Ծու՞ռ, թէ շիտակ

Չգիտեմ, թէ ո՞ւր ենք գնալու,

Բայց գիտեմ, որ ինչ էլ պատահի,

Աշխարհում մենք մե՛նք ենք մնալու՝

Ճեղքելով չարութիւնն աշխարհի։

Համօ Սահեան

Երբ երկու անձ վիճում են կրօնից՝

նրանցից մէկը անգիտակից է։

Արաբական

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
ՍԵՆ ՌԱՖԱՅԷԼ

Ընդա­մէնը քա­նի մը օր առաջ Երե­ւանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՀ-Սփիւռք հա­մահայ­կա­կան գա­գաթ­նա­ժողո­վի մեկ­նարկը, որուն 600-էն աւե­լի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին ըլ­լա­լու բախտն ու առի­թը չու­նե­ցանք՝ ինչպէս նախ­կի­նին, բայց մա­մու­լի մի­ջոցով փոր­ձե­ցինք տե­ղեկա­նալ անց ու դար­ձին եւ պար­զո­ւեցաւ, որ բա­զում էին խօսք առ­նողնե­րը, տար­բեր եւ կա­րեւոր, մեզ ան­հանգստաց­նող խնդիր­նե­րու շուրջ հնչե­ցու­ցած կար­ծիք, ահա­զանգ, միայն թէ ոչ մէկ վստա­հու­թիւն կայ, որ նա­խորդնե­րու նման այն պի­տի չմնայ թղթի վրայ, որ­պէս գե­ղեցիկ նպա­տակ­նե­րու նմոյշ եւ մի բան, որ ան­ցանկա­լի է՝ այդ ելոյթնե­րու զգա­լի մէկ մա­սը եղեր է օտար լե­զուով եւ յայտնի չէ, թէ մին­չեւ ե՞րբ կա­րելի է հան­դուրժել նման կա­ցու­թեան։ Ար­դեօք պէտք է զար­մա­նա՞լ, թէ ող­բալ, որ մայ­րե­նի լե­զուի տի­րապե­տելը նո­ւազ կա­րեւոր է, քան որե­ւէ այլ լե­զուի՝ ո՛ւր գե­րակայ է անգլե­րէնը՝ առանց նշե­լու քա­ղաքին տի­րող բա­զում ցու­ցա­նակ­նե­րու այ­լանդա­կու­թիւնը։ Ա՜խ, երա­նի միայն այդ ըլ­լար շտկե­լիք։

Ոչ ոքի հա­մար գաղտնիք չէ, եւ շա­տերը վա­ղուց հաս­կցած են, որ մեր առ­ջեւ ծա­ռացած մար­տահրա­ւէր­ներն են՝ ՀՀ խա­ղաղու­թեան հաս­տա­տու­մը եւ Ար­ցա­խի վի­ճակի վերջնա­կան լու­ծումը եւ անհրա­ժեշտ քայ­լե­րու մարմնա­ցու­մը ինքնո­րոշ­ման մի­ջազ­գա­յին ձե­ւաչա­փով։ Միայն թէ այդ բո­լորը միայն մեր ցան­կութեան հետ չէ կա­պուած, այլ բա­զում խան­գա­րող տար­րե­րու, ուր կա­րեւոր դեր ու­նի ազե­րի-թուրքի ան­յագն ախոր­ժա­կը, փաստ, որ սահ­մա­նագ­ծի անընդմէջ կրա­կոց­նե­րը դա­դար չու­նին։ Ին­չո՞ւ է այդ վի­ճակը կա­րեւոր։ Թե­րեւս պէտք եղած ժա­մանա­կին ճի՛շժ քայ­լեր առ­նե­լու իմաս­տութիւ­նը չենք ու­նե­ցած եւ այ­սօր կը կրենք այդ լու­ծը։ Բա­ցառո­ւած չէ, որ այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կենք ընել այլ նման ու հա­մազօր սխալ­ներ, եթէ ոչ աւե­լի, միայն թէ դեռ ոմանք չեն հաս­կա­ցած, որ միաս­նա­կանու­թեան մա­սին ճա­ռելը տար­բեր ամ­պիոն­նե­րէն՝ կը մնայ բար­բանջանք։

Երկրին «անգնա­հատե­լի ծա­ռայու­թիւն» մա­տու­ցե­լու հա­մար՝ (վար­չա­պետին դէմ էր ողջ հո­գեւոր դա­սը) Փու­թի­նի կող­մէ շքան­շա­նակիր կա­թողի­կոսի հրա­ւէրով նախ­կին նա­խագահ­նե­րու հետ քննար­կումնե­րու ժա­մանակ՝ ըստ մա­մու­լի, Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանը առա­ջար­կած է խու­սա­փիլ ցա­ւոտ լու­ծումնե­րէն եւ միասին վար­չա­պետին օգ­նել, նո­ւազ ցա­ւոտ լու­ծումն ընտրել ու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը անոր հետ կի­սել։ Ըստ էու­թեան, առա­ջար­կը բո­լորի սրտով չէր եւ պա­տաս­խա­նը կ՚ըլ­լայ, թէ «Նի­կոլի հետ խօ­սելու կա­րիք չկայ, եւ նրան մնում է միայն հե­ռանալ»՝ միեւ­նոյն յան­գերգը։ Այս է մեր փրկիչ­նե­րու ու­նե­ցած միակ ծրագ­րի առար­կա­յական եւ հո­գեբա­նական մտա­հորի­զոնը եւ ինչպէս լու­սա­հոգի մայրս կ՚ըսէր՝ կար­միր կո­վը կա­շին չի փո­խեր։

Բա­ցի այդ, միաժա­մանակ սկսած են Գե­րագոյն հո­գեւոր խորհրդի ժո­ղովի աշ­խա­տանքնե­րը, ուր տար­բեր ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րու հետ քննար­կո­ւած են Եկե­ղեց­ւոյ կրթա­կան եւ դաս­տիարակ­չա­կան առա­քելու­թեանն առնչո­ւած հար­ցեր։ Անդրա­դարձ կա­տարո­ւած է ՀՀ եւ Ար­ցա­խի շուրջ ստեղ­ծո­ւած ծանր իրա­վիճա­կին, ուր հիմ­նա­կան դրոյ­թը եղած է 44-օրեայ պար­տութեան փաստ-զգա­ցու­մէն առա­ջացած պար­տո­ւողա­կանու­թեան հո­գեբա­նու­թեան սրբագ­րումը, շեշ­տե­լով՝ պար­տութիւ­նը աւե­լի նո­ւազ կոր­ծա­նարար է քան պար­տուողա­կանու­թիւնը՝ հուսկ եթէ ոչ զար­մա­նալի՝ ապա տա­րօրի­նակ կը հնչէ ՀՀ իշ­խա­նու­թեանը ուղղո­ւած պատ­գամ-հրա­մանա­գիրը՝ «Վե­րականգնել տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թիւնը, կան­խել մարդկա­յին ու տա­րած­քա­յին հնա­րաւոր նոր ցա­ւալի կո­րուստնե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին հար­թակնե­րուն հե­տեւո­ղակա­նօրէն պաշտպա­նել Ար­ցա­խի ժո­ղովրդի ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքը», որ ցոյ­ցե­րու կո­չերի «ստե­րէօ» կրկնու­թիւնն է հո­գեւո­րական­նե­րու կող­մէ եւ դեռ աւե­լին։

Նո­յեմ­բե­րի 5-ին Երե­ւանի Ֆրան­սա­յի հրա­պարա­կին կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ընդդի­մու­թեան Միաս­նութեան հան­րա­հաւա­քը՝ ըստ մա­մու­լի 5620 մաս­նակիցով եւ Ռո­բերտ Քո­չարեանի մաս­նակցու­թեամբ, յայ­տա­րարած գլխա­ւոր նպա­տակով՝ վե­րականգնել Հա­մահայ­կա­կան զար­թօնքի միաս­նա­կանու­թիւնը։ Իսկ հան­րա­հաւա­քի բաց­ման ելոյ­թով հան­դէս եկած է Տա­ւու­շի թե­մի հո­գեւոր առաջ­նորդ Բագ­րատ եպիս­կո­պոս Գալստա­նեանը, որ մեր իմա­ցակա­նու­թեամբ՝ այդ ամ­պիոնը ոչ միայն իր կո­չու­մին, կար­գին հա­մապա­տաս­խան չէ՝ պարզ չէ, թէ որո՞ւ ցուցմունքով կամ հրա­մանով ան յայտնո­ւած է այդ հար­թա­կին։ Նաեւ, ան ճա­նաչո­ւած է ամիս­ներ առաջ, վար­չա­պետի մո­լեգին հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջողնե­րէն մէ­կը եւ բարձրա­խօսը։

Ծայ­րա­յեղ չեն Տա­ւու­շի թե­մի առաջ­նորդի ցան­կութիւն-պա­հանջնե­րը եւ հա­մոզ­մունքը, թէ «Հա­յոց եռա­գոյ­նը պի­տի վերստին ծա­ծանի Քար­վա­ճառի լեռ­նա­լան­ջե­րուն, Արաք­սի հո­վիտ­նե­րուն, Շու­շիի եւ Հադ­րութի բար­ձունքնե­րուն՝ որ­պէս հա­յոց սահ­մաննե­րու պա­տուի եւ ար­ժա­նապա­տուու­թեան վե­րահաս­տատման եւ նոր վե­րականգնման ար­շա­լոյս»։ Ի՞նչ փա­ռահեղ մտքեր։

Եթէ սո­փես­տութիւն չհա­մարենք այդ ու­ղերձնե­րը, ապա ան­կա­րելի է հարց չտալ, թէ ո՞վ է դէմ այդ բո­լորին, եւ ո՞ր հայն է, որ չէ երա­զած, միայն թէ այդ կո­չերը հնչեց­նողնե­րը չեն ըսեր թէ ի՞նչ ծրագ­րե­րով, ո՞ր մի­ջոց­նե­րով այն իրա­գոր­ծել եւ ար­դեօք ար­դէ՞ն թուրք-ազե­րի ոհ­մակնե­րու եւ մեր ներ­քին պա­ռակ­տութիւննե­րու ծուռ ու շի­տակ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ու խնդիր­նե­րը լու­ծո­ւա՞ծ են, այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նի՞ն անոնք եւ մի­թէ այդ ամէ­նը կա­խում ու­նի միա՞յն մեր ցան­կութե­նէն։

Ինչ լաւ կ՚ըլ­լար, եթէ ամէն ոք, կա­րողա­նար իր դրան առ­ջե­ւը մաք­րել եւ երկրի հոգ­սե­րով տա­ռապող հո­գեւոր հայ­րե­րը մտա­ծէին կա­թողի­կոսի ցմահ գա­հակա­լու­թեան եւ կու­սակրօ­նու­թեան ճղճիմ խնդիր­նե­րու վե­րաց­ման մա­սին, թե­րեւս որոշ հար­ցեր լու­ծում գտնէին։

Որո՞ւ հա­մար է գաղտնիք, որ ՀՀ եւ Ար­ցախն նե­րառեալ կը գտնո­ւին տագ­նա­պի դէմ դի­մաց, որ կա­րող է ըլ­լալ ճա­կատագ­րա­յին, իսկ պա­ռակ­տո­ւած հա­սարա­կու­թեան բո­լոր հա­տուած­նե­րը մէկ­տեղ, դեռ կը շա­րու­նա­կեն ներ­քա­ղաքա­կան եւ ներխմբա­յին, եթէ չը­սենք գրե­թէ կլա­նային քայ­լեր ընել եւ առա­ւել ցա­ւալի՝ դուրսէն թե­լադ­րո­ւող վէ­ճերու հար­թա­կը թէ­ժաց­նել, փո­խանակ բազ­մագլուխ թշնա­միի դէմ առ­ճա­կատու­մի։

Ոմանք կը կար­ծեն եւ գու­ցէ հա­մոզուած են՞, թէ մեր գլխուն եկած դժո­խային չա­րիքը միայն իրենց է բա­ժին հա­սած, մո­ռանա­լով, որ այն հա­մահայ­կա­կան է եւ ողջ ազ­գի դէմ էր յայ­տա­րարո­ւած պա­տերազ­մը՝ ոչ միայն իշ­խող կու­սակցու­թեան։ Ազգն է, որ ող­բա­լի եւ կա­րեկ­ցե­լու վի­ճակ ու­նի։ Դժբախ­տա­բար ան հա­տուա­ծային չէ, այլ բո­լորը կը ող­բան մեր զո­հերու կո­րուստը անոնց ծնող­նե­րու հետ մէկ­տեղ։

Բա­ւական է, ժա­մը վա­ղուց հա­սած է լրջա­նալու եւ անի­մաստ ցոյ­ցե­րով ու բա­ցական­չութիւննե­րով ազ­գի ցաւն ու ող­բը սե­փակա­նաց­նե­լով շա­հար­կել, կեղծ եւ ատե­լու­թեան մթնո­լորտ ստեղ­ծել միայն ու միայն իշ­խա­նատեն­չութեան նպա­տակ­նե­րով։ Այդ չէ եր­կիր վե­րակա­ռու­ցե­լու ճիշդ ու միակ ճա­նապար­հը։ Կան աւե­լի ուղղա­միտ եւ փոր­ձո­ւած ու­ղի­ներ։ Իրար հայ­հո­յելն ու ամ­բաստա­նելը միայն թշնա­մուն օգ­տա­կար է եւ որ­քա՞ն կա­րող է տի­րել ա՛յդ ան­բո­վան­դակ կա­ցու­թիւնը։ Երիցս ցա­ւալի է որ մեր հա­սարա­կու­թիւնը կորսնցու­ցած է իրա­տեսու­թեան եւ երե­ւոյթնե­րուն ճիշդ որա­կում տա­լու զգա­ցու­մը, որ յա­տուկ է բո­լոր կող­մե­րու հա­մար։ Բա­զում են աննպա­տակ հայ­հո­յանքնե­րը հա­սարա­կու­թեան տար­բեր մա­կար­դակնե­րուն։

Իրաւ է ըսո­ւած, որ հայ­րե­նիքը աղօթ­քով, ծա­փով ու ծնծղա­յով, կամ դրօշ ծա­ծանե­լով չէ, որ կա­րելի է պա­հել, իսկ բա­նակա­նու­թիւնը իրա­տեսու­թեան հետ մէկ­տեղ ամէն մար­դու չէ տրո­ւած։

Բա­րի երթ ծուռ ու շի­տակը հաս­կա­ցող­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ