Ուղիներու ժապաւէնը ո՞ւր կը տանի (Բ)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Այս ու­ղե­ւորու­թեան մէջ փո­խանակ Հոկ­տեմբեր ամ­­սու վեր­­ջին օրե­­րուն, կը վա­­յելենք եղա­­նակի ընդձե­­ռած յար­­մա­­­րու­­թիւննե­­րը։ Այսպէս 30 Հոկ­­տեմբեր կի­­րակի առա­­ւօտ նա­­խաճա­­շէ ան­­մի­­­ջապէս ետք հրա­­ժեշտ առինք մեր իջե­­ւանած հիւ­­րա­­­նոցէն եւ Քըրքլա­­րէլի քա­­ղաքէն։ Հան­­րա­­­շար­­ժը սկսաւ սու­­րալ բազ­­մա­­­շերտ կպրու­­ղիի վրայ դէ­­պի Էտիր­­նէ, կամ եր­­բեմնի անու­­նով Ատ­­րիանու­­պո­­­լիս։ Պի­­տի այ­­ցե­­­լենք հա­­յերէն եր­­գի­­­ծան­­քի մեծ վար­­պետ Յա­­կոբ Պա­­րոնեանի ծննդա­­վայ­­րը։ Հե­­զասահ ճամ­­բորդու­­թիւն մըն է այս, որ կը տե­­ւէ հա­­զիւ մէկ ժամ եւ քա­­ղաքի մուտքին մեր դի­­մաց կը պար­­զո­­­ւի Օս­­մա­­­նեան մշա­­կոյ­­թի հան­­ճա­­­րեղ ճար­­տա­­­րապետ հայ ծա­­գու­­մով կե­­սարա­­ցի Սի­­նանի գլուխ գոր­­ծո­­­ցը՝ Սե­­լիմի­­յէի մզկի­­թը։

Այդ գե­­ղեցիկ հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին դէմ մեր ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը բա­­ցատ­­րութիւններ կը փո­­խան­­ցէ մեծ ճար­­տա­­­րապե­­տի ամե­­նահա­­սուն շրջա­­նին կա­­ռու­­ցած այս գե­­ղակերտ տա­­ճարի վե­­րաբե­­րեալ։

Ան կը զգու­­շացնէ մեզ ու­­շադրու­­թիւն դարձնել մզկի­­թի աշ­­տա­­­րակ­­նե­­­րուն՝ այ­­սինքն մի­­նարէ­­ներուն նկատ­­մամբ։ Ճա­­կատով որ կը մօ­­տենանք մզկի­­թին մեր դի­­մաց յստա­­կօրէն կը տես­­նենք զոյգ մի­­նարէ­­ները։ Ճար­­տա­­­րապե­­տի հան­­ճա­­­րեղ միտքն է այդ, որ մեծ վար­­պե­­­տու­­թեամբ ան­­տե­­­սանե­­լի դար­­ձուցած է մնա­­ցեալ եր­­կու մի­­նարէ­­ները։ Ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը կը հաս­­տա­­­տէ թէ անոնք ան­­տե­­­սանե­­լի են արե­­ւել­­քէն, արեւ­­մուտքէն, հա­­րաւէն կամ հիւ­­սի­­­սէն ուղղա­­կի հա­­յեացքնե­­րու դի­­մաց։ «Հա­­զիւ քո­­վըն­­տի հա­­յեաց­­քով կը տես­­նենք թէ անոնք ոչ թէ եր­­կու, այլ չորս են»։

Բո­­լորս ու­­շա­­­դիր ենք եւ հե­­տաքրքիր, տես­­նե­­­լու հա­­մար այս գե­­ղակերտ կա­­ռոյ­­ցը։ Բայց ափ­­սոս քա­­նի մը ժամ ետք մեզ սպա­­սողը հիաս­­թա­­­փու­­թիւն մըն է, քա­­նի որ մզկի­­թը նո­­րոգու­­թեան մէջ է եւ մենք այ­­ցե­­­լու­­ներս այդ հսկայ տա­­ճարը ըն­­բոշխնե­­լու հա­­մար սահ­­մա­­­նուած ենք հա­­զիւ սե­­նեակի մը տա­­րողու­­թիւնով։

Մնա­­ցեալ բա­­ժին­­նե­­­րը փակ են այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րու դի­­մաց։

Նախ­­քան քա­­ղաք մտնե­­լը այ­­ցե­­­լած էինք Գա­­րաաղաչ գիւ­­ղը։ Այս գիւ­­ղը ու­­նէր հե­­տաքրքրա­­կան պատ­­մութիւն մը, քա­­նի որ ան կռո­­ւախնձոր դար­­ձած էր սահ­­մա­­­նագծման շրջա­­նին։ Ինչպէս յա­­ճախ կը պա­­տահի, Ատ­­րիանա­­պոլ­­սոյ մէջ ալ սահ­­մա­­­նը ճշդե­­լու հա­­մար օգ­­տո­­­ւած են Մե­­րիչ գե­­տի ափե­­րէն։ Միայն այս գիւղն է, որ առար­­կած էր այդ սահ­­մա­­­նագծման եւ յա­­ջողած է իր կամ­­քը պար­­տադրել նե­­րառե­­լով Մե­­րիչի կամ յու­­նա­­­րէնով Էվ­­րո­­­սի եւ կամ պուլղա­­րերէ­­նով Մա­­րիցա­­յի եր­­կու ափերն ալ պա­­հել իր գիւ­­ղի սահ­­մաննե­­րուն մէջ։ Այս յա­­ջողու­­թիւնը տեղ գտած է Լո­­զանի դաշ­­նագրին մէջ, որու յի­­շատա­­կին կո­­թող մը տե­­ղադ­­րո­­­ւած է գիւ­­ղի կեդ­­րո­­­նին։ Գա­­րաաղաչ գիւ­­ղի տե­­սար­­ժան վայ­­րե­­­րէն մէկն է նաեւ եր­­բեմնի շո­­գեկառ­­քի կա­­յարա­­նը, որ ներ­­կա­­­յիս կը շա­­հագոր­­ծո­­­ւի Թրա­­քիոյ հա­­մալ­­սա­­­րանի կող­­մէ։

Ատ­­րիանա­­պոլի­­սը դար­­ձեալ բազ­­մազգի քա­­ղաք մը եղած է։ Պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալէն շատ քիչ նմոյշներ հա­­սած են մեր օրե­­րուն։

Մեր այ­­ցե­­­լու­­թեան մա­­սին ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը կը փո­­խան­­ցենք յա­­ջորդ թի­ւով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ