Հալիս Եըլտըրըմի «Վարդան» դառնալու պայքարը

Երկար տա­­րինե­­րէ ի վեր Գեր­­մա­­­նիա բնա­­կող Հա­­լիս Եըլ­­տը­­­րըմ ցան­­կութիւն ու­­նե­­­ցաւ իր եր­­բեմնի հայ ար­­մատնե­­րուն վե­­րադառ­­նա­­­լու։ Ան քա­­ղաքա­­ցիու­­թեան դի­­մում կա­­տարե­­լէ ետք Գեր­­մա­­­նիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն դի­­մում կա­­տարեց իր մեծ քե­­ռիին անու­­նը՝ Վար­­դա­­­նը ստա­­նալու հա­­մար։ Հան­­դի­­­պած թղթա­­բանու­­թիւննե­­րէն ետք որո­­շեց դատ բա­­նալ գեր­­մա­­­նական իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու դէմ, առար­­կե­­­լով իր­­մէ պա­­հան­­ջո­­­ւած 400 Եւ­­րօ հար­­կին հա­­մար։ «Եթէ պա­­հէի իմ թրքե­­րէն անունս, կամ եթէ գեր­­մա­­­ներէն անուն մը նա­­խընտրէի նման պա­­հանջ մը պի­­տի չու­­նե­­­նային։ Նոյնպէս պի­­տի չպա­­հան­­ջէին իմ հայ ծա­­գու­­մը փաս­­տե­­­լը։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար այդ նիւ­­թով օգ­­նութեան հա­­սաւ «Ակօս»ի մէջ իմ ստո­­րագ­­րութիւ­­նով ելած «հա­­րազատ­­ներս կը փնտռեմ» ծա­­նու­­ցումը։ Պատ­­մե­­­ցի նաեւ ըն­­տա­­­նիքիս պատ­­մութիւ­­նը, որ կը հաս­­նի մին­­չեւ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան տա­­րեթի­­ւը։ Մեծ մեծ մայրս Պե­­սի այդ դա­­ժան շրջա­­նին վե­­րապ­­րած մը ըլ­­լա­­­լով մնա­­ցած է իր ծննդա­­վայ­­րը՝ Երզնկա­­յի Թեր­­ճան գա­­ւառը։ Հինգ տա­­րի անց իր աւագ եղ­­բայրը Վար­­դան կոր­­սո­­­ւած քոյ­­րը փնտռե­­լու հա­­մար կ՚եր­­թայ Երզնկա, ուր տա­­կաւին Թեր­­ճան չհա­­սած կը սպան­­նո­­­ւի։ Ահա այդ մեծ մօ­­րեղ­­բօր քա­­ջու­­թե­­­նէ ոգե­­ւորո­­ւելով որո­­շեցի իր անու­­նով յի­­շուիլ։ Այդ եղե­­լու­­թիւննե­­րը տան մէջ միշտ քօ­­ղար­­կո­­­ւելով խօ­­սուե­­ցաւ, որոնց մա­­սին աւե­­լի յստակ լսե­­ցի հօ­­րենա­­կան կող­­մէ մեծ մօրս բեր­­նէն, որ ար­­դէն հարսն էր Պե­­սի մեծ մօրս։ Մեծ մայրս ապ­­րած էր, այն մտա­­վախու­­թեամբ թէ իր կեան­­քը կա­­պուած է հայ ինքնու­­թիւնը քօ­­ղար­­կե­­­լուն։

Գեր­­մա­­­նիա հաս­­տա­­­տուե­­լով քա­­ջու­­թիւնը գտայ բուն ինքնու­­թիւնս վե­­րահաս­­տա­­­տելու։ Ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամներ ու­­նիմ թէ ծննդա­­վայրս եւ թէ Եւոր­­պա­­­յի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րու մէջ։ Կո­­րիզա­­յին ըն­­տա­­­նիքս կը քա­­ջալե­­րէ իմ այս կե­­ցուած­­քը։

Պունտես­­տակ թէեւ պաշ­­տօ­­­նապէս ճանչցած է հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը, բայց նա­­հան­­գա­­­յին հան­­րա­­­պետու­­թիւննե­­րը այնքան ալ չեն գի­­տակ­­ցիր Պունտես­­տա­­­կի որոշ­­ման էական նշա­­նակու­­թեան։ Այժմ իմ տա­­րած իրա­­ւական պայ­­քա­­­րը այդ գի­­տակ­­ցութեան Պա­­վյէրա­­յի հան­­րա­­­պետու­­թեան մէջ ալ ճանա­­չում գտնե­­լուն ու­­ղո­­­ւած է»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ