Համամարդկային հարազատութիւն (Ա)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Իտար­­բե­­­րու­­թիւն նա­­խորդ բա­­զում այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րէ այս ան­­գամ առանց յա­­տուկ պատ­­ճառ ու­­նե­­­նալու, առանց յա­­տուկ պար­­տա­­­կանու­­թիւն մը կա­­տարե­­լու հար­­կադրան­­քի, բո­­լորո­­վին կա­­մայա­­կան պատ­­ճառնե­­րով մեկ­­նե­­­ցանք Ամի­­տա։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այ­­ցե­­­լու­­թիւնը ու­­ղո­­­ւած էր Մար­­տին։ Ամիս­­ներ առաջ պայ­­մա­­­նաւո­­րուած էինք մեր իզ­­մի­­­րաբ­­նակ բա­­րեկամ­­նե­­­րով, աշ­­խարհի այս ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն գե­­ղեցիկ պատ­­մա­­­կան քա­­ղաքը միասին այ­­ցե­­­լելու հա­­մար։

Նա­­խապէս միայն մէկ ան­­գամ եղած եմ այդ քա­­ղաքը։ Սուրբ Կի­­րակոս Եկե­­ղեցիի այդ հրա­­շալի նո­­րոգու­­թե­­­նէն ետք պաշ­­տա­­­մունքի վե­­րաբաց­­ման ներ­­կայ գտնոելու հա­­մար որո­­շած էինք Տի­­յար­­պե­­­քիր ճամ­­բորդել։ «Ակօս»ի հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րէն եւ հա­­յերէն էջե­­րու վաս­­տա­­­կաւոր խմբա­­գիր Սար­­գիս Սո­­րով­­բեանի հետ հա­­մաձայ­­նե­­­ցանք մէկ օր առաջ ճամ­­բայ ել­­լել եւ առի­­թէն օգ­­տո­­­ւելով Մար­­տին ալ այ­­ցե­­­լել։ Սե­­դան եւ Մա­­նու­­շա­­­կը ալ աւե­­լի ու­­րա­­­խացան այս տար­­բե­­­րակը լսե­­լով ու մենք զմայ­­լանքի տպա­­ւորու­­թիւննե­­րու ազ­­դե­­­ցու­­թեամբ այդ օր իսկ որո­­շած էինք այս քա­­ղաքը կրկին այ­­ցե­­­լելու մա­­սին։

Տրո­­ւած ըլ­­լա­­­լով որ Իզ­­մի­­­րէն դէ­­պի Մար­­տին ու­­ղիղ թռիչք չկար, որո­­շեցինք նախ այ­­ցե­­­լել Ամի­­տա եւ յա­­ջորդ օր մօ­­տաւո­­րապէս մէկ ժա­­մուայ ճամ­­բորդու­­թիւնով հաս­­նիլ Մար­­տին։

Երբ կայ­­ցե­­­լեմ օտար քա­­ղաք իմ տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը կը ձե­­ւաւո­­րուին ոչ միայն այդ քա­­ղաքի տե­­սար­­ժան վայ­­րե­­­րով՝ այլ այդ քա­­ղաքի բնա­­կիչ­­նե­­­րուն հետ մշա­­կուած յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րով։ Տի­­յար­­պե­­­քիր այս առու­­մով շատ եզա­­կի է, որով­­հե­­­տեւ մեր նա­­խորդ այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րու շնոր­­հիւ այնտեղ ու­­նե­­­ցած ենք բազ­­մա­­­թիւ բա­­րեկամ­­ներ, որոնց հետ ըն­­կե­­­րու­­թիւնը միշտ եղաւ ոգե­­ւորող, յու­­սադրող ու ամ­­րապնդող։ Առ­­հա­­­սարակ ինքնու­­թիւնը վե­­րագ­­տած հա­­յերու եւ այս ճա­­նապար­­հի ըն­­թացքին իրենց զօ­­րակ­­ցող քիւրտե­­րու մա­­սին է ակ­­նարկու­­թիւնը։ Հե­­տեւա­­բար օդա­­կայա­­նէն սկսեալ շրջա­­պատո­­ւեցանք տե­­ղացի բա­­րեկամ­­նե­­­րով, որոնց մտեր­­մութե­­նէն խիստ ազ­­դո­­­ւեցան նաեւ մեր ու­­ղե­­­ւորու­­թեան ըն­­կերնե­­րը։ Երե­­կոյեան երբ մէկ­­տե­­­ղուած էինք հայ­­կա­­­կան սե­­ղանի մը շուրջ, մեր 15 հո­­գինե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող խումբը դուրսէն դի­­տող­­նե­­­րը պի­­տի կար­­ծէին թէ եր­­կար տա­­րինե­­րէ ի վեր ծա­­նօթ ան­­ցեր հա­­մախմբո­­ւած են։ Մինչդեռ շա­­տեր առա­­ջին ան­­գամ այդ սե­­ղանի վրայ իրա­­րու հետ ծա­­նօթա­­ցած էին։ Ու­­րեմն առեղ­­ծո­­­ւած մըն է գո­­յացած պատ­­կե­­­րը թէ ինչպէ՞ս, ո՞ր գոր­­ծօննե­­րու բե­­րմամբ կրնար գո­­յանալ նման բնոյ­­թով մտեր­­մութիւն մը։ Ահա այստեղ այդ հար­­ցումին դի­­մաց պահ մը կանգ առ­­նենք եւ խոս­­տո­­­վանինք որ նման երեոյ­­թի դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը մարդկանց շնոր­­հո­­­ւած մե­­ծագոյն պար­­գեւն է, որ իր ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը կը գտնէ «մար­­դիկ խօ­­սելով կը հա­­ղոր­­դո­­­ւին» հաս­­տա­­­տու­­մով։ Այդ սե­­ղանը այս հաս­­տա­­­տու­­մին վառ ապա­­ցոյցն էր։ Այդ սե­­ղանի գլխա­­ւոր նիւ­­թերն էին աշ­­խարհի փոր­­ձանքներ սնու­­ցող ան­­ցուդար­­ձին մէջ մար­­դու ճա­­րահա­­տու­­թիւնը եւ զայն յաղ­­թա­­­հարե­­լու եղա­­նակ­­նե­­­րը։

Տե­­սանք որ մենք որ­­քան մեծ կա­­րօտ ու­­նէինք տե­­ղացի ժո­­ղովուրդին հետ այս ապ­­րումնե­­րը բաժ­­նե­­­լու եւ փո­­խադար­­ձա­­­բար անոնք որ­­քան կա­­րօտով սպա­­սած էին մեր գա­­լուստը։

Երբ գի­­շերո­­ւայ ուշ ժա­­մուն հրա­­ժեշտ առինք իրենցմէ, ար­­դէն բո­­լորս հա­­մոզո­­ւած էինք թէ մեկ­­նարկու­­մը այսքան քաղցր սկսած այս հան­­դի­­­պու­­մին աւարտն ալ պի­­տի ըլ­­լար նման ոգե­­ւորու­­թիւննե­­րու մէջ։

Ըն­­դա­­­մէնը քա­­ռօրեայ ծրա­­գիր մըն էր մեր գոր­­ծադրա­­ծը, որու ըն­­թացքին կու­­տա­­­կեցինք 40 օրեր պատ­­մե­­­լու ար­­ժա­­­նի ապ­­րումներ։ Պի­­տի փոր­­ձեմ այդ ապ­­րումնե­­րը ան­­շուշտ ոչ թէ 40, այլ յա­­ռաջի­­կայ քա­­նի մը շա­­բաթ­­նե­­­րու ըն­­թացքին մաս առ մաս պատ­­մե­­­լու։ Ու­­րեմն կրնանք ըսել թէ ինքնա­­բերա­­բար գո­­յացած է նոր յօ­­դուա­­ծաշարք մը մեր 7-11 Հոկ­­տեմբեր թո­ւական­­նե­­­րուն դէ­­պի Ամի­­տա եւ Մար­­տին կա­­տարած այ­­ցե­­­լու­­թեան հե­­տեւան­­քով։

(Շա­­րու­­նա­­­կելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ