Կապանին մէջ հիւպատոսութեան բացումը կ'ամրապնդէ հայ-իրանական համագործակցութիւնը. Նախարար Ապտըլ Լահեան

Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան բացումը նպա­տակ ու­նի նոր խթան հա­ղոր­դե­լու հայ-իրա­նական յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն։ Այս մա­սին իրա­նեան Icana լրա­տուա­կան գոր­ծա­կալու­թեանն ըսած է Իրա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Հո­սէյն Ամիր Ապ­տըլ Լա­հիանը։

«Այս քայ­լը, որ պի­տի օգ­նէ ամ­րապնդե­լու Հիւ­սիս-Հա­րաւ ան­ցումա­յին ճա­նապար­հը, իրա­կանա­ցուած է եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ՝ մաս­նա­ւորա­պէս տնտե­սական ոլոր­տի մէջ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը զար­գացնե­լու ու ամ­րապնդե­լու նպա­տակով։ Իրա­նի հիւ­պա­տոսն ար­դէն սկսած է գոր­ծունեու­թիւնը Կա­պանի մէջ»,- ըսած է ան՝ աւելցնե­լով, որ Կա­պանի մէջ հիւ­պա­տոսու­թեան հիմ­նադրմամբ «ակա­նատե­սը պի­տի ըլ­լանք Իրա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ընդլայնմանն ու խո­րաց­ման»։

30 Սեպտմբե­րին Կա­պանի մէջ Իրա­նի նո­րան­շա­նակ գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Մոր­թե­զա Ապե­տին Վա­րամի­նին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանին յանձնած էր հիւ­պա­տոսա­կան ար­տօ­նագի­րը։ Միր­զո­յեան նշած էր, որ Իրա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոսու­թեան բա­ցու­մը կա­րեւոր եւ խորհրդան­շա­կան քայլ է, որ կը վկա­յէ Հա­յաս­տա­նի եւ Իրա­նի մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թիւնն աւե­լի խո­րաց­նե­լու եւ որա­կական նոր մա­կար­դա­կի հասցնե­լու երկկողմ պատ­րաստա­կամու­թեան մասին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ