Կարօ Փայլանի ահազանգը

Պատգամաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նի Վա­նի եւ շրջա­կայ քա­ղաք­նե­րու մէջ ան­տե­սուած հայ­կա­կան ճար­տա­րապե­տական կո­թող­նե­րու մա­սին ահա­­զանգ հնչեց­­նող յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն անդրադարձած էինք մեր նա­­խորդ հա­­մար­­նե­­­րով։ Այս ան­­գամ Կա­­րօ Փայ­­լան Մշա­­կոյ­­թի Նա­­խարա­­րու­­թիւնը կը զգու­­շացնէ պատ­­մա­­­կան Ամի­­տա քա­­ղաքի մէջ կան­­գուն մնա­­ցած վեր­­ջին հրէից տա­­ճարի մասին։

Ամի­­տայի Ջեր­­միկ գա­­ւառին մէջ գտնուող տա­­ճարը կա­­ռու­­ցո­­­ւած է ԺԵ. դա­­րուն եւ կը ցո­­լաց­­նէ տա­­րած­­քաշրջա­­նի ճար­­տա­­­րապե­­տական իւ­­րա­­­յատուկ ոճը։

Փայ­­լա­­­նի վկա­­յու­­թիւննե­­րով տա­­ճարը իբ­­րեւ աղօ­­թատե­­ղի եւ սրբա­­վայր գո­­րածուած է մին­­չեւ 1960 թո­­ւական։ Անոր փայ­­տա­­­շէն տա­­նիքը կքե­­լու վրայ է եւ շտապ մի­­ջամ­­տութեան կը կա­­րօտի։ Թէեւ 2002 թո­­ւակա­­նին աղօ­­թատե­­ղին իբ­­րեւ մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­ժէք գրան­­ցո­­­ւած է Տի­­յար­­պա­­­քըր Մշա­­կու­­թա­­­յին ու Բնա­­կան Ար­­ժէքնե­­րու Պահ­­պանման Խոր­­հուրդի Տնօ­­րէնու­­թեան ցան­­կին։ Սա­­կայն անցնող 20 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին վե­­րանո­­րոգ­­ման հա­­մար աշ­­խա­­­տու­­թիւն մը չէ կա­­տարո­­ւած։

Փայ­­լան Մշա­­կոյ­­թի Նա­­խարա­­րու­­թեան ուղղեալ կո­­չին մէջ ըսած է հե­­տեւեալը. «Այս տա­­ճարը Մի­­ջագետ­­քի հրեանե­­րէն մնա­­ցած վեր­­ջին սրբա­­վայ­­րե­­­րէն է։ Այս պա­­հուս դէմ առ դէմ կը գտնո­­ւի փլուզման սպառ­­նա­­­լիքով։ Պատ­­մա­­­կան վկա­­յու­­թեան ար­­ժէք ու­­նե­­­ցող այս կա­­ռոյ­­ցը վե­­րակեր­­տե­­­լու հա­­մար շարժման ան­ցէք։»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ