ճիշդ ալ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու բնա­­­կանո­­­նաց­­­ման թափ ստա­­­ցած այս օրե­­­րուն Թուրքիոյ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րուն հա­­­ճելի թո­­­ւելու մի­­­տու­­­մով պար­­­տինք նշել թէ կա­­­տարո­­­ւածը մեծ միամ­­­տութիւն մըն է։ Ընդհա­­­կառա­­­կը նման երե­­­ւոյթնե­­­րու մէջ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րու հնա­­­զան­­­դի­­­­­­­լը շատ աւե­­­լի պա­­­տուա­­­բեր պի­­­տի ըլ­­­լար Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­շուոյն։ Առա­­­ջին ան­­­գամ չէ որ Թուրքիա նման նիւ­­­թով մը գլխա­­­ցաւ կ՚ապ­­­րի։ Ան­­­ցեալին ալ շատ աւե­­­լի ծանր մե­­­ղադ­­­րանքնե­­­րով ամ­­­բաստա­­­նուած մար­­­դիկ երկրէ փա­­­խուստ տո­­­ւած էին եւ անոնք հիւ­­­րընկա­­­լող եր­­­կիրներն ալ վճռա­­­կամու­­­թեամբ մեր­­­ժած էին Թուրքիոյ դի­­­մումնե­­­րը։

Քա­­­նի կը խո­­­րանանք այս նիւ­­­թին կը վեր­­­յի­­­­­­­շեն ան­­­ցեալի երե­­­ւոյթներ։ 1970-ական տա­­­րեթի­­­ւերուն, Իրա­­­նի Պահ­­­լա­­­­­­­ւեան թա­­­գաւո­­­րու­­­թեան շրջա­­­նին Թուրքիոյ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րուն մէջ կ՚ու­­­սա­­­­­­­նէին բազ­­­մա­­­­­­­թիւ իրան­­­ցի ու­­­սա­­­­­­­նող­­­ներ։ Անոնց մէջ կար նաեւ ընդդի­­­մադիր­­­ներ, որոնք կը քննա­­­դատէին Ռը­­­զա Թա­­­գաւո­­­րի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն Իրա­­­նի Լրա­­­քաղու­­­թեան Ծա­­­ռայու­­­թիւնը կը հե­­­տապնդէր այդ երի­­­տասար­­­դութիւ­­­նը, որոնց մա­­­սին տե­­­ղեկա­­­գիր կը փո­­­խան­­­ցէր Թուրքիոյ գաղտնի գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թիւննե­­­րուն, որ­­­պէսզի այս վեր­­­ջիններս իրեն յանձնեն այդ երի­­­տասարդնե­­­րը։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն յա­­­ճախ կը լսո­­­ւէր թէ այս կամ այն իրան­­­ցին վե­­­րադար­­­ձո­­­­­­­ւած է Իրան եւ Իրա­­­նի Անվտան­­­գութեան Ծա­­­ռայու­­­թեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րուն կող­­­մէ իս­­­կոյն գնդա­­­կահա­­­րուած է սահ­­­մա­­­­­­­նին վրայ։

Պի­­­տի կար­­­ծէինք թէ այս բո­­­լորը ան­­­ցեալին վե­­­րաբե­­­րող տխուր յի­­­շատակ­­­ներ ըլ­­­լա­­­­­­­յին։ Ափ­­­սոս որ այդպէս չէ եւ չա­­­րիքը չէ հրա­­­ժարած իր հին սո­­­վորու­­­թիւննե­­­րէն։ Եթէ նժա­­­րին մէկ կող­­­մը պե­­­տու­­­թիւն եւ միւս կող­­­մը մար­­­դու կեանքն է դրո­­­ւած, մենք միշտ պի­­­տի պաշտպա­­­նենք մարդկա­յինը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ