Երանելի անցեալի մը հետքերով

Շաբաթ առա­­ւօտ Ռա­­տիօ Ակօ­­սի հա­­ղոր­­դումի ըն­­թացքին լսե­­ցինք այժմ աշ­­խա­­­տան­­քէ դադ­­րած յու­­նաց Յոաքի­­մեոն աղջկանց վար­­ժա­­­րանի մէջ բա­­ցուած ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մա­­սին։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի կազ­­մա­­­կեր­­պիչ լրագ­­րող Մե­­լիքէ Չա­­փան պա­­տաս­­խա­­­նելով «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­պետ Եդո­­ւարդ Տան­­ձի­­­կեանի հար­­ցումնե­­րուն, կը պատ­­մէր ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի գա­­ղափա­­րի ծա­­գու­­մը եւ պատ­­րաստու­­թեան փու­­լե­­­րը։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը նիւթ կ՚ու­­նե­­­նար մին­­չեւ 1964 ամ­­բողջո­­վին յոյ­­նաբնակ Իմ­­րոզ կղզիի ան­­ցեալի կեն­­ցա­­­ղը։

Մե­­լիքէ Չա­­փան կը պատ­­մէր թէ եր­­բեմնի կեն­­ցա­­­ղը ցո­­լաց­­նող լու­­սանկար­­նե­­­րը ստա­­ցած են այժմ Աթեն­­քի մէջ գոր­­ծող Իմ­­րոզցի­­ներու հայ­­րեանակ­­ցա­­­կան միու­­թեան ար­­խի­­­ւէն։

Հան­­րա­­­պետա­­կան Թուրքիոյ որ­­դեգրած ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րէ ձեր­­բա­­­զատո­­ւելու ծրագ­­րի կա­­րեւոր հանգրո­­ւան­­նե­­­րէն մէկ է Իմ­­րոզ կղզիի յու­­նա­­­թափ ըլ­­լա­­­լու երե­­ւոյ­­թը։ Այդ տխուր տա­­րեթի­­ւը յատ­­կանշա­­կան դար­­ձաւ Թուրքիոյ յոյն հա­­մայնքին հա­­մար, երբ օրո­­ւայ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը չե­­ղեալ հա­­մարեց Մուսթա­­ֆա Քե­­մալ Աթա­­թիւրքի եւ Վե­­նիզե­­լոսի կնքած պայ­­մա­­­նագի­­րը։

Կա­­ռավա­­րու­­թեան այդ որո­­շու­­մով յու­­նաստա­­նի քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն ու­­նե­­­ցող յոյ­­նե­­­րէն պա­­հան­­ջո­­­ւեցաւ 48 ժա­­մուայ ըն­­թացքին եր­­կի­­­րը լքել։ Ար­­տօ­­­նուած էր միայն 20 ԱՄՆ տո­­լարեւ 20 քկ. քա­­շով ճամբրուկ մը ու­­նե­­­նալ իրենց հետ։

Այդ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան հե­­տեւան­­քով աւե­­լի քան 90 հա­­զարի հաս­­նող յոյն բանկչու­­թիւնը նօս­­րա­­­ցաւ եւ առա­­ջին քա­­նի մը տա­­րուայ ըն­­թացքին նո­ւազե­­ցաւ մին­­չեւ 30 հա­­զարի եւ այ­­սօր ալ հա­­զիւ 2000 յոյ­­ներ մնա­­ցած են Պոլ­­սոյ մէջ։

Իմ­­րոզ կղզիի յու­­նա­­­թափ ըլ­­լա­­­լուն հա­­մար գոր­­ծադրո­­ւեցաւ բո­­լորովին տար­­բեր բնոյ­­թի մի­­ջոց­­ներ։ Կղզիի մէջ հաս­­տա­­­տուե­­ցաւ բաց ար­­գե­­­լանոց մը, ուր բան­­տարկեալ­­նե­­­րը յա­­տուկ թե­­լադ­­րո­­­ւած էին կղզիի բնա­­կիչ­­նե­­­րը ան­­հանգստաց­­նե­­­լու առու­­մով։ Քա­­նի մը կո­­ղոպու­­տի կամ բռնա­­բարու­­թեան երե­­ւոյթնե­­րը բա­­ւական եղան, որ­­պէսզի տե­­ղացի ժո­­ղովուրդը լքէ իր բնօր­­րա­­­նը եւ հե­­ռանայ օտար ափեր։

Նշենք որ Թուրքիոյ պե­­տու­­թեան նոյն բնոյ­­թի արարքնե­­րով գա­­ւառի հա­­յու­­թիւնն ալ բռնած էր գաղ­­թի ճամ­­բան եւ տե­­ղափո­­խուած դէ­­պի Պո­­լիս։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մէջ բա­­ցի լու­­սանկար­­նե­­­րէ տե­­ղադ­­րո­­­ւած էր նաեւ առօ­­րեայ կեան­­քը ցո­­լաց­­նող իրեր, որոնց մէջ յատ­­կա­­­պէս աչ­­քա­­­ռու է, այն օրօ­­րոցը, որուն մէջ օրօ­­րուած էր նաեւ Յու­­նաց տիեզե­­րական պատ­­րիարք Բար­­թո­­­ղոմէոս սրբա­­զանը։

Լրագ­­րող Մե­­լիքէ Չա­­փան զո­­ւարթ անեք­­թոտներ կը փո­­խան­­ցէ նաեւ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բաց­­ման օր Բար­­թո­­­ղոմէոս սրբա­­զանի այ­­ցե­­­լու­­թեան դրո­­ւագ­­նե­­­րով։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը իրեն հա­­մար ալ աւե­­լի նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի, քա­­նի որ Սրբա­­զան պա­­տիրա­­քի ծննդա­­վայրն է։

Յատ­­կանշա­­կան է նաեւ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի վայ­­րը։ Եր­­բեմնի վար­­ժա­­­րանի դա­­սարան­­նե­­­րը պա­­հուած են իրենց գրա­­տախ­­տակնե­­րով եւ նստա­­րան­­նե­­­րով։ Այ­­ցե­­­լու­­ներ այդ դա­­սարան­­նե­­­րը շրջե­­լով կը վա­­յելեն նաեւ Ոս­­կեղջիւ­­րի գե­­ղեցիկ տե­­սարա­­նը։ Դպրոցը կը գտնո­­ւի Ֆե­­ներ թա­­ղի բար­­ձունքին կար­­միր աղիւսնե­­րովը ծա­­նօթ Յու­­նաց Տղոց Վար­­ժա­­­րանի հա­­րեւա­­նու­­թեամբ։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը կա­­րելի է այ­­ցե­­­լել մին­­չեւ 24 Նո­­յեմ­­բեր, ժա­­մը 10.00-16.00-ի մի­ջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ