Հիմնուեցաւ Աշխատանքի եւ Ազատութեան Դաշինքը

Թուրքիա յա­ռաջի­կայ տա­րուայ Յու­նիս ամ­սուն կա­յանա­լիք ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ կ՚ապ­րի բա­ւակա­նին աղմկա­յարոյց օրեր։

Քա­ղաքա­կան վեր­լուծա­բան­ներ ճա­կատագ­րա­յին կը հա­մարեն այս ընտրու­թիւննե­րը եւ կ՚ըսեն թէ եթէ իշ­խա­նափո­խու­թիւն մը չար­ձա­նագ­րո­ւի խիստ հա­ւանա­կան է թէ այս ընտրու­թիւնը ըլ­լայ խորհրդա­րանա­կան վեր­ջին ընտրու­թիւն։ Եթէ այս հանգրո­ւանին նա­խագահ Էր­տո­ղան յա­ջողի կրկին ան­գամ հա­մախմբել իր ընտրող­նե­րը, մե­նատի­րական հա­մակար­գը իր ամ­բողջ ամ­րութեամբ պի­տի հաս­տա­տուի, որուն պի­տի յա­ջոր­դէ երկրին կրօ­նական պե­տու­թեան մը վե­րածո­ւելու գոր­ծընթա­ցը։

Սա­կայն լի­րայի ար­ժեզրկու­մը եւ յա­րատեւ սղա­ճը կը սպառ­նան այդ զօ­րակ­ցութեան։ Ար­դա­րեւ Նա­խագահ Էր­տո­ղան վեր­ջերս նա­խընտրած էր դա­շինք կնքե­լու ծայ­րա­յեղ ազ­գայնա­կան­նե­րու հետ։ Փո­խադար­ձա­բար ընդդի­մադիր վեց կու­սակցու­թիւններն ալ հա­մախմբո­ւեցան երկրորդ դա­շին­քի մը մէջ։

Իսկ նա­խորդ շա­բաթ հա­մայ­նա­վար շրջա­նակ­ներ յայ­տա­րարե­ցին եր­րորդ դա­շինք մը, որուն մղիչ ուժն է Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը։ Այս դա­շին­քին միացած են Աշ­խա­տան­քի Կու­սակցու­թիւնը (ԷՄԵՓ), Աշ­խա­տող Ժո­ղովուրդին Կու­սակցու­թիւնը (ԷՀՓ), Թուրքիոյ Բա­նուո­րա­կան Կու­սակցու­թիւնը (ԹԻՓ), Հա­մայ­նա­վար Խոր­հուրդնե­րու Դաշ­նակցու­թիւնը (ՍՄՖ) եւ Հա­սարա­կական Ազա­տու­թեան Կու­սակցու­թիւնը (ԹԷօՓ) նա­խորդ շա­բաթ օր Ոս­կեղջիւ­րի հա­մագու­մարնե­րու կեդ­րո­նին մէջ յայ­տա­րարեց իր կազ­մութիւ­նը։ Նոր դա­շին­քը կո­չուած է Աշ­խա­տան­քի եւ Ազա­տու­թեան Դա­շինք անո­ւանու­մով։

Ի տար­բե­րու­թիւն ընդդի­մադիր­նե­րու վե­ցեակ սե­ղանէն, այս վեր­ջի­նը գա­ղափա­րախօ­սական ամ­բողջու­թիւն մը կը ներ­կա­յաց­նէ։ Այդ առու­մով անոնք կը ներ­կա­յանան որ­պէս Թուրքիոյ ձա­խակող­մեան շար­ժումի միաս­նա­կան ու­ժը։

Այս վեր­ջին զար­գացմո­ւէն ետք քա­ղաքա­կան վեր­լուծա­բան­նե­րը սկսած են խօ­սիլ դաշ­նակցու­թիւննե­րու դաշ­նակցու­թեան մը հա­ւանա­կանու­թեան մա­սին։ Ի զուր չէ այս հաս­տա­տու­մը, քա­նի ար­դէն շա­տեր վա­ղուց հա­մոզո­ւած էին թէ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը ինքնին կղպան­քի մը դե­րակա­տարու­թիւնը ու­նե­ցած է եւ իշ­խա­նու­թիւնը պի­տի ձե­ւաւո­րուի անոր հա­կումնե­րու հե­տեւան­քով։

Ի դէմ այս բո­լոր զար­գա­ցումնե­րուն, հա­սարա­կու­թեան մտա­հոգու­թիւննե­րը կը մնան ան­փո­փոխ։ Հա­մատա­րած հա­մոզու­մի մը հա­մաձայն գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւնը ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ կրնայ թափ տալ ահա­բեկ­չա­կան գրգռիչ արարքնե­րու եւ նոյ­նիսկ պա­տերազ­մի գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու, ընտրու­թիւննե­րը չե­ղար­կե­լու կամ ալ լա­րուա­ծու­թե­նէն նպաստ քա­ղելու տեն­չանքով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ