Ուղիներու ժապաւէնը ո՞ւր կը տանի (Գ)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կատարեալ հիաս­թա­փու­թիւն մը եղաւ Սե­լիմի­յէ մզկի­թը ներ­սէն ալ տես­նե­լու մա­սին մեր երա­զան­քը։ Մզկի­թը վե­րանո­րոգ­ման են­թարկո­ւած էր եւ մե­զի կը մնար շատ փոքր, հա­զիւ սե­նեակի մը տա­րողու­թեանմբ մէկ մա­սը տես­նել միայն։ Ամէն պա­րագա­յի մեծ ճար­տա­րապետ Սի­նանի գլուխ գոր­ծոց հա­մարուած այս շի­նու­թիւնը իր ար­տա­քինով ալ բա­ւակա­նին տպա­ւորիչ էր։ Հայ ծա­գու­մով Սի­նանի ինքնու­թեան մա­սին բա­ւակա­նին լուրջ ու­սումնա­սիրու­թիւն կա­տարած էր մեր ժա­մանակ­նե­րու անո­ւանի գրող­նե­րէն լե­զուա­գէտ Փարս Թուղլա­ճը։ Անոր հրա­պարա­կումնե­րը նոյ­նիսկ զայ­րոյթ պատ­ճա­ռած էին կարգ մը թուրք շրջա­նակ­նե­րու, որոնք նոյ­նիսկ դա­տարան դի­մած էին իրենց թուրք հա­մարած Սի­նանի պա­տիւը փրկե­լու հա­մար։ Բայց գի­տակա­ն այդ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը ան­հերքե­լի եւ անու­րա­նալի փաս­տե­րով ներ­կա­յացո­ւած էին եւ դա­տավա­րու­թեան աւար­տին ոչ միայն Փարս Թուղլա­ճը ան­պարտ հռչա­կուեց, այլ Սի­նանի հայ ծա­գու­մը նաեւ հաս­տա­տուած եղաւ դա­տական վճի­ռով։ Մեր ու­ղե­ցոյ­ցը իբ­րեւ Սի­նանի երկրպա­գու քաջ տե­ղեակ էր այս բո­լորին եւ կը սի­րէր նիւ­թը ար­ծարծել։

Պար­տինք նշել որ թուրք ցե­ղապաշտներն ալ անոր ցե­ղային ծա­գու­մը ստու­գե­լու հա­մար շի­րիմը բա­ցած եւ փոր­ձած էին գան­կը ու­սումնա­սիրել։ Պաշ­տօ­նապէս չէ հրա­պարա­կուած այդ ու­սումնա­սիրու­թեան ար­դիւնքը, բայց չա­րամ­տութեամբ, թէ ան­ճա­րակու­թեան հե­տեւան­քով կոր­սո­ւած է այդ գան­կը։ Ան­դին մնա­ցած է մարդկա­յին մեծ ամօթ մը միայն։

Ատ­րիանա­պոլ­սոյ մէջ գնչու­նե­րու բնակ­չութիւ­նը բա­ւակա­նին զգա­լի է եւ այդ ալ դար­ձած է քա­ղաքի զբօ­սաշրջա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րէն մէ­կը։ Երբ ընթրի­քի հա­մար կը շրջէինք քա­ղաքի պատ­մա­կան շու­կան այնտեղ մեզ դի­մաւո­րողը գնչու­նե­րու երաժշտու­թիւնն էր։ Այդ ալ ցե­ղային յատ­կութիւն մըն է եւ հա­մարեա բո­լոր գնչու­նե­րը ի ծնէ կ՚ու­նե­նան երաժշտա­կան կա­րողու­թիւն։

Քա­ղաքի այդ պատ­մա­կան հա­տուա­ծը եր­բեմնի հայ­կա­կան թա­ղամասն էր նաեւ։ Թաղ մը որ զար­մա­նալիօրէն յա­ջողած է պա­հել իր ան­ցեալի դի­մագի­ծը։ Այս թա­ղի փո­ղոց­նե­րուն մէջ հիաց­մունքով կը դի­տենք ան­ցեալէն ժա­ռան­գո­ւած երկյար­կա­նի բնա­կարան­նե­րը, որոնք խնա­մուած են եւ մին­չեւ օրս ալ կը շա­րու­նա­կեն ծա­ռայել իրենց ան­ցեալի առա­քելու­թեան։

Երբ ու­ղո­ւած ենք դէ­պի վեր­ջերս նո­րոգո­ւած հրէից տա­ճարը տես­նե­լու, ու­ղե­ցոյ­ցը ամօթ­խա­ծու­թեամբ ցոյց կու տայ նո­րակա­ռոյց շի­նու­թիւն մը, յայտնե­լով թէ նա­խապէս այդտեղ կը գտնո­ւէր նաեւ հա­յոց եկե­ղեցին։ Ցա­ւալի է մեր տե­սած պատ­կե­րը, քա­նի որ այդ եկե­ղեցիէն հետք մը իսկ չէ մնա­ցած եւ անոր տեղ կա­ռու­ցո­ւած է ճար­տա­րապե­տական առու­մով ոչ մէկ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող հա­սարակ շէնք մը միայն։ Միտ­քով իսկ չէր անցնեղ թէ երա­նի տա­յինք այն բազ­մա­թիւ հայ եկե­ղեցի­ներու, որոնք նոյ­նիսկ սրբապղծո­ւած ըլ­լան գո­նէ կը շա­րու­նա­կեն իրենց գո­յու­թիւնը եր­բեմն ախոռ, եր­բեմն աղ­բա­նոց ըլ­լա­լով։ Փոր­ձով գի­տենք թէ օր կու գայ եւ անոնք թէեւ դար­ձեալ իրենց նպա­տակէն շատ տար­բեր կեր­պով, բայց գո­նէ անար­գանքէ ձեր­բա­զատո­ւած կը շա­րու­նա­կեն պա­հել իրենց գո­յու­թիւնը։

Քա­ղաքի մէջ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացող յատ­կութիւննե­րէն մէկն ալ պուլղար զբօ­սաշրջիկ­ներն են։ Անոնք սո­վորա­կան զբօ­սաշրջու­թե­նէն աւե­լի առեւ­տուրի հա­մար եկած են այստեղ, քա­նի որ թրքա­կան լի­րայի վեր­ջերս ապ­րած ար­ժեզրկու­թեան հե­տեւան­քով գի­ները խիստ մատ­չե­լի դար­ձած են իրենց հա­մար։ Նման բնոյ­թի իւ­րա­քան­չիւր շրջա­գայու­թիւն իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ նաեւ նո­րանոր գի­տելիք­ներ։ Այդպի­սին եղաւ նաեւ դէ­պի Ատ­րիանա­պոլիս մեր ճամ­բորդու­թիւնը եւ հի­մա տա­րուած ենք մտա­ծելու թէ ար­դեօք ու­ղի­ներու ժա­պաւէ­նը յա­ջորդ ան­գամ մեզ դէ­պի ո՞ւր կ՚առաջ­նորդէ եւ ի՞նչ տպա­ւորու­թիւններ կը կի­սենք ըն­թերցող­նե­րուն հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ