Առաջին ընտրութիւնը 16 Հոկտեմբերին

Համայնքա­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թիւննե­­րու նիւ­­թը պոլ­­սա­­­հայ օրա­­կար­­գի առաջ­­նագծին վրայ է։ Ընտրու­­թեան առա­­ջին փու­­լը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ 16 Հոկ­­տեմբե­­րին Օր­­թա­­­գիւ­­ղի նոր թա­­ղակա­­նու­­թիւնը ճշդե­­լու հա­­մար։ Նոր կա­­նոնագ­­րութեան հա­­մաձայն Իս­­թանպու­­լի երկրորդ ընտրաշրջա­­նին հայ բնա­­կիչ­­նե­­­րը բա­­ցի Օր­­թա­­­գիւ­­ղէն Սա­­մաթիոյ, Գումգա­­բու Մայր եկե­­ղեց­­ւոյ, Ֆե­­րիգիւ­­ղի եւ Ենի­­գիւ­­ղի եկե­­ղեցի­­ներու մէջ ալ պի­­տի կրնան գոր­­ծա­­­ծել իրենց քո­­ւէնե­­րը։ Ընտրու­­թեան պի­­տի մաս­­նակցին եր­­կու խմբակ­­ներ՝ սպի­­տակ եւ կա­­պոյտ ցան­­կե­­­րու մէջ հա­­մախմբո­­ւած ձե­­ւով։

Սպի­­տակ ցան­­կը կը գլխա­­ւորէ այժմու թա­­ղակա­­նու­­թեան ատե­­նապետ Իս­­քենտեր Շա­­հին­­կէօզ։ Անոր ցան­­կին մէջ տեղ գտած են նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի շրջա­­նակ­­նե­­­րէն թե­­լադ­­րո­­­ւած նոր անուններ։

Այ­­լընտրան­­քա­­­յին «Կա­­պոյտ ցանկ»ին կը զօ­­րակ­­ցին Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու եւ Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ։

Օր­­թա­­­գիւ­­ղի թա­­ղակա­­նու­­թիւնը թէեւ ընդմիշտ գնա­­հատո­­ւած էր իր վար­­չութեան շրջա­­նին ապա­­հոված ձեռքբե­­րումնե­­րուն պատ­­ճա­­­ռաւ։ Սոյն ձեռքբե­­րումնե­­րը պատ­­ճառ դար­­ձան որ յատ­­կա­­­պէս թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Իս­­քենտեր Շա­­հին­­կէօզ մեծ յա­­ւակ­­նութիւններ ոնե­­նալով իշ­­խա­­­նու­­թիւն ձեռք բե­­րէ հա­­մայնքէ ներս։ Վար­­քագծի այս շե­­ղու­­մը տե­­ղի տո­­ւաւ բազ­­մա­­­թիւ քննա­­դատու­­թիւննե­­րու, որոնք այժմ առա­­ւելու­­թիւն կը դառ­­նան «Կա­­պոյտ ցանկ»ի թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րուն հա­­մար։

«Ակօս»ի հիմ­­նա­­­դիր խմբագ­­րա­­­պետ Հրանդ Տինք իր կեն­­դա­­­նու­­թեան օրով մեծ ջանք վատ­­նած էր հա­­մայնքա­­յին ու­­նե­­­ցուած­­քը միաս­­նա­­­կան սնտու­­կի մը մէջ հա­­մախմբե­­լու եւ պա­­հանջնե­­րու հա­­մաձայն բո­­լոր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու բա­­ժին տրա­­մադ­­րե­­­լու հա­­մար։

Հա­­սարա­­կու­­թեան կող­­մէ հա­­ւաս­­տի ու ար­­դար գտնո­­ւած այս եղա­­նակը յա­­մառօ­­րէն մեր­­ժո­­­ւեցաւ յատ­­կա­­­պէս մեծ եկա­­մու­­տի աղ­­բիւրներ ու­­նե­­­ցող վար­­չութիւննե­­րու կող­­մէ։ Այս վեր­­ջիննե­­րը իրենց հաս­­տա­­­տու­­թեան հարստու­­թիւնով փոր­­ձե­­­ցին փոքր թա­­գաւո­­րու­­թիւններ կազ­­մել եւ իրենց ցան­­կա­­­ցած կա­­րիքա­­ւոր հա­­սատա­­տու­­թիւննե­­րու շնորհքներ պար­­գե­­­ւել։

Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ «Կա­­պոյտ ցանկ»ի թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րը պի­­տի օգ­­տո­­­ւին այս շեղ վար­­քի հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ ստեղ­­ծած դժգո­­հու­­թե­­­նէն։ Ար­­դա­­­րեւ այ­­սօր իրենց քա­­րոզար­­շա­­­ւը կը հիւ­­սեն բո­­լոր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն ար­­դար ու հա­­ւասար մեր­­ձա­­­նալու խոս­­տումով։

Որքան որ ընտրու­­թեան թո­­ւական մը չէ յստա­­կացած, նման որո­­նումներ ի զօ­­րու են նաեւ ար­­դէն միայն եր­­կու ան­­դա­­­մով ներ­­կա­­­յացող Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի թա­­ղակա­­նու­­թիւնն ալ գա­­հըն­­կէց ընե­­լու հա­­մար։ Իրենց վի­­ճայա­­րոյց գոր­­ծունէու­­թիւնով կաս­­կածնե­­րու են­­թարկո­­ւած հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու շար­­քը կա­­րելի է ընդլայ­­նել։ Սա­­կայն այժմու պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքը իբ­­րեւ հա­­սարա­­կու­­թիւն կ՚ապ­­րի յու­­սալքու­­թիւն մը՝ որու հե­­տեւան­­քով այդ վի­­ճայա­­րոյց կա­­ռոյցնե­­րու մէջ իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թիւն ապա­­տովե­­լու հա­­մար հրա­­պարակ իջ­­նող թեկ­­նա­­­ծու­­ներ կը բա­­ցակա­­յին։

Այնպէս թէ այսպէս ընտրու­­թիւննե­­րը եթէ ոչ յստակ յաղ­­թա­­­նակ­­ներ, բայց գո­­նէ որոշ բա­­րելա­­ւումներ կը խոս­­տա­­­նան յա­­ռաջի­­կայ շրջա­­նի առու­­մով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ