Քերովբեան՝ երաժիշտ ընտանիքը…

Ժ. Չ. (ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ)

Վարժ ենք Քե­­րով­­բեան­­նե­­­րը տես­­նե­­­լու Փա­­րիզի Անա­­քօ տա­­փանա­­ւուն վրայ իբ­­րեւ կազ­­մա­­­կեր­­պիչ, իբ­­րեւ օգ­­նա­­­կան, իբ­­րեւ ունկնդիր։ Քե­­րով­­բեան­­նե­­­րը Անա­­քօ տա­­փանա­­ւուն հիմ­­նադրու­­թեան եւ գոր­­ծունէու­­թեան սիւ­­նե­­­րէն են։ Սա­­կայն, Սեպ­­տեմբեր 29-ին անոնք գրա­­ւած էին իրենց բուն տե­­ղը, բե­­մին վրայ, իբ­­րեւ երա­­ժիշտ, ինչ որ իրենց առա­­ջին եւ կեան­­քի գլխա­­ւոր նպա­­տակը հան­­դի­­­սացած է։ Եւ կ՚ըսո­­ւի թէ բա­­ցակա­­ները միշտ «մե­­ղաւոր» են երբ կը փախցնեն բա­­ցառիկ առիթ մը։ Եւ այդ օր, ոչ միայն բա­­ցակա­­ները, այլ նաեւ ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րէն մաս մը եւս՝ չկա­­րենա­­լով մուտք գոր­­ծել հա­­մեր­­գասրահ, զրկո­­ւեցաւ բա­­ցառիկ հա­­մեր­­գը ունկնդրե­­լու առի­­թէն, այնքան որ մեծ էր տա­­փանաւ փու­­թա­­­ցած­­նե­­­րու թի­­ւը։

Ձայն, քա­­նոն եւ դափ, բաւ էր փո­­խան­­ցե­­­լու հայ­­կա­­­կան երաժշտու­­թե­­­նէն փունջ մը՝ Սա­­յեաթ Նո­­վայի աշու­­ղա­­­կան եւ ժո­­ղովրդա­­կան եր­­գե­­­րէն, Քե­­րով­­բեան Շու­­շա­­­նի, Վեր­­ժի­­­նի, Վա­­հանի եւ Արա­­մի մեկ­­նա­­­բանու­­թեամբ։ Պարզ ու հան­­գիստ, մտեր­­միկ մթնո­­լոր­­տի վար­­պետն է ու ջա­­տագո­­վը Քե­­րով­­բեան Արամ։ Եւ Վեր­­ժի­­­նին հետ միասին եր­­կար տա­­րիներ է հայ հա­­մայնքի ծա­­նօթ երա­­ժիշտներն են՝ «Կոչ­­նակ» եւ «Ակն» խումբե­­րուն։ Քե­­րով­­բեան Արամ հե­­ղինակ է նաեւ եկե­­ղեցա­­կան երաժշտու­­թեան նո­­ւիրուած բազ­­մա­­­թիւ աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւննե­­րու։ Վա­­հան եւ Շու­­շան Քե­­րով­­բեան­­նե­­­րը, երի­­տասարդ երա­­ժիշտներ, որոնք «Մեծ Պա­­զար» խումբով հան­­դէս եկած են, եւ ներ­­կա­­­յիս մաս կը կազ­­մեն զա­­նազան այլ երաժշտա­­կան եւ գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րու։

Աշ­­խարհա­­քաղա­­քական թո­­հու­­բո­­­հին մէջ՝ հայ­­կա­­­կան աշ­­խարհին գո­­յու­­թեան սպառ­­նա­­­ցող վտանգնե­­րով լի այս օրե­­րուն՝ ոգե­­ւորիչ են ու անհրա­­ժեշտ նման հա­­ւաք­­ներ, հայ­­կա­­­կան երաժշտու­­թեամբ հա­­մայնքա­­յին կեան­­քը վե­­րաշ­­խուժաց­­նե­­­լու, մշա­­կու­­թա­­­բար զօ­­րակ­­ցե­­­լու առու­­մով բո­­լոր անոնց, որոնք կը պայ­­քա­­­րին հո­­ղին պաշտպա­­նու­­թեան, մշա­­կոյ­­թին կեն­­սունա­­կու­­թեան, հայ­­կա­­­կան ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պանման ու փո­­խանցման ի խնդիր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ