Գիտաժողով՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» նիւթին շուրջ

Համազ­գա­յինի Երե­ւանի գրա­սենեակի, Երե­ւանի Խաչատուր Աբո­վեան պե­տական ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րանի եւ «Սփիւռք» գի­տաու­սումնա­կան կեդ­րո­նի հա­մագոր­ծակցու­թեամբ, Սեպ­տեմբեր 23-ին Երե­ւանի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած է հա­մահայ­կա­կան գի­տաժո­ղով՝ «Պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թիւնը 20-րդ դա­րու կէ­սէն մին­չեւ մեր օրե­րը» նիւ­թին շուրջ։

Գի­տաժո­ղովը սկսած է մէկ վայրկեան յոտնկայս լռու­թեամբ՝ ի յար­գանս յա­նուն Հայ­րե­նիքի նա­հատա­կուած զո­հերու յի­շատա­կին։

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկած է «Սփիւռք» գի­տաու­սումնա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն փրոֆ. Սու­րէն Դա­նիէլեան։ Ան ընդգծած է հե­տեւեալ կա­րեւոր կէ­տը. «Արեւմտա­հայ գրա­կանու­թիւնը ան­ցած է ինչ-ինչ փոր­ձութիւննե­րու բո­վէն, չա­րագու­շակ ճա­կատա­գիր կար­դա­ցած են անոր սնա­րին քով, բայց այդ լու­սա­ւոր գրա­կանու­թիւնը, ի հե­ճուկս նոյն ճա­կատագ­րի հա­րուած­նե­րուն, ապ­րե­ցաւ ու տո­կաց, աշ­խարհը լե­ցուց իր զար­մա­նալի կեն­սունա­կու­թեամբ ու վե­րադար­ձաւ»։

Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց կա­թողի­կոսի օրհնու­թեան խօս­քը հա­ղոր­դած է Անու­շա­ւան եպիսկ. Ժամ­կո­չեան՝ կա­րեւոր հա­մարե­լով Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած պոլ­սա­հայու­թեան դե­րը հայ գրա­կանու­թեան ան­դաստա­նին մէջ։

Ս. Դա­նիէլեան կար­դա­ցած է Պոլ­սոյ պատ­րիարք Սա­հակ Բ. արք. Մա­շալեանի օրհնու­թեան խօս­քը։

Ող­ջոյնի խօս­քով հան­դէս եկած է Ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րանի տնօ­րէնու­հի փրոֆ. Սրբու­հի Գէոր­գեան՝ նշե­լով հա­մալ­սա­րանի 100-ամեակին նման նիւ­թով գի­տաժո­ղովի կազ­մա­կերպման կա­րեւո­րու­թիւնը։

Հա­մազ­գա­յինի Կեդ­րո­նական վար­չութեան անու­նով՝ ատե­նապետ Զա­քար Քէ­շիշեան ող­ջունե­լով գի­տաժո­ղովի մաս­նա­կից­նե­րը իր խօս­քին մէջ նշած է.-

«Արեւմտա­հայե­րէնի գո­յու­թիւնը լրջօ­րէն վտան­գո­ւած է։ Ազ­գա­յին աղէտ­նե­րուն հա­մըն­թաց՝ պոլ­սա­հայ գրա­կան ժա­ռան­գութեան նո­ւիրո­ւած գի­տաժո­ղովը իր գի­տական վեր­լուծու­թեամբ, հայ­րե­նիքի մէջ արե­ւելա­հայ եւ արեւմտա­հայ գրա­կան ար­ժէքնե­րու նկատ­մամբ հե­տաքրքրու­թիւն յա­ռաջաց­նե­լու կա­րեւոր քայլ մըն է»։

Հա­մազ­գա­յինի Երե­ւանի գրա­սենեակի տնօ­րէնու­հի Ռու­զան Առա­քելեան իր ելոյ­թին շեշ­տած է. «Մեր պե­տու­թեան այս ժա­մանա­կահա­տուա­ծին խորհրդան­շա­կան է պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թեան նո­ւիրո­ւած այս գի­տաժո­ղովը, որով­հե­տեւ, ինչ որ կ’ըսէ գրա­կանու­թիւնը, թե­րեւս չկա­րենան ըսել քա­ղաքա­գէտ­նե­րը»։

Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան անու­նով մաս­նա­կից­նե­րը ող­ջունած է քար­տուղար Պետ­րոս Տէ­միր­ճեան։

Գի­տաժո­ղովի զե­կոյցնե­րը ըն­թա­ցած են եր­կու նիս­տով, որոնց ըն­թացքին հան­դէս եկած են փրոֆ. Վազ­գէն Գաբ­րիէլեան՝ «Պո­լիսը պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ», Ֆրան­սա­յէն փրոֆ. Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեան-Փա­նոսեան՝ «Պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծու­թեան նոր շար­ժումը 1960-էն մին­չեւ այ­սօր», փրոֆ. Սու­րէն Դա­նիէլեան՝ «Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանը եւ “Մար­մա­րա”-ն պոլ­սա­հայ գրա­կան կեան­քի կազ­մա­կեր­պիչ», փրոֆ. Արծրուն Աւա­գեան՝ «Յա­կոբ Մնձու­րիի «Սուրբ Գէորգ» պատ­մուած­քը», Քո­ւէյ­թէն ժա­մանած դոկտ. Հրայր Ճէ­պէճեան՝ «Հո­գեւոր կեան­քի ըն­կա­լու­մը Շնորհք պատ­րիար­քի գրա­կան, եկե­ղեցա­կան, ազ­գա­յին ու հա­մամարդկա­յին մտա­հորի­զոն­նե­րուն մէ­ջէն», ԱՄՆ-էն դոկտ. Հրանդ Մար­գա­րեանի զե­կոյ­ցը կար­դա­ցած է Մա­րի Մերթխա­նեան՝ «Պոլ­սա­հայ թա­տեր­գութիւ­նը 20-րդ դա­րու կէ­սէն մին­չեւ մեր օրե­րը», դոկտ. Լի­լիթ Սէյ­րա­նեան՝ «Զահ­րա­տի ստեղ­ծա­գոր­ծութեան կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին նշա­նագի­տական ըն­թերցման փորձ», Պոլ­սէն տե­սաու­ղերձով «Ակօս» թեր­թի հա­յերէն բաժ­նի խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեան՝ «Արե­ւելա­հայ գրա­կանու­թեան ըն­կա­լու­մը Հան­րա­պետա­կան շրջա­նի թրքա­հայ մա­մու­լի, գրա­կան դպրոց­նե­րու եւ գրա­կան շրջա­նակին մէջ», փրոֆ. Աշոտ Գալստեան՝ «Տէր Սա­հակ Բ. Մա­շալեան պատ­րիար­քի “Եր­կու ուխտա­ւոր” վէ­պի լե­զուա­կան հի­մերը», դոկտ. Հայ­կա­զուն Ալվրցեան՝ «Զահ­րա­տը եւ բա­ռը», Վա­լերի Փի­լոյեան՝ «Ան­դան Էօզէ­րի “Ծա­ծուկ իրա­կանու­թիւններ” ժո­ղովա­ծուն», Ար­ցա­խի պե­տական հա­մալ­սա­րանէն Նո­նա Դաւ­թեան՝ «Մեծ քա­ղաքի տի­պաբա­նական քննու­թեան փորձ. Զահ­րատ», գրա­կանա­գէտ Ֆե­լիքս Բախ­չի­նեան՝ «Թռչնա­պատ­կե­րը՝ ազա­տու­թեան խորհրդա­նիշ. Զա­րեհ Խրա­խու­նի», դոկտ. Քնա­րիկ Աբ­րա­համեան՝ «Պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի գրամ­շա­կու­թա­յին ու կրթա­կան հա­մակար­գում», Դա­ւիթ Մո­սինեան՝ «Զա­ւէն Պի­պէռեան. պոլ­սա­հայ կեան­քի պատ­մա­կանաց­ման խնդիր­նե­րը», Կա­րինէ Մար­տի­րոսեան՝ «Յա­կոբ Մնձու­րի. “Եր­կեր” ծաղ­կա­քաղը», Ար­ցա­խէն Անոյշ Բա­լայեան՝ «Ազ­գա­յին գի­ծը Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի «Առաս­տաղ» եւ «Առաս­տա­ղի միւս կող­մը» վէ­պերում եւ Մա­րինէ Ղա­զարեան՝ «Տե­ղագ­րա­կան պատ­կերնե­րը Յա­կոբ Մնձու­րիի ար­ձա­կում»։

Ող­ջունե­լի է հա­մահայ­կա­կան տա­րողու­թեամբ նման գի­տաժո­ղով մը, որ ման­րակրկիտ ձե­ւով ար­ձա­գանգ հան­դի­սացած է պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թեան

Բայց եւ այնպէս, կ՚ափ­սո­սանք բա­ցակա­յու­թիւնը Սփիւռքէն՝ բնա­գաւա­ռի կարգ մը մաս­նա­գէտ­նե­րու, ինչպէս օրի­նակ՝ Լե­ւոն Շա­ռոյեանի, Կա­րօ Աբ­րա­համեանի, Սե­ւան Տէ­յիր­մենճեանի, Ար­փի Թո­թոյեանի…։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ