Յիշելով մաթմազել Եւկենիա Նանասովը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Իրակա­նու­թեան մէջ Պոլ­­սոյ մօտ ան­­ցեալը ըն­­կա­­­լելու հա­­մար ուղղո­­ւած հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նելով մեկ­­նարկած հար­­ցազրոյցնե­­րու շար­­քը մի­­ջոց մը վերջ ինքնա­­բերա­­բար վե­­րածուեցաւ մեր կեան­­քի պատ­­մութեան։ Այդ ըն­­թացքին մէջ առիթ գո­­յացաւ թէ մեր ման­­կութեան տա­­րինե­­րուն ան­­ցուդարձնե­­րուն ակ­­նարկե­­լու եւ թէ կեան­­քի այդ հա­­տուա­­ծին մէջ հան­­դի­­­պած զա­­նազան անուննե­­րու մա­­սին յու­­շագրու­­թիւն մը ձե­­ւաւո­­րելու հա­­մար։ Եւ այդ զրոյցնե­­րը գիր­­քի մը ձե­­ւաչա­­փով հա­­սարա­­կու­­թեան փո­­խան­­ցո­­­ւեցաւ։ Այն ատեն յայտնի դար­­ձան որոշ բաց­­թո­­­ղումներ։ Պատ­­ճա­­­ռը պարզ էր. այս զրոյցնե­­րու ըն­­թացքին խօ­­սակ­­ցութեան յա­­ռաջա­­ցու­­մը ձե­­ւաւո­­րողը ընդհան­­րա­­­պէս հար­­ցումներն էին, որոնք աւե­­լի հե­­տաքրքրո­­ւած էին քա­­ղաքի պատ­­մութիւ­­նով։ Իսկ ըն­­թերցո­­ղը կը պա­­հան­­ջէր աւե­­լին։ Գո­­յացած ար­­դիւնքը դի­­տելով կա­­րելի է ըսել որ ար­­դար է այդ պա­­հան­­ջը։ Մենք մօտ ան­­ցեալին այդ պա­­հան­­ջը գո­­հաց­­նե­­­լու հա­­մար շա­­րադ­­րե­­­ցինք Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի եւ աւե­­լի շատ ալ Կեդ­­րո­­­նակա­­նի միու­­թեան հետ առնչո­­ւած յի­­շան­­տակնե­­ր։

Այ­­սօր կ՚ու­­զեմ իմ կեան­­քի պա­­տանու­­թեան տա­­րինե­­րուն ծա­­նօթա­­ցած եր­­կու ազ­­նիւ մարդկանց յի­­շատա­­կը ոգե­­կոչել։ Հայր եւ աղ­­ջիկ Նա­­նասով­­նե­­­րու մա­­սին է խօս­­քը։ Թիֆ­­լի­­­սահայ Ալեք­­սանդր Նա­­նասով Հոկ­­տեմբե­­րեան յե­­ղափո­­խու­­թեան ամե­­նավառ օրե­­րուն իր ռուս կնոջ ու նո­­րածին դստեր հետ յայտնո­­ւած է Պո­­լիս։ Այդ տա­­րինե­­րուն իր նման­­նե­­­րը լուրջ զան­­գո­­­ւած մը կը կազ­­մէին այս քա­­ղաքին մէջ, որոնք իրենց յատ­­կութիւննե­­րով դրոշ­­մե­­­ցին քա­­ղաքի ըն­­կե­­­րական կեան­­քը։ Այս քա­­ղաքին մէջ ապ­­րուստ ճա­­րելու հա­­մար տի­­կին Նա­­նասով սկսած էր դաշ­­նա­­­մու­­րի դա­­սեր տալ, իսկ պա­­րոն Նա­­նան­­սով ընդհան­­րա­­­պէս քար­­տուղա­­րական պաշ­­տօններ կը ստանձնէր հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու մէջ։

Մեր ծա­­նօթու­­թեան առա­­ջին են­­թա­­­կան է օրիորդ Նա­­նասո­­վը, որ շա­­տերու կող­­մէ կը կո­­չուէր մաթ­­մա­­­զել Նա­­նասով անու­­նով։ Ան մար­­զանք կը դա­­սաւան­­դէր զա­­նազան դպրոց­­նե­­­րէ ներս, որոնց կար­­գին էր նաեւ Էսաեանը։ Բայց մաթ­­մա­­­զելը չէր գո­­հանար միայն մար­­զանքի դա­­սապա­­հերով եւ իր աշա­­կեր­­տուհի­­ներուն հետ կ՚անցկաց­­նէր դա­­սական պա­­րի կամ աւե­­լի ըն­­դունո­­ւած կո­­չու­­մով պա­­լէի պա­­հեր։ Այս մէ­­կը կը կա­­տարէր դա­­սապա­­հերէն դուրս միայն ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րուն հա­­մար։ Այդ ցան­­կա­­­ցող­­նե­­­րէն մէկն էր նաեւ կրտսեր քոյրս, որ մօրս ալ քա­­ջալե­­րան­­քով եւ մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ կը հե­­տեւէր մաթ­­մա­­­զելի դա­­սերուն։ Նա­­նա­­սով ամէն տա­­րի իր աշ­­խա­­­տան­­քի հունձքը կը բե­­մադ­­րէր քա­­ղաքա­­պետա­­կան թատ­­րո­­­նի բե­­մերէն մէ­­կուն «Եէնի Քո­­մետի» թա­­տերաս­­րա­­­հին մէջ։ Յա­­ճախ այդ ներ­­կա­­­յացումնե­­րուն կը տես­­նէինք իր հայ­­րը՝ պա­­րոն Ալեք­­սանդր Նա­­նասո­­վը, որ ան­­մի­­­ջական խորհրդա­­տուն էր իր դստեր։

Առ­­հա­­­սարակ նա­­խակրթա­­րանի տա­­րիքով պա­­րող­­ներ իրենց ծնող­­նե­­­րուն եւ այլ հրա­­ւիրեալ­­նե­­­րուն կը ներ­­կա­­­յաց­­նէին դա­­սական պա­­րի նմոյշնե­­րը։

Այդ պա­­տանու­­թեան տա­­րինե­­րէն մնա­­ցած քաղցր յի­­շատակ մը ըլ­­լա­­­լով կը յի­­շեմ ամառ­­նա­­­յին այդ բա­­ցառիկ օրե­­րը, որ մենք ըն­­տա­­­նեօք եւ հայր ու աղ­­ջիկ Նա­­նասով­­ներ միաս­­նա­­­բար կ՚եր­­թա­­­յին Էմիր­­կա­­­նի ծո­­վեզեր­­քը սօ­­սինե­­րու հո­­վանիին ներ­­քեւ թէյ խմե­­լու։ Այդ մէ­­կը արա­­րողա­­կարգ մըն էր քա­­լելու դժո­­ւարու­­թիւն ու­­նե­­­ցող Ալեք­­սանդր Նա­­նասո­­վի հա­­մար։ Բա­­րեկա­­մացած էր իր բնա­­կարա­­նի հա­­րեւա­­նու­­թեամբ աշ­­խա­­­տող թաք­­սի վա­­րորդ պա­­րոն Թունճա­­յի հետ եւ նա­­խապէս պայ­­մա­­­նաւո­­րուածու­­թեան հա­­մաձայն կու գա­­յին Ֆե­­րիտի­­յէի մեր տու­­նը, ուրկէ մեզ ալ վերցնե­­լով կը հաս­­նէինք Էմիր­­կան։

Հե­­տաքրքա­­կան էր իմ ու իր բա­­րեկա­­մու­­թիւնը, քա­­նի որ հա­­կառակ տա­­րիքի մեծ տար­­բե­­­րու­­թան, մենք կ՚ու­­նե­­­նայինք իրա­­րու հետ կի­­սելու բա­­զում միտ­­քեր։ Միտ­­քեր՝ որոնք դուրս կը մնա­­յին սո­­վորա­­կան ըն­­կա­­­լումնե­­րէ։

Ես այդ տա­­րինե­­րուն իսկ ու­­նէի քա­­ղաքա­­կան հա­­կումներ, որոնք մեր զրոյցնե­­րու առանցքը կը կազ­­մէին։ Հա­­մայ­­նա­­­վար յե­­ղափո­­խու­­թե­­­նէ մը խոյս տա­­լով օտար հո­­ղերու վրայ գաղ­­թա­­­կան դար­­ձած Ալեք­­սանդր Նա­­նասո­­վի հա­­մար ես դե­­ռատի հա­­մայ­­նա­­­վարս հե­­տաքրքիր զրու­­ցա­­­կիչ մը դար­­ձած էի։ Կը յի­­շեմ թէ մայրս ու­­րախ հե­տաքրքրու­թեամբ կը լսէր մեր զրոյցնե­րը որոնք կ՚ըն­թա­նային իրեն հա­մար առ­հա­սարակ օտար նիւ­թե­րու շուրջ։ Այ­սօր կը կար­ծեմ թէ Ալեք­սանդր Նա­նան­սո­վի հա­մար այդ զրոյցնե­րու հմա­յիչ կող­մե­րէն մէկն ալ հա­յերէնն էր։ Ան եր­կար տա­րիներ պո­կուած եղաւ մայ­րե­նի լե­զուէն, տրո­ւած ըլ­լա­լով որ իր դուստրը մաթ­մա­զել Եւ­կե­նիա Նա­նասով եւս հա­յախօս չէր եւ անոնք կը հա­ղոր­դակցւէին ռու­սե­րէն կամ թրքե­րէնով։ Մաթ­մա­զել Նա­նասով բա­ցի Էսաեանէ, կը դա­սաւան­դէր նաեւ Տամ Տը­սիոն կամ Սեն Պե­նուա­յի նման ֆրան­սա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ։ Ան իր ետին կա­րեւոր վաս­տակ մը թո­ղելով հե­ռացաւ այս աշ­խարհէն եւ կ՚ափ­սո­սամ որ այդ վաս­տա­կը ար­ժա­նի կեր­պով ալ չէ գնա­հատո­ւած մին­չեւ օրս։ Մեր ճամ­բա­ները պա­րոն Ալեք­սանդր Նա­նասո­վի մա­հէն ետք կրկին ան­գամ խա­չաձե­ւուե­ցան իրա­րու հետ, երբ այս ան­գամ մաթ­մա­զել Նա­նասով սի­րայօ­ժար ըն­դունեց Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի սա­նուց միու­թեան եր­դի­կին տակ կազ­մա­կեր­պո­ւած ժո­ղովրդա­կան պա­րերու աշ­խա­տան­քին իր ցուցմունքնե­րով օժան­դա­կելու։ Այդ կազ­մի յա­ռաջա­տար պա­րող­նե­րը օգ­տո­ւեցան մաթ­մա­զել Նա­նասո­վի պա­րի գի­տելիք­նե­րէն, որոնց շնոր­հիւ բե­մադ­րո­ւեցաւ մինչ այդ բո­լորիս հա­մար ան­ծա­նօթ մոլ­տո­վական պա­րը, Արամ Խա­չատ­րեանի երաժշտու­թեան հի­ման վրայ։ Այ­սօ­րուայ նման կը յի­շեմ թէ Խա­չիկ Աբե­լեան, Վազ­գէն Պա­րըն, Յա­կոբ Ալա­քուշ կամ Էտիկ Պա­պաեան ինչ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ կը յա­ճախէին այդ աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։

Այս բո­լորը եւս քա­ղաքի պատ­մութեան հա­տուած­նե­րէն կա­րելի է հա­մարել։ Եթէ այս պա­հուն կը յի­շենք պա­րու­սոյց եւ ման­կա­վարժ մաթ­մա­զել Նա­նասո­վը, ան­դին քա­ղաքի ըն­կե­րական կեան­քին իրենց գի­տելիք­նե­րով, արո­ւես­տով, կեն­ցա­ղով, հա­ւատա­լիք­նե­րով ու խո­հանո­ցով նոր երանգ մը բե­րած ռու­սե­րու զան­գուածէն միայն օրի­նակ մը նշած եղանք։ Ով գի­տէ տա­կաւին ի՞նչ ապ­րումներ, ի՞նչ պա­տահա­կան հան­դի­պումներ կամ ի՞նչ հե­տաքրքրա­կան ծա­նօթու­թիւններ ապ­րո­ւած են, որոնք ապա մնա­ցած են պատ­մութեան փո­շիածածկ յու­շե­րուն մէջ։

Մեր չա­փահաս տա­րիք­նե­րուն զու­գա­դիպե­լով թե­րեւս ալ իր վաս­տա­կին հան­դէպ ամե­նալուրջ գնա­հատու­մը եկած էր Դպրե­վան­քի պա­րախումբի երի­տասարդ սա­ներէն, որոնք այդ տա­րինե­րուն պոլ­սո­հայոց կող­մէ կ՚ար­հա­մար­ո­ւէին կոշտ ու կո­պիտ գիւ­ղա­ցիներ ըլ­լա­լով։ Մաթ­մա­զել Նա­նասով ափ­սոս որ չ՚ու­նե­ցաւ ար­ժա­նի ժա­ռան­գորդներ, որոնք գո­նէ իր վաս­տա­կը յի­շէին ար­ժա­նի կեր­պով։ Այս տո­ղերը բա­ւական հե­ռու են այդ բաց­թո­ղու­մը վե­րաց­նե­լէ։ Երե­ւի կեան­քի հրա­մայա­կանն է «բա­րիք գոր­ծէ ծո­վը նե­տէ, յի­մարը չի­մանայ իսկ ձու­կե­րը կ՚իմա­նան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ