Սեպուհ Սրբազանի Բ. տարելիցի առթիւ

«Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն

Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ՚ընեն»։

(Սաղմոս 106։3)

ԱՐԻՍ ՊՈՏՈՏՈՂԱՆ

Ընտրու­­թիւննե­­րով լե­­ցուն ան­­ցած շա­­բաթ­­նե­­­րու ըն­­թացքին կ՚ապ­­րինք հա­­կասու­­թիւննե­­րով լե­­ցուն օրեր։ Փառք Աս­­տուծոյ։

Այն օրէն, երբ յայտնի դար­­ձաւ որ եկե­­ղեցի­­ներու թա­­ղային խոր­­հուրդնե­­րուն հա­­մար ընտրու­­թիւններ տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նան, որոնք տաս­­ներկու տա­­րինե­­րէ ի վեր չէին իրա­­կանա­­ցած։ Այդ պա­­հէն սկսեալ «Երի­­տասար­­դութիւ­­նը պէտք է գայ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը փո­­խարի­­նեց «ան­­փորձ են, չեն կր­­նար» եւ «Մենք շատ յոգ­­նած ենք» ար­­տա­­­յայ­­տութեան տեղն ալ սկսաւ լսո­­ւիլ «Մէկ շրջան եւս միասին աշ­­խա­­­տինք եւ պաշ­­տօ­­­նը փո­­խան­­ցենք նոր ըն­­կերնե­­րուն» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը։

Մար­­դիկ՝ որ կը դժո­­ւարա­­նային կա­­ռավա­­րել իրենց սե­­փական չորս աշ­­խա­­­տողով խա­­նու­­թը, մեծ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու մէջ ղե­­կավա­­րի դիրք ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րը ան­­կա­­­րող, ան­­փորձ հա­­մարե­­ցին տա­­րիքի կամ սե­­ռի պատ­­ճա­­­ռաւ։

Որոշ թա­­ղային խոր­­հուրդնե­­րու ատե­­նապետ­­նե­­­րը իրենց աթո­­ռէն չհե­­ռանա­­լու հա­­մար տե­­սակ տե­­սակ խա­­ղեր բե­­մադ­­րե­­­ցին ու դեռ կը շա­­րու­­նա­­­կեն նո­­րերը հնա­­րելու։ Այնպի­­սի խա­­ղեր որ սա­­տանան ան­­գամ ի յար­­գանս ոտ­­քի կ՚ել­­լէ։

Գոր­­ծող կա­­նոնա­­կար­­գի պա­­հան­­ջած տա­­րած­­քա­­­յին ընտրաշրջա­­նը մեր­­ժե­­­լով, թա­­ղեցի­­ներէ բաղ­­կա­­­ցած ընտրա­­ցան­­կով ընտրու­­թիւն անցկաց­­նե­­­լու փոր­­ձողներ…

Մին­­չեւ օրս պատ­­մութեան մէջ եզա­­կի օրի­­նակ մը ըլ­­լա­­­լով ընտրու­­թեան օրը եր­­կուշաբ­­թի նշա­­նակող­­ներ…

Կա­­լուած­­նե­­­րով հան­­րա­­­ծանօթ մէկ այլ հաս­­տա­­­տու­­թիւն, որ ար­­դէն բնա­­կան պայ­­մաննե­­րու մէջ կա­­րելի չէր եր­­կու հո­­գիով կա­­ռավա­­րուի։ Յա­­մառե­­ցան իշ­­խա­­­նու­­թիւն պա­­հելու։ Յայ­­տա­­­րարեց որ ընտրող­­նե­­­րու թե­­րի ցու­­ցա­­­կով մը եւ միայն իր եկե­­ղեց­­ւոյ շրջա­­փակին մէջ պի­­տի կա­­տարէ ընտրու­­թիւնը։

Այդ եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­մար թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րու բազ­­մա­­­թիւ ցան­­կեր կը թռչին օդին մէջ, որոնցմէ ոչ մէ­­կը իսկ կը թա­­ռի Ղա­­լաթիա։ Ազ­­գին ծա­­ռայե­­լու հա­­մար կա­­լուած­­նե­­­րով հա­­րուստ եկե­­ղեցի­­ներու վար­­չութեանց թեկ­­նա­­­ծու­­թիւն առա­­ջադ­­րե­­­լու մար­­մա­­­ջը այս փա­­փաքն ու սէ­­րը ան­­հա­­­ւատա­­լի է։

Այս բո­­լորին վրայ վրայ ազ­­դե­­­լու կա­­րողու­­թիւնը պի­­տի ու­­նե­­­նար պատ­­րիարք մը միայն։ Կը տես­­նենք որ ան այս ուղղու­­թեամբ մերթ ընդ մերթ դի­­մումներ կը կա­­տարէ պատ­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն։ Իսկ միւս կող­­մէ կը փոր­­ձէ նաեւ բո­­լոր ցան­­կե­­­րէ ներս իրեն մօտ անուննե­­րու ներգրա­­ւու­­մը ապա­­հովել։

Իր­­մէ լսած էինք առա­­կը՝ «Հա­­յերը եթէ ար­­դա­­­րու­­թեան հե­­տեւէին, իրենց տե­­ղը պատ­­մութեան աղ­­բա­­­նոցը կ՚ըլ­­լար»։ Ինք այս հաս­­տա­­­տու­­մին հե­­տեւե­­լով յօ­­ժարած էր անար­­դար ընտրու­­թիւնով մը պատ­­րիար­­քա­­­կան աթոռ բազ­­մե­­­լու։

Պատ­­մութեան մէջ Պոլ­­սոյ աթո­­ռը «Փշոտ աթոռ» անո­­ւանած կրօ­­նական­­ներ ու­­նինք։ Սրբա­­զան մը, ո՛չ թէ խօս­­քով, այլ իր մարմնի բո­­լոր ան­­դամնե­­րով իր ժո­­ղովուրդին կող­­քին էր եւ մխի­­թարու­­թիւն կը քա­­րոզէր։ Այդ Սրբա­­զանը, մեր «Աս­­պետ»ը , ինչպէս «արօ­­րին սուր խո­­փը կը ճեղ­­քէ հո­­ղը եւ ակօս­­ներ կը բա­­նայ, այնպէս ճեղ­­քեց, խա­­ռանեց մեր սիր­­տը, եւ յա­­ւեր­­ժութեան քա­­լեց։

Այդ օրէն սկսեալ պատ­­րիար­­քա­­­կան աթո­­ռը անար­­դա­­­րու­­թեան խորհրդա­­նիշն է։

Աս­­տո­­­ւած հո­­գիդ լու­­սա­­­ւորէ սի­­րելի Սե­պուհ Սրբա­զան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ