Մուրատ Սիւմէի դէմ մեղադրանք

Պիւյիւքտե­րէի Սուրբ Հռիփ­սի­մեանց եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թիւնն ալ ըն­դօ­րինա­կելով կամ խորհրդակ­ցե­լով Պէ­յօղ­լո­ւի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան հետ, կը փոր­ձէ կառ­չած մնալ այս եկե­ղեց­ւոյ վար­չութեան։

17 Դեկ­տեմբե­րին կա­յանա­լիք ընտրու­թեան ըն­դա­ռաջ Մու­րատ Սիւ­մէ­յի դէմ մե­ղադ­րանքը փո­խան­ցո­ւեցաւ դա­տարան։ Մե­ղադ­րող կողմն է ընդդի­մադիր ցան­կի թեկ­նա­ծու­նե­րէն Յա­կոբ Նշա­նեանի 83 ամեայ մայ­րը՝ Լու­սի Նշա­նեան Չա­լեան։ Ան աղեր­սագրին մէջ յայտնած է թէ Սիւ­մէի շրջա­նակի ան­ձանց կող­մէ սպառ­նա­լիքի մատ­նո­ւած է որդւոյն թեկ­նա­ծու­թեան ար­գելք ըլ­լա­լուն պա­հան­ջով։

Մու­րատ Սիւ­մէ մեր­ժած է այս պնդու­մը։

Յա­կոբ Նշա­նեան ալ պար­զած է թէ մայ­րը թա­ղի սրճա­րան­նե­րէն մէ­կուն նստած էր, երբ նոյն թա­ղի մար­զա­կումբի նա­խագա­հը մօ­տեցած եւ իրեն թե­լադ­րած է, որ ար­գելք ըլ­լայ որդւոյն թեկ­նա­ծու­թեան։ «Մենք քեզ կը ճանչնանք կը յար­գենք, բայց գիտ­ցիր որ եթէ այս ըն­թացքը շա­րու­նա­կուի դի­մացդ զիս կը գտնես»։

Մու­րատ Սիւ­մէ նշեց որ եթէ խնդիր մը ու­նի ինք ան­ձամբ կը մի­ջամ­տէ եւ ու­րի­շը միջնորդ չի կար­գէր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ