Ամիտայի Յիշողութիւնը

Բանաս­տեղծ Ահ­մետ Չաք­մաք 8 Նո­յեմ­բե­րին Ամի­տայի պատ­մա­կան պա­րիսպնե­րու Քե­չի Պուրճու հա­տուա­ծին մէջ ցու­ցադրեց Տիգ­րա­նակերտ քա­ղաքի վե­րաբե­րեալ պար­բե­րական­նե­րէն բաղ­կա­ցող իր հա­ւաքա­ծոն։ Տիգ­րա­նակերտ եւ զա­նազան այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ լոյս տե­սած պար­բե­րական­նե­րը առ­հա­սարակ մշա­կոյ­թի եւ արո­ւես­տի հան­դէսներ են։ Օս­մա­նեան շրջա­նէն մին­չեւ մեր օրե­րուն հաս­նող այդ ծա­ւալուն հա­ւաքա­ծոյի ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը կը կազ­մեն բնօ­րինակ­ներ, որոնք 15 տա­րինե­րու յա­մառ, քրտնա­ջան եւ բազ­մա­ծախս աշ­խա­տան­քի հե­տեւան­քով մէկ­տե­ղուած են։ Այն նմոյշնե­րը ի մի բե­րուած են տար­բեր քա­ղաք­նե­րու գրա­դարան­նե­րէն, հնա­վաճառ­նե­րէն եւ մտա­ւորա­կան­նե­րու ար­խիւնե­րէն։

Չաք­մաք կը յայտնէ թէ այս պար­բե­րական­նե­րը Օս­մա­նեան կայսրու­թեան բազ­մա­լեզու յատ­կութիւ­նը ցու­ցադրող նմոյշներ են։ Ար­դա­րեւ պար­բե­րական­նե­րու մէկ մա­սը 1915-էն ետք հրա­տարա­կուած են հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու մէջ։ Ան այսպէ­սով օրի­նակ կը բե­րէ հա­յալե­զու պար­բե­րական­նե­րէն «Տիք­րիս»ը 1918-ին Նիւ Եորք, «Նոր Տիգ­րա­նակերտ»ը 1918 Պրուքլին, «Նոր Չին­կուշ» 1931 Նիւ Եորք պար­բե­րական­նե­րը։

Տիգ­րա­նակերտի մէջ նա­խապէս լոյս տեսնող հա­յերէն, թրքե­րէն, քրտե­րէն, ասո­րերէն պար­բե­րական­նե­րու փոխարէն Հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին ընդհան­րա­պէս թրքե­րէն, իսկ 1990-ական­նե­րէն ետք ալ քրտե­րէն եւ թրքե­րէն ըլ­լա­լով լոյս տե­սած են։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մինչեւ 27 Նո­յեմ­բեր եւ եթէ ցան­կութիւն ըլ­լայ պի­տի ցու­ցադրո­ւի նաեւ, այլ եր­կիրնե­րու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ