«33 Ձայն Իսթանպուլէն» գիրքի շնորհանդէսը

Մեր պաշ­տօ­նակից, Ժա­մանակ օրա­թեծ­թի բազ­մա­մեայ սիւ­նա­կագիր Սա­գօ Արեան Պոլ­սե­ցինե­րու հետ զրու­ցե­լով պատ­րաստած է գե­ղեցիկ հա­տոր մը՝ «33 Ձայն Իս­թանպու­լէն»։

Ու­րա­խու­թեամբ կ՚իմա­նանք թէ յա­ռաջի­կայ ուրբաթ երե­կոյ 25 Նո­յեմ­բեր, ժա­մը 21.00-ին, Ֆէ­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ «Շի­րինօղ­լու» սրա­հին մէջ պի­տի կա­յանայ յա­տուկ շնոր­հանդէս մը։

Սա­գօ Արեան շնոր­հանդէ­սին մաս­նակցե­լու հա­մար ար­դէն ժա­մանած է քա­ղաքս։ Տրո­ւած բա­ցատ­րութեան հա­մաձայն Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ.-ի հո­վանա­ւորու­թեամբ կա­յանա­լիք շնոր­հանդէ­սի հա­ղոր­դա­վարն է վաս­տա­կաւոր ու­սուցչու­հի Գա­րոլին Մա­միկո­նեան։

Հա­տորին մէջ իրենց զե­կոյցնե­րով տեղ գտած են մե­ներգչու­հի Սի­պիլ, Ժա­մանակ օրա­թեր­թի սիւ­նա­կագիր Պիան­քա Սա­րըաս­լան, «Ակօս» հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեան, Ս. Խաչ Դպրե­վան­քի խնա­մակա­լու­թեան ատե­նապետ Փրոֆ. Թո­րոս Ալ­ճան։

Յայ­տագրի գոր­ծադրու­թեան աւար­տին հե­ղինա­կը պի­տի մա­կագ­րէ իր գիրքերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ