Կը մեկնարկէ արեւմտահայերէն խօսակցութեան աշխատանոցը

Հրանդ Տինք Հիմ­­նա­­­րկի, Գա­­լուստ Կիւլպէն­­կեան Հիմ­­նադրա­­մի հետ հա­­մատեղ կազ­­մա­­­կեր­­պած արեւմտա­­հայե­­րէնի դա­­սըն­­թացքնե­­րուն կցո­­ւած է նաեւ նոր աշ­­խա­­­տանոց մը։ Արեւմտա­­հայե­­րէնը սա­­հուն խօ­­սելու հա­­մար նա­­խատե­­սուած աշ­­խա­­­տանո­­ցը շա­­բաթա­­կան հեր­­թա­­­կանու­­թեամբ եւ մէ­­կու­­կէս ժա­­մի սահ­­մա­­­նու­­մով կը մեկ­­նարկէ 28 Նո­­յեմ­­բե­­­րին։ «Զո­­ւում»ի դրու­­թեամբ առ­­ցանց կա­­յանա­­լիք աշ­­խա­­­տանո­­ցը կը նպա­­տակադ­­րէ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու բա­­ռամ­­թերքը ճո­­խաց­­նել, խօ­­սելու եւ լսե­­լու ու­­նա­­­կու­­թիւնը զար­­գացնել։

Այսպէս իւ­­րա­­­քան­­չիւր շա­­բաթ նա­­խապէս ճշդո­­ւած նիւ­­թե­­­րու շուրջ ամ­­բողջո­­վին հա­­յերէ­­նով ըն­­թա­­­ցող զրոյցնե­­րու հա­­մար մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րէն կը պա­­հան­­ջո­­­ւի հա­­յերէ­­նի գո­­նէ հիմ­­նա­­­կան մա­­կար­­դա­­­կով տի­­րապե­­տել։

Աշխտա­­նոցը պի­­տի գոր­­ծէ եր­­կուշաբ­­թի օրե­­րը 19.00-20.30 ժա­­մերու մի­­ջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ