Ահաբեկչական ծանր միջադէպ

Նախորդ կի­­րակի երե­­կոյեան ժա­­մերուն Պոլ­­սոյ ամե­­նաբազ­­մա­­­մարդ փո­­ղոց­­նե­­­րէն հա­­մարո­­ւած Իս­­թիքլալ Պո­­­ղոտա­­­յի վրայ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ ահա­­­բեկ­­­չա­­­­­­­կան յար­­­ձա­­­­­­­կում մը, որու հե­­­տեւան­­­քով զո­­­հուե­­­ցան 6 քա­­­ղաքա­­­ցիներ։ Դէպ­­­քէն ետք կա­­­տարո­­­ւած հե­­­տախու­­­զա­­­­­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու շնոր­­­հիւ պար­­­զո­­­­­­­ւեցաւ արար­­­քի հե­­­ղինա­­­կը, որ արաբ կին մըն էր։ Ներ­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարար Սիւ­­­լէյման Սոյ­­­լու իս­­­կոյն հրա­­­պարա­­­կեց թէ արար­­­քը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած էր Քո­­­պանի քա­­­ղաքին մէջ եւ տո­­­ւեալ կի­­­նը այդ նպա­­­տակով եկած էր Պո­­­լիս։ Ներ­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարա­­­րի այս շու­­­տա­­­­­­­փոյթ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնը ու­­­ներ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ կաս­­­կա­­­­­­­ծելի կէ­­­տեր։ Նախ պար­­­զո­­­­­­­ւեցաւ թէ այս կի­­­նը մէկ տա­­­րիէ աւե­­­լի է որ բնա­­­կու­­­թիւն հաս­­­տա­­­­­­­տած է Պոլ­­սոյ մէջ։ Թա­­ղեցի­­ներու վկա­­յու­­թեամբ ան ամուսնա­­ցած էր եւ կ՚աշ­­խա­­­տէր իր բնա­­կած թա­­ղի մօտ քոն­­ֆեքսի­­յոնի աշ­­խա­­­տանո­­ցի մը մէջ։ Մինչ կարգ մը հա­­րեւան­­ներ կը պնդէին թէ ոչ թէ ինք, այլ իր ամու­­սինն էր որ կ՚աշ­­խա­­­տէր այդ աշ­­խա­­­տանո­­ցի մէջ։

Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լու յար­­ձա­­­կու­­մէն ետք յստա­­կօրէն մե­­ղադ­­րեց Միացեալ Նա­­հանգնե­­րը եւ ազ­­դա­­­րարեց ըսե­­լով թէ Ամե­­րիկա­­յի Իս­­թանպու­­լի հիւ­­պա­­­տոսը չըլ­­լայ որ ցա­­ւակ­­ցութիւն յայտնէ։ Ու­­շագրաւ է որ նոյն օր Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան Պա­­լիի մէջ կը հան­­դի­­­պէր Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու նա­­խագահ Ճօ Պայ­­տը­­­նին եւ կ՚ըն­­դունէր անոր ցա­­ւակ­­ցա­­­կան պատ­­գամնե­­րը։

Միւս կող­­մէ զա­­նազան շրջա­­նակ­­ներ կը յի­­շեց­­նեն 2015 թո­­ւակա­­նի 7 Յունիս եւ 1 Նո­­յեմ­­բեր թու­­կաննե­­րու մի­­ջեւ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած ահա­­բեկ­­չա­­­կան դէպ­­քե­­­րը։ Այդ դէպ­­քե­­­րը ար­­դէն կը շա­­րու­­նա­­­կէին օրա­­կարգ զբա­­ղեց­­նել ընտրու­­թիւննե­­րու ըն­­դա­­­ռաջ։

Յի­­շենք որ 2015 թո­­ւի 7 Յունիսին կա­­յացող ընտրու­­թիւննե­­րու հե­­տեւան­­քով Ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում կու­­սակցու­­թիւնը իր պատ­­մութեան մէջ առա­­ջին ան­­գամ կորսնցու­­ցած էր ընտրու­­թիւննե­­րէն յաղ­­թա­­­նակով դուրս գա­­լու կա­­րողու­­թիւնը։ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի կու­­սակցու­­թիւնը թէեւ դար­­ձեալ ապա­­հոված էր ձայ­­նե­­­րու մե­­ծագոյն հա­­մեմա­­տու­­թիւնը, բայց կորսնցու­­ցած էր առան­­ձին կա­­ռավա­­րու­­թիւն կազ­­մե­­­լու հա­­մապա­­տաս­­խան ու­­ժը։ Էր­­տո­­­ղան մեր­­ժեց նաեւ քո­­ւալիս­­յոն կա­­ռավա­­րու­­թիւն մը կազ­­մե­­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը եւ որո­­շեց նոյն տա­­րուայ 1 Նո­­յեմ­­բեր թո­­ւակա­­նին ընտրու­­թիւննե­­րը կրկնել։

Ահա­­ւասիկ այդ եր­­կու ընտրու­­թիւննե­­րու ըն­­թացքին Թուրքիա առե­­րեսո­­ւեցաւ իր պատ­­մութեան ամե­­նաթէժ ահա­­բեկ­­չա­­­կան յար­­ձա­­­կումնե­­րուն հետ։ Ան­­գա­­­րայի, Սու­­րուչի եւ Տի­­յար­­պե­­­քիրի մէջ պայ­­թող ռումբե­­րը սար­­սափ պատ­­ճա­­­ռեցին հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ եւ 1 Նո­­յեմ­­բե­­­րին կրկնո­­ւած ընտրու­­թիւննե­­րով Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան վե­­րատի­­րացաւ առան­­ձին կա­­ռավա­­րու­­թիւն կազ­­մե­­­լու առիթ ընդձե­­ռող ձայ­­նե­­­րու։ Զա­­նազան վեր­­լուծա­­բան­­ներ կը պնդէին թէ Էր­­տո­­­ղան յա­­ռաջի­­կայ ընտրու­­թիւննե­­րու նա­­խօրէին կրնայ նոյն մի­­ջոց­­նե­­­րէն յոյ­­սեր ակնկա­­լել։

Յայտնի է որ 13 Նո­­յեմ­­բե­­­րի պայ­­թումը տա­­կաւին եր­­կար ար­­ձա­­­գանգներ պի­­տի ու­­նե­­­նայ Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ