Աղուէսի խորամանկութիւններու դէմ դիմում իշխանութիւններուն

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան եւ Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րու­թեան դի­մելով պա­հան­ջեց ար­գելք ըլ­լալ Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան ընտրու­թիւննե­րը խա­փանե­լու փոր­ձե­րուն։ Ինչպէս ծա­նօթ է Սուրբ Եր­րորդու­թեան թա­ղակա­նու­թիւնը մի­ջոց մը առաջ մա­մու­լի մի­ջոցաւ հրա­պարա­կած էր թէ ընտրու­թիւննե­րը պի­տի կա­յաց­նէ միայն եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ եւ ան­հա­տական անո­ւանա­ցան­կով մը։

Ան այսպէ­սով կը փոր­ձէր ար­գելք հան­դի­սանալ այ­լընտրան­քա­յին ցան­կե­րու յայտնու­թեան։ Ներ­կայ դրու­թեան մէջ ընտրող­ներ 8 կամ 9 տաս­նեակ անուննե­րու մէ­ջէն պի­տի ճշդեն առա­ւելա­գոյնս վար­չա­կազի ան­դամնե­րու հա­մարով անուններ եւ մնա­ցեալը չե­ղեալ պի­տի հա­մարեն։ Օրո­ւայ աւար­տին ամե­նաշատ ձայ­ներ ստա­ցող­նե­րէն պի­տի կազ­մո­ւի նոր վար­չութիւն մը։

Եթէ նկա­տի ու­նե­նանք միայն պատ­րաստ ցան­կե­րը նա­խընտրե­լով կա­յացած ընտրու­թեան տե­ւողու­թիւնը, յստակ է թէ իւ­րա­քան­չիւր ընտրո­ղի այդ բազ­մա­մարդ ցան­կէն անուններ զտե­լը որ­քան եր­կար պի­տի տե­ւէ։ Ար­դէն անկնկա­լուածն ալ այս է։ Բազ­մա­հազար մաս­նա­կից­նե­րով ընտրու­թիւնը անե­լի մը վե­րածե­լու փորձ։

Նշենք որ միայն եր­կու ան­ձե­րէ բաղ­կա­ցող թա­ղակա­նու­թիւնը մեր­ժած էր մնա­ցեալ բո­լոր թա­ղակա­նու­թիւննե­րուն հա­մագոր­ծակցու­թիւնով կազ­մո­ւած Ընտրու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ յանձնա­խումբին մաս­նակցիլ։

Այդպէս ալ չէր յանձնած նաեւ Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ թա­ղեցի­ներու անո­ւանա­ցան­կը։

Պատ­րիար­քա­րանը բո­լոր այս թե­րու­թիւննե­րը մատ­նանշե­լով պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րէ պա­հան­ջած է մի­ջամ­տութիւն։

Նման բնոյ­թի տա­րակար­ծութիւններ կը տի­րեն հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքէ ներս, յատ­կա­պէս Փան­կալթըի Մխի­թարեան վար­ժա­րանի խնա­մակա­լու­թեան առու­մով։ Այստեղ վար­ժա­րանի շրջա­նակ­նե­րը կը յայտնեն թէ դպրո­ցը իր վար­չա­կազ­մով, ու­սուցչա­կազ­մով, շրջա­նաւարտնե­րով եւ յա­ճախող աշա­կերտնե­րու ծնող­նե­րով պէտք է կա­տարէ դպրո­ցի վար­չութեան ընտրու­թիւնը։ Այս մեր­ձե­ցու­մին կ՚առար­կեն Հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի վի­ճակա­ւոր Ար­հիապա­տիւ Գե­րապայ­ծառ Լե­ւոն Զէ­քիեան եւ հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքի ան­դամնե­րը։

Այս խնդիրն ալ դրո­ւած է Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թեան սե­ղանին վրայ, որ­մէ հա­սած է հե­տեւեալ պա­տաս­խա­նը. «Կամ ընտրու­թիւնը կը կա­տարէք կա­նոնագ­րի հրա­մայա­կան­նե­րու հա­մապա­տաս­խան կեր­պով, կամ ալ մեր կող­մէ չե­ղար­կո­ւած ընտրու­թիւնը ամե­նաուշ մէկ ամ­սո­ւայ ըն­թացքին կը կրկնո­ւի դար­ձեալ մեր կող­մէ նշա­նակո­ւած Ընտրու­թեան կար­գա­դիր յանձնա­խումբի մը ձե­ռամբ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ