Միլտանօղլուի հետ հայ մշակոյթի հետքեր

Ճարտա­րապետ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու 3 Նո­յեմ­բեր հինգշաբ­թի երե­կոյ Փան­կալթըի «Նոս­թալժի» գրա­խանու­թ-սրճա­րանի մէջ հան­դէս եկաւ բա­նախօ­սու­թիւնով մը, որուն խո­րագիրն էր «Անա­թոլիայի մէջ հա­յոց մշա­կու­թա­յին հետ­քե­րը»։

Միլ­տա­նօղ­լու իր զե­կոյ­ցին սկսաւ նախ բնու­թագրե­լով խո­րագ­րի երեք բա­ղադ­րիչնե­րը՝ Անա­թոլիա, հայ եւ մշա­կոյթ։ Հաս­տա­տեց Անա­թոլիա աշ­խա­րահագ­րա­կան ըն­կա­լու­մի սահ­մաննե­րը, թէ պատ­մա­կան եւ թէ այժմէական հա­մոզումնե­րու տե­սան­կիւնէն։ Ան­ցեալին Անա­թոլիա եզրը Հռո­մէն դէ­պի արե­ւել­քի իմաս­տով գոր­ծա­ծուած է։ Հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ շրջա­նին ընդլայ­նե­ցաւ նե­րառե­լով հայ­կա­կան բարձրա­քան­դա­կը եւ Մի­ջագետ­քը։ Ապա հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յացուց հայ ժո­ղովուրդի առաս­պե­լական եւ գի­տական պատ­մութեան յատ­կանշա­կան դրո­ւագ­նե­րը, ինչպի­սին են քրիս­տո­նէու­թեան ըն­դունու­մը, գի­րերու գիւ­տը եւ այլն։

Միլ­տա­նօղ­լու վեր­ջա­պէս ծան­րա­ցաւ մշա­կոյթ բա­ռի ծա­ւալին։ Նշե­լով թէ մարդկու­թեան կու­տա­կած բո­լոր գի­տելիք­նե­րը այդ եզ­րի մաս­նիկներն են։ Ան նաեւ այս հա­տուա­ծի մէջ անդրա­դար­ձաւ հայ ժո­ղովուրդի երեք սրբու­թիւննե­րուն, եկե­ղեց­ւոյ, դպրո­ցի եւ մա­մու­լի հա­յուն հա­մար պար­զած նշա­նակու­թեան։

Ինչպէս ծա­նօթ ենք իր նա­խորդ բա­նախօ­սու­թիւննե­րէն, այս ան­գամ ալ պատ­մածնե­րուն զու­գա­հեռ ցու­ցադրեց զա­նազան լու­սանկար­ներ, որոնց մէկ մա­սը առ­նո­ւած էր իր ոսպնեակէն եւ մէկ մասն ալ փո­խացո­ւած էին ան­ցեալէն, իբ­րեւ պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն։

Լու­սանկար­նե­րու ցու­ցադրու­թիւնով տե­սակ մը յար­գանքի տուրք մա­տու­ցած եղաւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին, եր­ջանկա­յիշա­տակ ճար­տա­րապետ Սամ­վէլ Կա­րապե­տեանին, երբ կը ցու­ցադրէր մշա­կու­թեային ցե­ղաս­պա­նու­թեան խօ­սուն նմոյշնե­րը։ Իս­կա­պէս ալ հե­տեւող­նե­րուն հա­մար ցնցիչ էր Մշոյ Սուրբ Կա­րապե­տի կամ Վաս­պուրա­կանի Վա­րագայ Վան­քի քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին ոչնչաց­ման երե­ւոյթնե­րը։

Բա­նախօ­սը այս բաժ­նին մէջ երախ­տի­քով յի­շեց վի­պագիր Եաշար Քե­մալը, որու ջան­քե­րով փլու­զումէն փրկո­ւած էր Աղ­թա­մար կղզիի գե­ղակերտ Սուրբ Խաչ Եկե­ղեցին։

Բա­նախօ­սու­թեան ըն­թացքին ցու­ցադրուած նկար­նե­րու զու­գա­հեռ անդրա­դարձներ եղաւ Կե­սարիա, Մուշ, Վան, Երզնկա, Կու­տի­նա, Տար­տա­նել, Այնթապ, Եդե­սիա, Տրա­պիզոն, Մա­լաթիա, Արաբ­կիր, Արթվին, Կարս, Ատա­նա, Ան­գա­րա քա­ղաք­նե­րու հայ­կա­կան ան­ցեալի մա­սին։

Հար­ցում պա­տաս­խա­նի բաժ­նին մէջ օրա­կար­գի եկաւ մահ­մե­տական(աց)ուած հա­յերու եւ անոնց ինքնու­թեան վե­րադառ­նա­լու նիւ­թը, որուն բա­նախօ­սը հան­գա­մանօ­րէն պա­տաս­խա­նեց իր իսկ ակա­նատես եղած փոր­ձութիւննե­րէն ալ օրի­նակ­ներ բե­րելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ