Համամարդկային հարազատութիւն (Բ)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ամիտա­յի մեր առա­­ջին գի­­շերը աւար­­տած էր «Համ­­րա­­­վատ» զբօ­­սայ­­գիի մէջ ընթրի­­քով։ Կի­­րար­­կե­­­ցինք նա­­խա­­­­պէս ճշդո­­­ւած ծրա­­­գիրը եւ յա­­­ջորդ օր մեր­­­ժե­­­­­­­լով հիւ­­­րա­­­­­­­նոցի նա­­­խաճա­­­շը փու­­­թա­­­­­­­ցինք պատ­­­մա­­­­­­­կան Հա­­­սան փա­­­շա խա­­­նը, որ ծա­­­նօթ է տե­­­ղական խո­­­հանո­­­ցի յա­­­տուկ նա­­­խաճա­­­շի սպա­­­սար­­­կութեամբ։ Սա­­­կայն պար­­­տինք նշել թէ այս որո­­­շու­­­մը այնքան ալ տե­­­ղին չէր եղած, տրո­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լով որ ամ­­­բողջո­­­վին զբօ­­­սաշրջա­­­կան արա­­­րողա­­­կար­­­գի մը վե­­­րածո­­­ւած այդ սպա­­­սար­­­կութիւ­­­նը հե­­­ռու էր մեր ակնկա­­­լու­­­թիւննե­­­րէն եւ ամէն ինչ կը կա­­­տարո­­­ւէր զբօ­­­սաշրջիկ­­­նե­­­­­­­րը գո­­­հաց­­­նե­­­­­­­լու մի­­տու­­մով։

Աւար­­տին մեր իզ­­մի­­­րաբ­­նակ բա­­րեկա­­մու­­հիի ու­­սա­­­նողին տրա­­մադ­­րած ինքնա­­շար­­ժով մեկ­­նե­­­ցանք դէ­­պի Մար­­տին։ Հիւ­­րա­­­նոց տե­­ղաւո­­րուե­­լէ ան­­մի­­­ջապէս ետք այ­­ցե­­­լեցինք քա­­ղաքի պատ­­մա­­­կան շու­­կան։ Շու­­կան եւ Մար­­տի­­­նի փո­­ղոց­­նե­­­րը այ­­ցե­­­լու­­յին վրայ կը թո­­ղուն այնպի­­սի տպա­­ւորու­­թիւն մը, ուր մարդ կրնայ շփո­­թիլ ժա­­մանա­­կի հա­­սկա­­ցողու­­թիւնը։ Պահ մը կա­­րելի է են­­թադրել թէ նոյ­­նիսկ դա­­րեր առաջ այս փո­­ղոց­­նե­­­րը նոյն ապ­­րումնե­­րը կ՚ու­­նե­­­նային։

Շու­­կա­­­յի մէջ ամե­­նահ­­րա­­­պու­­րիչ վայ­­րե­­­րը տե­­ղական ար­­տադրու­­թիւնով եւ զա­­նազան բոյ­­սե­­­րու մշակումով պատ­­րաստուած օճառ­­ներն էին եւ ասո­­րինե­­րու յա­­տուկ տնա­յին գի­­նիները։

Գի­­նիի ար­­տադրու­­թիւնը Մար­­տի­­­նի մշա­­կոյ­­թի կա­­րեւոր բա­­ղադ­­րիչնե­­րէն մէկն է։ Անոր վա­­յելած համ­­բա­­­ւը հետլհե­­տէ սկսած է գե­­րազան­­ցել ոչ միայն քա­­ղաքի, այլ ամ­­բողջ Մար­­տի­­­նի տա­­րած­­քը։

Յե­­տոյ ինչպէս ամե­­նու­­րէք, այստեղ ալ ու­­լունքնե­­րով պատ­­րաստո­­ւած զար­­դե­­­րը մեծ հե­­տաքրքրու­­թեան կ՚ար­­ժա­­­նանան։

Այս քա­­ղաքին մէջ եւս ու­­նէինք բա­­րեկամ­­ներ, որոնց հետ կար­­ծես մէկ գի­­շեր առա­­ջուայ զրոյցնե­­րու շա­­րուա­­կու­­թիւնը կ՚ապ­­րէինք, այս ան­­գամ «Զե­­լալ» սրճա­­րանի եր­­դի­­­կին տակ։

Յա­­ջորդ օր ուղղո­­ւեցանք Թուր Ապ­­տի­­­նի կա­­րեւոր քա­­ղաք­­նե­­­րէն Մի­­տեաթ։ Այ­­ցե­­­լելու հա­­մար պատ­­մա­­­կան Մոր Կապ­­րիէլի կամ ալ տե­­ղական անո­­ւանու­­մով Տէյ­­րուլ Ու­­մուր վան­­քը։ Քրիս­­տո­­­նէու­­թեան վաղ շրջան­­նե­­­րէն մեր օրե­­րուն հա­­սած Մոր Կապ­­րիէլ ու­­նի նաեւ վա­­նական դպրոց, ուր կը դա­­սաւան­­դո­­­ւի ասո­­րերէ­­նը եւ ասորեցուոց պատ­­մութիւ­­նը։

Այդ նոյն օր այ­­ցե­­­լեցի­­նիք նաեւ Սա­­ւուր գա­­ւառի Քըլ­­լըթ կամ թրքա­­ցուած անո­­ւանու­­մով Տե­­րէիչի գիւ­­ղը։ Գիւ­­ղը ու­­նի ուղղա­­փառ, կա­­թողի­­կէ եւ բո­­ղոքա­­կանաց երեք եկե­­ղեցի­­ներ, որոնցմէ կը գոր­­ծէ միայն Ասո­­րի ուղղա­­փառ եկե­­ղեցին։ Նա­­խապէս ամ­­բողջու­­թեամբ ասո­­րինե­­րով բնա­­կեցուած գիւ­­ղը, այ­­սօր մեծ մա­­սով լքո­­ւած է, ուր կ՚ապ­­րի միայն մէկ ասո­­րի եւ քա­­նի մը քիւրտ եւ արաբ ըն­­տա­­­նիք­­ներ։ Յի­­շենք որ վեր­­ջերս ցու­­ցադրո­­ւած «Դուռ» անուն գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ֆիլմն ալ նկա­­րահա­­նուած էր այս գիւ­­ղին մէջ։

Մար­­տի­­­նի վեր­­ջին օրո­­ւայ ծրագ­­րով այ­­ցե­­­լեցինք, մի այլ պատ­­մա­­­կան վանք՝ Տէյ­­րուլ Զա­­ֆարան, որ կա­­ռու­­ցո­­­ւած է հե­­թանո­­սական տա­­ճարի մը հիմ­­քե­­­րուն վրայ։

Այստեղ եւս զգա­­ցինք զբօ­­սաշրջու­­թեան հե­­տեւան­­քով այ­­լա­­­սեր­­ման խիստ սո­­վորա­­կան երե­­ւոյ­­թը։ Երբ ամէն օր բազ­­մա­­­թիւ զբօ­­սաշրջիկ­­ներ կ՚այ­­ցե­­­լեն այս կամ այն վայ­­րը, ինքնա­­բերա­­բար կը գո­­յանայ այնպի­­սի կար­­գադրու­­թիւններ, որոնց հե­­տեւան­­քով այդ վայ­­րը կը կորսնցնէ իր սո­­վորա­­կան խա­­ղաղու­­թիւնը։ Այդտեղ կա­­րելի է շրջել «չկայ չա­­րիք, ու­­նե­­­նայ բա­­րիք» ասա­­ցուած­­քը եւ ըսել «Չկայ բա­­րիք, ու­­նե­­­նայ չա­­րիք»։ Ար­­դա­­­րեւ զբօ­­սաշրջու­­թիւնը որ վայ­­րի մը զար­­գացման գրա­­ւակա­­նը կա­­րելի է հա­­մարել, իր հետ կը բե­­րէ նաեւ մթնո­­լոր­­տի խան­­գա­­­րում նոյ­­նիսկ ապա­­կանում։ Այդ է պատ­­ճա­­­ռը որ Եւ­­րո­­­պայի կարգ մը պատ­­մա­­­կան քա­­ղաք­­ներ կ՚ու­­զեն հրա­­ժարիլ զբօ­­սաշրջու­­թեան պար­­գե­­­ւած բա­­րիք­­նե­­­րէն, որ­­պէսզի կա­­րենան պա­­հել իրենց աւան­­դա­­­կան ար­­ժա­­­նիք­ները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ