Ալեւիաց(ու)ած հայեր

Վաւե­րագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մե­­­րու ար­­տադրիչ եւ պրպտող Քա­­զըմ Կիւնտո­­ղանի գրի­­չէն լոյս տե­­սաւ խիստ շա­­հեկան նոր հա­­տոր մը։

Քա­­զըմ Կիւնտո­­ղան ան­­ցեալին հրա­­տարա­­կած էր «Տէր­­սի­­­մի կոր­­սո­­­ւած աղ­­ջիկնե­­րը», «Քա­­հանա­­յի թոռ­­նե­­­րը» անուն գիր­­քե­­­րը, ուր կը պատ­­մո­­­ւէր Տէր­­սի­­­մի շրջա­­նի 1938-ի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ըն­­թա­­­ցին որ­­բա­­­ցած եւ թուրք ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու յանձնո­­ւած երա­­խանե­­րու տա­­րիներ ետք իրար հան­­դի­­­պելու ոդի­­սակա­­նը։ Իսկ «Քա­­հանա­­յի թոռ­­նե­­­րը» (Քե­­շիշին թո­­րունլա­­րը) ըն­­տա­­­նիքի մը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէ ետք ցի­­րու­­ցան եղած բե­­կոր­­նե­­­րու աք­­սո­­­րավայ­­րէն վե­­րադառ­­նա­­­լով իրենց հայ ինքնու­­թիւնը վե­­րագտնե­­լու պատ­­մութիւնն էր։

«Ալե­­ւիաց(ու)ած հա­­յեր» գիր­­քի հա­­մար Քա­­զըմ Կիւնտո­­ղան տե­­սակ­­ցած է աւե­­լի քան 90 ան­­ձե­­­րու հետ, որոնցմէ 84-ի պա­­տումնե­­րը տեղ գտած են այս ու­­շագրաւ գրքին մէջ։ Անոնցմէ 72-ը ալե­­ւիացո­­ւած հա­­յեր են, իսկ 12-ը ուղղա­­կի ալե­­ւիներ, որոնք կը պատ­­մեն իրենց ակա­­նատես եղած կօր­­նա­­­փոխու­­թեան երե­­ւոյթնե­­րը։ Ան­­ցեալին Թուրքիոյ պատ­­մութեան կա­­ճառի եր­­բեմնի նա­­խագահ Եու­­սուֆ Հա­­լաճօղ­­լու եւ Արամ արք. Աթէ­­շեան իրենց ելոյթնե­­րով նշած էին թէ Տէր­­սի­­­մի ալե­­ւինե­­րը հայ­­կա­­­կան ծա­­գում ու­­նին, որոնք աւե­­լի ուշ իւ­­րա­­­ցու­­ցած են ալե­­ւի կրօն­­քը։ Այս ելոյթնե­­րը այդ ժա­­մանակ որոշ հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թեան ալ տե­­ղի տո­­ւած էին։

Կաս­­կած չկայ որ Քա­­զըմ Կիւնտո­­ղանի «Այ­­րընթը» հրա­­տարակ­­չութեան կող­­մէ լոյս տե­­սած այս վեր­­ջին գիրքն ալ թե­­րու­­դէմ նոր կար­­ծիքնե­­րու յայտնու­­թեան թա­­տերա­­բեմը պի­­տի դառ­­նայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ