Եւս վեց թաղականութեան ընտրութիւնները այս կիրակի

Նախորդ կի­րակի կա­յացած 10 հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րէն ետք յա­ռաջի­կայ 27 Նո­յեմ­բեր կի­րակի օր ալ պի­տի կա­յանայ երկրորդ տա­րած­քաշրչա­նի մէջ գտնո­ւող վեց թա­ղակա­նու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը։

Սա­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ եւ Սա­հակեան վար­ժա­րանի, Նառ­լը­գաբո­ւի Սուրբ Յով­հաննէս, Էյու­պի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին, Ենի­գաբո­ւի Սուրբ Թա­դէոս- Ս.Բար­թո­ղոմէոս եւ Գումգա­բու դրսի Սուրբ Յա­րու­թիւն եկե­ղեցի­ներու եւ Թոփ­գա­բուի Սուրբ Նի­կողա­յոս եկե­ղեց­ւոյ եւ յա­րակից Լե­ւոն Վար­դուհեան դպրո­ցի հա­մար թա­ղական խոր­հուրդի ընտրու­թիւն պի­տի կա­տարո­ւի։ Այս ընտրու­թիւննե­րուն հա­մար ընտրա­մասեր պի­տի պատ­րաստուին Ֆե­րիգիւ­ղի Մե­րամէթ­ճեան, Սա­մաթիոյ Սա­հակեան, Շիշ­լիի Գա­րակէօզեան վար­ժա­րան­նե­րու եւ Օր­թա­գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ սրահ­նե­րուն մէջ։

Վե­րոն­շեան վեց թա­ղակա­նու­թիւննե­րէն միայն Նառ­լը­գաբո­ւի հա­մար առա­ջադ­րո­ւած են թեկ­նա­ծու­նե­րու եր­կու ցան­կեր։ Նառ­լը­գաբո­ւի եկե­ղեց­ւոյ այժմ գոր­ծող թա­ղակա­նութեան ատե­նապետ Վազ­գէն Վար­դա­նօղ­լու եւ Սա­մաթիա Սուրբ Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան ատե­նապետ Եսա­յի Տե­միր իրենց թեկ­նա­ծու­թիւնը չեն առա­ջադ­րած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ