«Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհ»ի 500-րդ յօդուածի առթիւ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ակօս»ի հա­­­յերէն էջե­­­րու ամե­­­նահե­­­տաքրքրա­­­կան սիւ­­­նակն է «Բա­­­ռերու խորհրդա­­­ւոր Աշ­­­խարհը»։ Այս ընդհա­­­նուր խո­­­րագ­­­րի տակ Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեան «Ակօս»ի նա­­­խորդ հա­­­մարին մէջ ստո­­­րագ­­­րեց իր 500-րդ յօ­­­ժուա­­­ծը։ Ամէն շա­­­բաթ մօ­­­տաւո­­­րապէս կէս էջի ծա­­­ւալով լոյս տես­­­նող յօ­­­դուա­­­ծաշար­­­քը եթէ փո­­­խադ­­­րենք գիր­­­քի մը էջե­­­րուն, կը ստա­­­նանք մօտ 1200 կամ աւե­­­լի էջա­­­նի հաս­­­տա­­­­­­­փոր հա­­­տոր մը։ Եւ այդ հա­­­տորի բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնը բա­­­ցի իր պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած լե­­­զուա­­­գիտա­­­կան նշա­­­նակու­­­թե­­­­­­­նէ կը դառ­­­նայ նաեւ գրա­­­կանու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­կար­­­գօ­­­­­­­րէն գրա­­­ւիչ պա­­­տում մը։ Այս առ­­­թիւնքը հե­­­ղինա­­­կի գրա­­­կան շնորհին հե­­­տեւանքն է։ Ան յա­­­ճախ բա­­­ռերու վեր­­­լուծումնե­­­րը կա­­­տարե­­­լու պա­­­հուն սի­­­րեց վի­­­պական երանգ մըն ալ գո­­­յաց­­­նել մերթ զրու­­­ցե­­­­­­­լով երե­­­ւակա­­­յեալ պա­­­րոն ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թեան հետ, եւ յա­­­ճախ շրջե­­­լով Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի զա­­­նազան վայ­­­րե­­­­­­­րը։ Մենք այսպէ­­­սով վե­­­րահա­­­սու դար­­­ձանք նաեւ Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեանի աշա­­­կեր­­­տա­­­­­­­կան խումբով դէ­­­պի Հա­­­յաս­­­տան կա­­­տարած ճամ­­­բորդու­­­թիւննե­­­րուն հե­­­տաքրքրա­­­կան դրո­­­ւագ­­­նե­­­­­­­րուն։ Պար­­­տինք նշել թէ Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեան ու­­­սուցիչ է։ Եւ մենք ալ ներշնչո­­­ւինք իր եղա­­­նակէն եւ պահ մը կանգ առ­­­նենք ու­­­սուցիչ բա­­­ռին վրայ։ Ու­­­սուցա­­­նող, ու­­­սում ջամ­­­բո­­­­­­­ղի իմաս­­­տով կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծենք ու­­­սուցիչ եզ­­­րը։ Ան­­­շուշտ որ առա­­­ջին հեր­­­թին այսպէս բնու­­­թագրո­­­ւածը դպրո­­­ցական դաս­­­տիարակ­­­չութիւնն է։ Բայց պարզ է որ Տա­­­տու­­­րեան իր աշա­­­կերտնե­­­րուն կը փո­­­խան­­­ցէր աւե­­­լին։ Անոր դա­­­սաւան­­­դա­­­­­­­ծը ամ­­­բողջո­­­վին կեան­­­քի ըն­­­կա­­­­­­­լումն է։ Այդ առու­­­մով ալ թե­­­րեւս ու­­­սուցիչ բա­­­ռէն աւե­­­լի պատ­­­շաճ պի­­­տի հնչէ «վար­­­ժա­­­­­­­պետ»ը։ Այս հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մին կը յան­­­գինք քաջ գիտ­­­նա­­­­­­­լով իր կազ­­­մա­­­­­­­կերպչա­­­կան ու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւններն ալ։ Ան նախ­­­քան Միացեալ Նա­­­հանգներ գաղ­­­թել, Պոլ­­­սոյ մէջ մեծ նո­­­ւիրու­­­մով աշ­­­խա­­­­­­­տեցաւ Մխի­­­թարեան Սա­­­նուց Միու­­­թեան «Սան» պար­­­բե­­­­­­­րաթեր­­­թի որոշ ընդհատ­­­ման շրջա­­­նէ մը վերջ, «Նոր Սան» անու­­­նով վերհրա­­­տակ­­­ման գոր­­­ծին։

Առանց վա­­­րանու­­­մի կրնանք ըսել թէ այդ հսկայ ու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնը հա­­­մարեա առան­­­ցին գլուխ հա­­­նեց։ Այստեղ «հա­­­մարեա» բա­­­ցատ­­­րութիւ­­­նը կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծենք յի­­­շելով իր ան­­­մի­­­­­­­ջական գրչա­­­կից­­­նե­­­­­­­րը, աւե­­­լի վերջ իր կո­­­ղակի­­­ցը դար­­­ձած բա­­­նաս­­­տեղծու­­­հի Նո­­­ւէր Սի­­­լահ­­­լըն, գրա­­­կանու­­­թեան աս­­­պա­­­­­­­րէզին մէջ այլ եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով ճամ­­­բայ հար­­­թած Վեղ­­­ճի­­­­­­­հան Զիֆ­­­լիօղ­­­լուն, ու­­­սուցչա­­­կան ասպարէ­­­զէն ներս ծա­­­ռայու­­­թիւն մա­­­տու­­­ցած Այ­­­տա Աս­­­լա­­­­­­­նեանը եւ տա­­­կաւին մի քա­­­նի անու­­­նի զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը։

Բայց բո­­­լորը հա­­­մամիտ պի­­­տի ըլ­­­լան որ այս գոր­­­ծընթաց­­­քի մղիչ տար­­­րը ինքն էր՝ Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեան։

Տա­­­տու­­­րեան աւար­­­տե­­­­­­­լով Մխի­­­թարեան Վար­­­ժա­­­­­­­րանը ու­­­սումը, շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց Պո­­­ղազի­­­չի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան, ուրկէ վկա­­­յուե­­­ցաւ ու­­­սո­­­­­­­ղու­­­թեան ու­­­սուցիչ։

Հե­­­տեւե­­­լով ըն­­­տա­­­­­­­նիքի որո­­­շու­­­մին հաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցաւ Միացեալ Նա­­­հանգներ եւ հոն շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց ու­­­սուցչա­­­կան իր աս­­­պա­­­­­­­րէզը։

Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեանի թէ ու­­­սուցչու­­­թեան մի­­­ջոցաւ եւ թէ հա­­­յերէ­­­նի ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թեան մէջ ու­­­նե­­­­­­­ցած ներդրու­­­մը բա­­­ւակա­­­նին փայ­­­լուն է եւ ար­­­ժանի բարձր գնա­­­հատան­­­քի։ Սա­­­կայն ափ­­­սոս որ եկած ենք այնպի­­­սի ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու, ուր հա­­­յերէ­­­նով ար­­­տադրո­­­ւած ամէն ինչ կար­­­ծես դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած է ան­­­տե­­­­­­­սու­­­մի։ Այս ըսե­­­լու պա­­­հուն կը յի­­­շեմ մի այլ սի­­­րելի բա­­­րեկա­­­մի Սե­­­ւան Նշա­­­նեանի թրքա­­­կան մա­­­մու­­­լի մէջ կա­­­տարած նման բնոյ­­­թի աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնները։ «Թա­­­րաֆ» օրա­­­թեր­­­թի մէջ ան կը ստո­­­րագ­­­րէր «Քե­­­լիմե­­­պազ» խո­­­րագ­­­րով յօ­­­դուա­­­ծաշարք մը, որու իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր հա­­­տուա­­­ծը ինքնին յայտնու­­­թիւն մը կը դառ­­­նար եւ յա­­­ջոր­­­դող օր շա­­­տեր կը խօ­­­սէին այդ յայտնու­­­թեան պատ­­­ճա­­­­­­­ռած հե­­­տաքրքրու­­­թիւնով։

Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեան ալ կ՚ընէ նոյն բա­­­նը եւ նոյ­­­նիսկ աւե­­­լին, քա­­­նի անոր ստու­­­գա­­­­­­­բանու­­­թեան աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը կը մա­­­տու­­­ցո­­­­­­­ւին գրա­­­կան պատ­­­կե­­­­­­­րալից ոճով։ Տո­­­ւեալ բա­­­ռի ծա­­­գու­­­մը, այլ լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու մէջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան պա­­­հուն կրած փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րը եւ շատ ան­­­գամ ալ հա­­­յերէ­­­նի մէջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան առա­­­ջին օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը գի­­­տական տո­ւեալ­­­նե­­­­­­­րով կը փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւի ըն­­­թերցո­­­ղին։ Հա­­­մով հո­­­տով յօ­­­դուած­­­ներ են «Բա­­­ռերու Խորհրդա­­­ւոր Աշ­­­խարհը» յօ­­­դուա­­­ծաշար­­­քի իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­դիւր խո­­­րագի­­­րը, որոնց հա­­­մար հա­­­յերէ­­­նի սի­­­րահար­­­ներս երախ­­­տա­­­­­­­պարտ պի­­­տի մնանք մեր սի­­­րելի ըն­­­կե­­­­­­­րոջ՝ Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեանին։ Գրի­­­չը անսպառ թող մնայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ