Փայլան. «Եթէ մահն անգամ յոգնած է՝ ժամանակն է խաղաղութեան երգեր երգելու»

Ժողո­վուդրնե­րու ժո­ղովրդա­վար կու­սակցու­թեան Տիգ­րա­նակեր­տի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան այ­սօր Թուրքիոյ խորհրդրա­նին մէջ սար­քեց մամ­լոյ ասու­լիս մը՝ Փրա­կի մէջ կա­յանա­լիք Էր­տո­ղան-Փա­շինեան հան­դիպման ըն­դա­ռաջ։

Փայ­լան նշեց, թէ այ­սօր Փրա­կի մէջ պատ­մա­կան հան­դի­պում մը պի­տի կա­յանայ՝ պի­տի հան­դի­պին նա­խագահ Էր­տո­ղան եւ վար­չա­պետ Փա­շինեան։ «Յու­սամ այս պատ­մա­կան հան­դի­պու­մը նպաս­տէ տա­րածաշրջա­նային խա­ղաղու­թեան։ Դա­րերէ ի վեր միաս­նա­բար ապ­րած հա­յեր, ատրպէյ­ճանցի­ներ եւ Թուրքիոյ ժո­ղովուրդնե­րը դժբախ­տա­բար վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեակին հա­կամար­տութիւննե­րու հե­տեւան­քով հե­ռացան իրար­մէ։ Մին­չեւ հա­րիւր տա­րի առաջ Անա­տոլո­ւի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաքի մէջ հա­յեր կը բնա­կէին, իսկ այ­սօր ափ մը մնա­ցած ենք։ Դեռ կանք, եւ որ­պէս Թուրքիոյ հա­յեր դեռ խա­ղաղու­թիւն կը պա­հան­ջենք։ 35 տա­րի առաջ միաս­նա­բար կ՚ապ­րէին ատրպէյ­ճանցի­ներն ու հա­յերը։ Սո­վետա­կան Միու­թեան կազ­մա­լուծմամբ, նոյն օրն իսկ ստեղ­ծուած այս եր­կու եր­կիրնե­րը՝ Հա­յաս­տան եւ Ատրպէյ­ճան, յայտնո­ւեցան պա­տերազ­մի մէջ եւ եր­կու ժո­ղովուրդներն ալ 35 տա­րիէ ի վեր պա­տերազ­մե­լով կը պար­տո­ւին։ Ա՛լ պա­տերազ­մին վերջ տա­լու պահն է։ Եւ այս ուղղու­թեամբ Թուրքիա պէտք է պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ստանձնէ։ Իմ երկրի նա­խագա­հը՝ պր. Էր­տո­ղան պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն պէտք է ստանձնէ։ Ազ­գա­յին ժո­ղովը տա­րածաշրջա­նային խա­ղաղու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն պէտք է ստանձնէ։ Այս առու­մով բո­լորը պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ստանձնե­լու կը հրա­ւիրեմ», յայտնեց հա­յազ­գի պատ­գա­մաւո­րը։

Փայ­լան յի­շեցուց, որ 1993-ին Հա­յաս­տան-Ատրպէյ­ճան հա­կամար­տութեան պատ­ճա­ռով Թուրքիա փա­կած էր Հա­յաս­տա­նի իր սահ­մա­նադու­ռը։ «Ինչպէս որ դու­ռը փակ եր­կու դրա­ցիներ իրենց հար­ցե­րը չեն կրնար լու­ծել, Թուրքիա եւ Հա­յաս­տան ալ իրենց հար­ցե­րը չեն կրնար լու­ծել։ Բայց եթէ դռնե­րը բա­նանք, խօ­սիլ սկսինք, յա­րաբե­րու­թիւն ստեղ­ծենք՝ այն ժա­մանակ պի­տի տես­նենք, թէ չու­նինք ան­լուծե­լի որե­ւէ հարց»։ Փայ­լան ըսաւ, որ 1993-ին Հա­յաս­տան խա­ղաղու­թեան ձեռք մեկ­նած էր, սա­կայն Թուրքիա այդ առի­թը չկրցաւ օգ­տա­գոր­ծել։ Ան յի­շեցուց 2008-ի ֆութպո­լային դի­ւանա­գիտու­թիւնը։ «Այդ ժա­մանա­կուան նա­խագահ­նե­րը՝ Ապ­տուլլահ Կիւլ եւ Սերժ Սարգսեան հան­դի­պեցան թէ՛ Երե­ւանի, թէ Պուրսա­յի մէջ։ Այդ շրջա­նին ար­ձա­նագ­րութիւններ ստո­րագ­րո­ւեցան, սա­կայն եր­կու կող­մի ազ­գայնա­կան­նե­րը ար­գելք եղան խա­ղաղու­թեան հաս­տատման։ Սա երկրորդ առիթն էր, որ փախ­ցուցինք։ Խա­ղաղու­թեան բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռով, 2020-ին Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ 44-օրեայ պա­տերազմ մը սան­ձա­զեր­ծո­ւեցաւ։ Հա­յաս­տանցի ու ատրպէյ­ճանցի հա­զարա­ւոր երի­տասարդներ մա­հացան։ Առանց խտրա­կանու­թեան կը խո­նար­հիմ բո­լորի յի­շատա­կին առ­ջեւ եւ կը ցա­ւակ­ցիմ իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Քա­նի որ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը չկրցան հաշ­տո­ւիլ, ցա­ւը ժո­ղովուրդնե­րը ապ­րե­ցան։ Մինչդեռ ատրպէյ­ճանցի­ներն ու հա­յերը մին­չեւ 35 տա­րի առաջ միաս­նա­բար կ՚ապ­րէին, եղ­բայրա­բար, հա­րեւան գիւ­ղե­րու մէջ, առու­տուր կ՚ընէին իրա­րու հետ։ Ստեղ­ծո­ւեցաւ այնպի­սի ըն­կա­լում մը, թէ այս ժո­ղովուրդնե­րը պատ­մա­կան թշնա­միներ են։ Բայց, ինչպէս Եաշար Քե­մալ կ՚ըսէր, եթէ մահն ան­գամ յոգ­նած է՝ ժա­մանակն է խա­ղաղու­թեան եր­գեր եր­գե­լու»։

Ըստ Փայ­լա­նի, հա­կառակ այլ եր­կիրնե­րու ջան­քե­րուն, Թուրքիա խա­ղաղու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն չի ստանձներ, այլ կողմնակ­ցութիւն ընե­լով կը կանգնի Ատրպէյ­ճա­նի կող­քը։ «Ատրպէյ­ճա­նը ջան կը կո­չէ Թուրքիա։ Բայց, պա­րո՛ն Էր­տո­ղան, պէտք է գիտ­նաք, որ այս ար­տա­յայ­տութիւ­նը ամե­նաշատ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծա­ծուի։ Տա­րածաշրջա­նային խա­ղաղու­թիւնը կը հաս­տա­տենք այն ժա­մանակ, երբ Ջան Ատրպէյ­ճան ըսե­լու պէս ըսենք նաեւ՝ Ջան Հա­յաս­տան։ Նոյնպէս եւ ատրպէյ­ճանցի­ները հա­յերը ջան պի­տի կո­չեն եւ ընդհա­կառա­կը։ Տա­րածաշրջա­նային խա­ղաղու­թեան բա­րիք­նե­րը բո­լորս պի­տի վա­յելենք։ Հի­մա ահա՛ առիթ մը եւս կայ խա­ղաղու­թեան»։

«Հա­յեր կ՚ըսեն, թէ Ղա­րաբա­ղը իրենցն է, ատրպէյ­ճանցի­ներ ալ կ՚ըսեն թէ իրենցն է։ Ո՛չ, Ղա­րաբաղ կը պատ­կա­նի Ղա­րաբա­ղի ժո­ղովուրդնե­րուն, միաս­նա­բար ապ­րիլ երա­զող ղա­րաբաղ­ցի հա­յերու ու ատրպէյ­ճանցի­ներու։ Սա­կայն ղա­րաբաղ­ցի հա­յեր մտա­հոգ են իրենց ապա­գայով եւ պէտք է ապա­հովել անոնց անվտան­գութիւ­նը», ընդգծեց Փայ­լան։

«Կոչ կ՚ուղղեմ , կը պա­հան­ջեմ սահ­մաննե­րու ան­յա­պաղ բա­ցու­մը։ Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նը պէտք է բա­ցուի։ Քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը առան­ձինն չեն կրնար կեր­տել խա­ղաղու­թիւնը։ Խա­ղաղու­թիւնը կը կա­յանայ երբ իրար­մէ հե­ռու մնա­ցած ժո­ղովուրդներ ող­ջա­գու­րո­ւին։ Պէտք է դռնե­րը բաց ըլ­լան։ Էրզրու­մի եւ Երե­ւանի պա­րը նոյնն է, այս ժո­ղովուրդնե­րը նոյն եր­գե­րով ար­ցունք կը թա­փեն ու կը զո­ւար­ճա­նան։ Եթէ այս ժո­ղով­դուրնե­րը ող­ջա­գու­րո­ւին՝ այն ժա­մանակ պի­տի տես­նէք որ իրա­րու ամե­նամօ­տիկ ժո­ղովուրդներն են ասոնք։ Կոչ կ՚ուղղեմ Էր­տո­ղանին ու Փա­շինեանին՝ ան­յա­պաղ բա­նալ սահ­մա­նադու­ռը։ Պր. Փա­շինեան խա­ղաղու­թեան հա­մար առիթ մըն է։ Խա­ղաղու­թիւն ու­զել կը նշա­նակէ ռիսք առ­նել։ Փա­շինեան կ՚առ­նէ այդ ռիս­քը։ Փա­շինեան խա­ղաղու­թեան ձեռք կը մեկ­նէ։ Այ­սօր պի­տի տես­նենք, թէ այդ ձեռ­քը կը սեղ­մեն, թէ ոչ։ Պր. Էր­տո­ղանէն կը խնդրեմ, որ սեղ­մէ Փա­շինեանի եր­կա­րած ձեռ­քը»։

Ապա Փայ­լան ըսաւ, թէ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն պէտք է ստանձնեն նաեւ եր­կու եր­կիրնե­րու խորհրդա­րան­նե­րը, մտա­ւորա­կան­նե­րը, լրագ­րողնե­րը, առեւտրա­յին ու տնտե­սական կա­ռոյցնե­րը, ոչ-կա­ռավա­րական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը։ Հուսկ ան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց եր­կու եր­կիրնե­րու յա­տուկ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն՝ Սեր­տար Քը­լըչի ու Ռու­բէն Ռու­բի­նեանի։

Փայ­լան մամ­լոյ ասու­լի­սի աւար­տին պա­տաս­խա­նելով իրեն ուղղո­ւած հար­ցումնե­րուն, հաս­տա­տեց, թէ ժո­ղովուրդնե­րը նա­խապա­շարում ու­նին իրա­րու նկատ­մամբ՝ ան­ցեալի ցա­ւերու, կո­րուստնե­րու պատ­ճա­ռով։ «Այս ցա­ւերու հետ առե­րեսուելու հա­մար պէտք է խօ­սիլ, յա­րաբե­րու­թիւն հաս­տա­տել», ըսաւ պատ­գա­մաւո­րը։ Ըստ իրեն, երեք եր­կիրնե­րու ազ­գայնա­կան­նե­րը կոմ­նա­կից չեն խա­ղաղու­թեան՝ իրենց իշ­խա­նու­թիւննե­րը շա­րու­նա­կելու հա­մար, սա­կայն երեք եր­կիրնե­րու մէջ ալ կան մար­դիկ, որոնք խա­ղաղու­թիւն կ՚ու­զեն, որոն­ցէ ձայն չ՚ել­լեր։ «Կոչ կ՚ուղղեմ, որ­պէսզի խա­ղաղա­սէր­նե­րու ձայ­նե­րը աւե­լի բարձր ըլ­լան», եզ­րա­փակեց իր ելոյ­թը Կա­րօ Փայ­լան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ