Ընտրութիւնները լուծո՞ւմ, թէ նոր շփոթներու աղբիւր

«Ակօս»ի նախ­կին թի­ւերու մէջ բա­զում ան­գամներ ար­ձա­գանգ գտած են 18 Յու­նիս թո­ւակա­նին Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան պաշ­տօ­նաթեր­թին մէջ հրա­պարա­կուե­լով գոր­ծադրու­թեան դրո­ւած փոք­րա­մաս­նութեան հա­մայնքնե­րու հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը կար­գա­ւորող կա­նոնագ­րի թե­րու­թիւննե­րը։

Այժմ հա­սած ենք այդ թե­րացումնե­րով ընտրու­թիւն կա­տարե­լու հանգրուանին։ Հաղ հա­մայնքի հա­մար գլխա­ւոր թե­րացու­մը կը յայտնո­ւի Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ընտրու­թիւննե­րուն առ­կա­խու­մով։ Ապա աւան­դա­բար ամ­բողջ հա­մայնքի ձայ­նե­րով ընտրու­թիւն կա­տարե­լուն հա­մար հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւն կո­չու­մով յի­շուած մեր հինգ հաս­տա­տու­թիւննե­րը նոր կա­նոնագ­րի բեր­մամբ սահ­մա­նափա­կուած են իրենց ընտրաշրջան­նե­րով։ Այս մա­սին կա­տարուած բա­րեփոխ­ման դի­մումնե­րը ան­պա­տաս­խան մնա­ցած են։ Կ՚ար­ժէ յի­շել թէ նա­խորչ կա­նոնագ­րի բա­րեփոխ­ման պա­հան­ջը գո­յացած էր թաղային սահ­մա­նափա­կումնե­րէ։ Բնակ­չութիւն չ՚ու­նե­ցող թա­ղերու հա­մար կա­րեւոր ար­գելք մը հան­դի­սացող այս խնդրի լու­ծումը ընտրու­թեան տա­րած­քը ընդհան­րացնելն էր։ Յայտնի է որ որոշ շրջա­նակ­ներ հա­մոզո­ւեցան թէ նման ընդլայ­նա­ցու­մը ար­գելք է իրենց իշ­խա­նու­թիւնը պա­հելու հա­մար։ Այդ առու­մով ալ փակ դռնե­րու ետին ապա­հովե­ցին այս սահ­մա­նափա­կող դրու­թիւնը։

Նման դժգո­հու­թիւններ ի զօ­րու են նաեւ յատ­կա­պէս յոյն հա­մայնքի հա­շուոյն, քա­նի որ այս հա­մայնքը ու­նի ամենա­շատ թի­ւով հիմ­նարկներ եւ ամե­նանո­ւազ թի­ւով ընտրող­ներ։

Հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքէ ներս ալ Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեան կը պա­հան­ջէ ընտրու­թիւննե­րուն Հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքով սահ­մա­նու­մը, իսկ ան­դին Փան­կալթըի Մխի­թարեան Միաբա­նու­թիւնը որո­շած է Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ ան­դամնե­րուն ալ ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցին նե­րառու­մը, եթէ անոնք տեղ գտած են Մխի­թարեանի ընտրա­ցան­կե­րուն մէջ։

Պար­զ է որ ընտրու­թիւննե­րը պի­տի կա­յանան, բայց այս մա­սին հա­կաճա­ռու­թիւննե­րը պի­տի շա­րուա­կուին տա­կաւին եր­կար ժամանակ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ