Հայ Կաթողիկէ համայնքի ընտրութիւնները 18 Դեկտեմբերին

Հայ Կա­թողի­կէ հա­մայնքը ճշդած է հա­մայնքա­յին հաս­տա­տաու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րու ընտրու­թեան թո­ւակա­նը։ 26 Սեպ­տեմբեր եր­կուշաբ­թի օր Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բերան եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­յացած ժո­ղովով Գե­րապայ­ծառ Լե­ւոն Զէ­քիեան յայ­տա­րարեց ընտրու­թեան թո­ւակա­նը։ Այսպէս 18 Դեկ­տեմբեր կի­րակի օր հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի ան­դամնե­րը ընտրու­թիւնով պի­տի ձե­ւաւո­րեն Փան­կալթըի Մխի­թարեան, Օր­թա­գիւ­ղի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ, Սա­մաթիոյ Անա­րատ Յղու­թիւն, Գա­րագիւ­ղի Սուրբ Փրկիչ, Պէ­յօղ­լու Սա­քըլա­ղաճի Հայ Կա­թողի­կէ Սուրբ Ղա­զար (Պո­մոն­թի Մխի­թարեան) եւ Պէ­յօղ­լո­ւի Անա­րատ Յղու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րը։

Ժո­ղովին ներ­կայ գտնո­ւեցան Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան՞ Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆը­րադեան եւ Մի­քայէլ Վրդ. Ու­չար։

Սուրբ Յա­կոբ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ընտրու­թիւնը յե­տաձ­գո­ւած է յա­ջորդ տա­րուան։

Ու­շագրաւ է որ սոյն խորհրդակ­ցա­կան ժո­ղովին ներ­կայ չէր գտնո­ւած Փան­կալթըի Մխի­թարեան Վար­ժա­րանի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ