Ռուսիայէն Հայաստան Հայերու Մեծ Հոսք Կայ

Այս օրե­րուն, Ռու­­սիոյ հա­­յերու մեծ հոսք կայ դէ­­պի Հա­­յաս­­տան. անոնք խորհրդա­­տուու­­թիւն ստա­­նալու կա­­րիք ու­­նին։ Այս մա­­սին «Լրա­­գիր»ի հետ ու­­նե­­­ցած զրոյ­­ցին ըն­­թացքին յայտնեց «Հայ­­կա­­­կան Կա­­րիտաս» հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութեան գաղ­­թա­­­կանու­­թեան ծրա­­գիր­­նե­­­րու փոր­­ձա­­­գէտ Տա­­թեւիկ Բե­­ժանեան՝ նշե­­լով, որ իրեն կը դի­­մեն զա­­նազան հար­­ցե­­­րով։

«Առա­­ջինը հարցնում են, որ եթէ գան, կա­­րո՞ղ են սահ­­մա­­­նը հա­­տել։ Ան­­կեղծ ասած, մին­­չեւ այ­­սօր կար­­ծես թէ խնդիր չկար, բայց այ­­սօր իմա­­ցանք, որ ար­­դէն Վրաս­­տա­­­նով սահ­­մա­­­նը փակ է։ Յա­­ջորդ հար­­ցը, որ բարձրաց­­նում են մեր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րը, այն է, թէ ինչպէ՛ս կա­­րող են Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն ստա­­նալ։ Այ­­սինքն՝ ցան­­կա­­­նում են երկքա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն ու­­նե­­­նալ, այդ դէպ­­քում իրենք հնա­­րաւո­­րու­­թիւն են ու­­նե­­­նում ՀՀ քա­­ղաքա­­ցու անձնագ­­րով հա­­տել սահ­­մա­­­նը։ Եթէ սահ­­մա­­­նապահ­­նե­­­րը բա­­զանե­­րի (տո­­ւեալ­­նե­­­րու) հա­­մադ­­րում չա­­նեն, տո­­ւեալ­­նե­­­րը թար­­մա­­­ցուած չլի­­նեն, մեր հայ­­րե­­­նակից­­ներն աւե­­լի հեշտ կը կա­­րողա­­նան հայ­­կա­­­կան անձնագ­­րով դուրս գալ Ռու­­սաստա­­նից։ Այս հար­­ցը ամե­­նաշա­­տը յու­­զում է զի­­նապար­­տութեան տա­­րիքի երի­­տասարդնե­­րին։ Հարցնում են նաեւ ժամ­­կէտնե­­րի մա­­սին, եթէ դի­­մեն՝ ինչքա՞ն ժա­­մանա­­կում կը ստա­­նան քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն, ար­­դեօք դրա հա­­մար պէտք է գալ Հա­­յաս­­տան, թէ՞ ոչ։ Ես այդ խորհրդա­­տուու­­թիւնը տրա­­մադ­­րում եմ իրենց, անհրա­­ժեշտ փաս­­տաթղթե­­րի ցանկն եմ տրա­­մադ­­րում իրենց, այդ տե­­ղեկու­­թիւնը կա­­րող են նաեւ Ռու­­սաստա­­նում Հա­­յաս­­տա­­­նի դես­­պա­­­նատան մի­­ջոցով ստա­­նալ», յայտնեց Բե­­ժանեան։

Ըստ անոր՝ Ռու­­սիոյ հետ բո­­լոր եր­­կիրնե­­րու սահ­­մաննե­­րուն ալ այս օրե­­րուն մեծ թի­­ւով մար­­դոց խճո­­ղում կան։ Օդա­­կայան­­նե­­­րուն մէջ եւս խճո­­ղում կայ. Ռու­­սիայէն բո­­լոր ուղղու­­թիւննե­­րով օդա­­նաւա­­յին տոմ­­սե­­­րուն գի­­ները մե­­ծապէս աւել­­ցած են։

(Աս­­պա­­­րէզ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ