Ընտրուողներու մեկնաբանութիւնները

20Նո­յեմ­բե­րին կա­յացաւ 10 թա­ղերու եկե­ղեցի­ներու եւ վար­ժա­րան­նե­րու վար­չութիւննե­րը ճշդող ընտրու­թիւնը։

10 հաս­տա­տու­թիւննե­րէն միայն Պա­քըր­գիւղ, Եշիլ­գիւղ, Ենի­գիւղ եւ Պէ­շիք­թա­շի մէջ մրցակ­ցութեան գե­տին մը գո­յացած էր։ Այդ մրցակ­ցութե­նէն յաղ­թա­նակով դուրս եկան ար­դէն իսկ պաշ­տօ­նի վրայ գտնո­ւող կազ­մե­րու նոր անուննե­րով ամ­րա­ցած ցան­կե­րը։ Մնա­ցեալ վեց հաս­տա­տու­թիւննե­րու մէջ, քա­նի որ գո­յու­թիւն չու­նէր մրցա­կից երկրորդ ցան­կեր, այստեղ կա­տարուածը ընտրու­թե­նէ աւե­լի առա­ջադ­րո­ւած ցան­կի վա­ւերա­ցու­մը եղաւ։

«Ակօս»ի թղթա­կից­ներ Իշ­խան Էր­տինչ եւ Միհ­րան Մա­նու­կեան զրու­ցե­ցին ընտրո­ւած ցան­կե­րէն անուննե­րով։

Այսպէս Պա­քըր­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ եւ Տա­տեան վար­ժա­րանի վար­չութե­նէն Մա­րի Եան­ճը յայտնեց թէ գո­հու­նա­կու­թիւն կ՚ապ­րին աւե­լի քան ամիս մը տե­ւած աշ­խա­տան­քի ար­դիւնքով։ «Մեր ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տին պի­տի ըլ­լայ Տա­տեան վար­ժա­րանի ուսման մա­կար­դա­կի բարձրա­ցու­մը։ Այդ աշ­խա­տան­քին մէջ ու­րախ պի­տի ըլ­լանք մեր մրցա­կից խումբի ան­դամնե­րուն հետ գոր­ծակցե­լէ» ըսաւ Մա­րի Եան­ճը։

Եշիւլգիւ­ղի բազ­մա­մեայ ատե­նապետ Հա­պիպ Էօզ­ֆուրունճու ալ յայտնեց թէ յետ այ­սու եռա­պատիկ թա­փով պի­տի աշ­խա­տին իրենց ստանձնած պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։

Պէ­շիք­թա­շի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թե­նէն Կա­րապետ Վար­ժա­պետօղ­լու յայտնեց թէ հի­մա խոս­տումնե­րը իրա­կանաց­նե­լու պա­հը սկսած է։

Նոյն բնոյ­թով ար­տա­յայ­տո­ւեցաւ նաեւ Ենի­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թե­նէն Կար­պիս Գա­լայ­ճեան։ Ան ալ յայտնեց թէ պի­տի աշ­խա­տին նա­խընտրա­կան շրջա­նի խոս­տումնե­րը իրա­կանաց­նե­լու եւ յա­ջորդ ընտրու­թիւննե­րուն ճա­կատա­բաց կեր­պով պաշ­տօ­նը փո­խան­ցե­լու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ