Իշխան Էրտինչի փայլուն յաջողութիւնը

Թուրքիոյ Ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու եւ Ճար­­տա­­­րագէտ­­նե­­­րու Միու­­թեան Ան­­գա­­­րայի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը հա­­մաշ­­խարհա­­յին ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու օրո­­ւայ ծի­­րէն ներս այս տա­­րի Է. ան­­գամ կազ­­մա­­­կեր­­պեց Էմ­­րե Մատ­­րա­­­նի անո­­ւան մամ­­լոյ մրցա­­նակ­­նե­­­րու տո­­ւու­­չութեան հան­­դէ­­­սը։

3 Հոկ­­տեմբեր երեք­­շաբթի օր Ան­­գա­­­րա, Էրիմ­­թան հնա­­գիտու­­թեան եւ Արո­­ւես­­տի թան­­գա­­­րանին մէջ կա­­յացող մրցա­­նակա­­տուու­­չութեան մաս­­նակցե­­ցան լրագ­­րողներ, քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ եւ ճար­­տա­­­րապետ­­ներ։

Գրա­­ւոր մամ­­լոյ բաժ­­նին մէջ Ան­­գա­­­րայի Հա­­յոց Գե­­րեզ­­մա­­­նատան լու­­րով մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նի գտնո­­ւեցաւ նաեւ թեր­­թիս պա­­տաս­­խա­­­նատու տնօ­­րէն Իշ­­խան Էր­­տինչ։

Էր­­տինչ մրցա­­նակը ստա­­ցաւ Ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու սե­­նեակի Ան­­գա­­­րայի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղի վա­­րիչ Թեզ­­ճան Գա­­րագուշ Ճան­­տա­­­նի ձեռ­­քէն։

«Ակօս» սրտանց կը շնոր­­հա­­­ւորէ իր աշ­­խա­­­տակ­­ցի այս փայ­­լուն յա­­ջողու­­թիւնը, մաղ­­թե­­­լով նո­­րանոր յա­­ջողու­­թիւններ իր որ­­դեգրած ճա­­նապար­­հի ըն­­թացքին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ