Փայլան ատրպէյճանցիները եւ հայերը հաշտեցնելու կոչ կ՚ընէ Անգարային

Թուրքիոյ քրտա­­մէտ Ժո­­ղովուրդնե­­րու ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան կու­­սակցու­­թեան հայ երես­­փո­­­խան Կա­­րօ Փայ­­լան Թուրքիոյ խորհրդա­­րանին մէջ տրո­­ւած մամ­­լոյ ասու­­լի­­­սի մը ըն­­թացքին տե­­ղեկու­­թիւններ տո­ւաւ Հա­­յաս­­տան իր այ­­ցե­­­լու­­թեան մա­­սին։ Այս մա­­սին հա­­ղոր­­դեց «Էր­­մէ­­­նիհա­­պեր»ը։

Փայ­­լան նշեց, որ այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին հան­­դի­­­պեցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի նա­­խագա­­հին, վար­­չա­­­պետին եւ Ազ­­գա­­­յին ժո­ղովի նա­­խագա­­հին հետ։

Նշե­­լով, որ այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին քննար­­կո­­­ւեցան հայ-թրքա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու կար­­գա­­­ւոր­­ման հո­­լովոյ­­թը եւ «մնա­­յուն խա­­ղաղու­­թիւն» հաս­­տա­­­տելու վե­­րաբե­­րեալ հար­­ցե­­­րը՝ Փայ­­լան ըսաւ. «Կը կար­­ծեմ, որ Կով­­կա­­­սի մէջ խա­­ղաղու­­թիւն հաս­­տա­­­տելու հա­­մար կայ լուրջ կա­­րելիու­­թեան պա­­տու­­հան, սա­­կայն կան նաեւ վտանգներ։ Կը կար­­ծեմ, որ դժո­­ւար է հաշ­­տեցնել այն ժո­­ղովուրդնե­­րը, որոնք եր­­կար ժա­­մանակ իրար­­մէ նե­­ղացած են։ Անոր հա­­մար պէտք է քա­­ջու­­թիւն։ Ես այդ պայ­­քա­­­րի ջա­­տագովն եմ։ Կ՚ու­­զեմ, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյ­­ճա­­­նի ու Հա­­յաս­­տա­­­նի բո­­լոր քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներն ալ ըլ­­լան անոր կողմնա­­կիցը։ Այժմ խա­­ղաղու­­թեան հա­­մար կա­­րելիու­­թիւն կայ. եր­­կու եղ­­բայրա­­կան ժո­­ղովուրդնե­­րը հաշ­­տեցնե­­լու հա­­մար բա­­նալի գո­­յու­­թիւն ու­­նի։ Եւ այդ բա­­նալի եր­­կի­­­րը Թուրքիան է։ Թուրքիոյ մէջ բո­­լոր դե­­րակա­­տար­­նե­­­րուն, քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րուն, կա­­ռավա­­րու­­թեան, պա­­րոն նա­­խագա­­հին իմ կոչս է՝ «եկէ՛ք այս եր­­կու եղ­­բայրա­­կան ժո­­ղովուրդնե­­րը հաշ­­տեցնենք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ