Փրահայի հանդիպումը նոր հարցեր կը ծնի

6Հոկտեմ­բեր հինգշաբ­թի օր Չե­խիոյ մայ­րա­քաղա­քի մէջ կա­յացաւ Եւոր­պա­յի Քա­ղաքա­կան Հա­սարա­կու­թեան առա­ջին հան­դի­պու­մը։ Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Մաք­րո­նի եւ Եւ­րո­պայի Յանձնա­խումբի նա­խագահ Շառլ Մի­շելի նա­խաձեռ­նութեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետի եւ Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագա­հի մաս­նակցու­թեամբ հան­դի­պում մը։ Այս հան­դի­պու­մի կա­րեւոր ձեռքբե­րու­մը եղաւ հա­կամար­տող եր­կու պե­տու­թիւննե­րու իրա­րու հո­ղային ամ­բողջա­կանու­թիւնը ճանչնա­լու մա­սին յայ­տա­րարու­թիւննե­րը։ Այսպէ­սով հաս­տա­տած եղան թէ սա­հագծման աշ­խա­տանքնե­րը պի­տի կա­յանան 1991 թո­ւակիր Ալ­մա Աթա­յի շրջա­բերա­կանի հիմ­քին վրայ։

Այս քա­ռակողմ հան­դի­պու­մէն ետք վար­չա­պետ Փա­շինեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ նաեւ Թուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղանի հետ։

Հո­ղային ամ­բողջու­թիւնը ճանչնա­լու երաշ­խի­քը ինքնա­բերա­բար օրա­կար­գի կը բե­րէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան իրա­վիճա­կը։ Ինչպէս ծա­նօթ է Ար­ցա­խեան խնդրի ծագ­ման մէջ կա­րեւոր գոր­ծօն մը եղած էր 1991-ին Հա­րաւ Կով­կա­սեան երեք հան­րա­պետու­թիւննե­րու ազ­գա­յին պե­տու­թեան ձե­ւաչա­փով վե­րակազ­մութեան ձգտումնե­րը։ Այսպէս Վրաս­տա­նի մէջ Հա­րաւա­յին Օսե­թիոյ, Ապ­ղա­զիոյ, Աճա­րիոյ իսկ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի ինքնա­վար հան­րա­պետու­թիւննե­րու լու­ծարկման գոր­ծընթա­ցը։ Արիւ­նա­լի կռիւ­նե­րու հե­տեւան­քով Ապ­ղա­զիա եւ Հա­րաւա­յին Օսե­թիա Վրաս­տա­նէն ան­ջա­տուե­լով մաս կազ­մե­ցին Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան։ Իսկ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ գո­յացաւ Ար­ցա­խի ինքնա­կոչ Հան­րա­պետու­թիւնը։ Ալիեւ այս հանգրո­ւանին հա­մար­ձա­կու­թիւն կը գտնէ պնդե­լու հա­մար թէ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւնը իր երկրի քա­ղաքա­ցիներն են եւ ինք կ՚որո­շէ անոնց հետ երբ եւ որ եղա­նակով խօ­սելու մա­սին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ