Երեւանի մէջ սկսաւ ՀԱՊԿ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստը

22Նոյեմ­բե­րին, Երե­ւանի մէջ սկսաւ ՀԱՊԿ-ի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րու խոր­հուրդի ար­տա­կարգ նիս­տը։

Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան յայտնեց, որ պի­տի քննար­կեն կա­րեւոր հար­ցեր ան­դամ եր­կիրնե­րու եւ, ընդհա­նուր առ­մամբ, ՀԱՊԿ-ի հա­մար։

«Մեզ հա­մար այս հան­դի­պու­մը կա­րեւոր է նաեւ, քան­զի այն առա­ջինն է առ­կայ ձե­ւաչա­փով՝ այս տա­րուայ Սեպ­տեմբե­րին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ինքնիշ­խա­նու­թեան եւ տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան դէմ Ատրպէյ­ճա­նի յար­ձա­կու­մէն յե­տոյ», ըսաւ ան։

Օրա­կար­գին վրայ, ըստ Միր­զո­յեանի, կան շուրջ եր­կու տաս­նեակ փաս­տա­թուղթեր, որոնք կը վե­րաբե­րին ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան հա­մակարգման, ռազ­մա­քաղա­քական հա­մագոր­ծակցու­թեան, նոր սպառ­նա­լիք­նե­րուն եւ մար­տահրա­ւէր­նե­րուն Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թե­նէն կը յայտնեն, որ 23 Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ՀԱՊԿ-ի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րու խոր­հուրդի, պաշտպա­նու­թեան նա­խարար­նե­րու խոր­հուրդի եւ ապա­հովու­թեան խոր­հուրդի քար­տուղար­նե­րու կո­միտէի հեր­թա­կան հա­մատեղ նիս­տը։

Կազ­մա­կեր­պութեան մամ­լոյ քար­տուղար Վլա­տիմիր Զայ­նեթտի­նով աւե­լի կա­նուխ յայտնած էր, որ հան­դիպման ըն­թացքին նա­խատե­սուած է որ­դեգրել քա­նի մը կա­րեւոր քա­ղաքա­կան յայ­տա­րարու­թիւններ, որոնց կար­գին՝ ՀԱՊԿ ան­դամ եր­կիրնե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րու յայ­տա­րարու­թիւննե­րը՝ մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րածաշրջա­նային ապա­հովու­թեան եւ սպա­ռազի­նու­թիւննե­րու վե­րահսկո­ղու­թեան վե­րաբե­րեալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ