Մեռելներու յարգանք եւ արդարութեան բանախօսութիւն

Մարդկա­յին պատ­­մութեան ամե­­նապարզ կա­­նոնն է՝ պա­­հանջնե­­րը տե­­ղի կու տան մի­­ջոց­­նե­­­րու։

Թուրքիոյ մէջ ալ այ­­լա­­­տեացու­­թեան հա­­զածան­­քի նո­­պանե­­րը երբ հա­­սան գե­­րեզ­­մաննե­­րու դէմ յարձակումի աս­­տի­­­ճանին ինքնա­­բերա­­բար ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ «Մե­­ռել­­նե­­­րու յար­­գանք եւ ար­­դա­­­րու­­թիւն» անու­­նով նոր հար­­թակ մը։ Անցնող մէկ տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին հար­­թա­­­կը զա­­նազան առիթ­­նե­­­րով իր ձայ­­նը լսե­­լի դար­­ձուցած է։ Այժմ ան կը պատ­­րաստո­­ւի եր­­կօ­­­րեայ գի­­տաժո­­ղովով մը նիւ­­թը հա­­սարա­­կու­­թեան ու­­շադրու­­թեան բե­­րելու։

8 եւ 9 Հոկ­­տեմբեր թո­­ւական­­նե­­­րուն Շիշ­­լի Նա­­զըմ Հիքմե­­թի անո­­ւան մշա­­կոյ­­թի կեդ­­րո­­­նին մէջ կա­­յացած եր­­կօ­­­րեայ բա­­նախօ­­սու­­թեան ըն­­թացքին զա­­նազան զե­­կոյցնե­­րով քննար­­կո­­­ւեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ աշ­­խարհի զա­­նազան վայ­­րեր մե­­ռել­­նե­­­րու դէմ անար­­գանքի օրի­­նակ­­նե­­­րը, այս մա­­սին իրա­­ւաբա­­նական կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րը, սու­­գի դէմ յա­­րու­­ցո­­­ւած ար­­գելքի օրի­­նակ­­նե­­­րը։ Ապա նիւ­­թին աւե­­լի լայ­­նա­­­ծաւալ քննարկման հա­­մար կա­­յացաւ ասու­­լի­­­սի նիստ մը։ Հար­­թա­­­կը այս ձեռ­­նարկէն ետք ալ աւե­­լի թափ պի­­տի տայ հիմ­­նարկի մը ձե­­ւաչա­­փով կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ