Դիւանագիտական որոնումներ կոպիտ խախտումի դէմ

ԱՊՀ եր­կիրնե­րու ղե­կավար­նե­րու ոչ-պաշ­տօ­նական վե­հաժո­ղովի ծի­րին մէջ, հան­դի­պում ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան եւ Ռու­սիոյ նա­խագահ Վլա­տիմիր Փու­թին, իսկ աւե­լի ուշ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ եռա­կողմ հան­դի­պում մը։

Փու­թի­նի եւ Փա­շինեանի տե­սակ­ցութեան ըն­թացքին Ռու­սիոյ ղե­կավա­րը դար­ձեալ անդրա­դար­ձաւ եր­կու եր­կիրնե­րուն մի­ջեւ առեւ­տուրի շրջա­նառու­թեան աճող կշռոյ­թին, նոյն ժա­մանակ ան ընդգծեց, որ այժմ այլ կա­րեւոր հար­ցեր կան։ «Մենք ձե­զի հետ դեռ երէկ սկսանք զրու­ցել, եւ կա­րելի եղաւ երե­քով խօ­սիլ. ան­շուշտ, գլխա­ւոր հար­ցը Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ իրա­վիճա­կի կար­գա­ւորումն է ընդհա­նուր առ­մամբ, հայ-ատրպէյ­ճա­նական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, ամէն ինչ, որ կապ ու­նի Ղա­րաբա­ղի հետ: Այնպէս որ, ինչպէս պայ­մա­նաւո­րուած էինք, կը քննար­կենք այդ հար­ցե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն», ըսաւ Փու­թին։

Փա­շինեան, իր կար­գին, պնդեց, որ կ՚ու­զէ տա­րածաշրջա­նի ամե­նէն կա­րեւոր հար­ցը քննար­կել։

«Ի հար­կէ, դուք ճիշդ էք` այս պա­հին ամե­նագլխա­ւոր, ամե­նէն գործնա­կան հար­ցը ճգնա­ժամն է, որ ու­նենք Լա­չինի մի­ջանցքում։ Գի­տէք, որ ար­դէն մօտ քսան օր է`այդ մի­ջանցքը փակ է։ Դա ռուս խա­ղաղա­պահ առա­քելու­թեան պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան գօ­տին է Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղում», նշեց Փա­շինեան։ Հան­դիպման ըն­թացքին Փա­շինեան քա­նի մը ան­գամ կրկնեց, որ Լա­չինի մի­ջանցքը կը գտնո­ւի ռու­սա­կան խա­ղաղա­պահ առա­քելու­թեան պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան գօ­տիին մէջ։ Ան շեշ­տեց, որ հի­մա իրա­վիճակ փո­խուած է։

Թէեւ պաշ­տօ­նապէս եռա­կողմ հան­դի­պում նա­խատե­սուած չէր, սա­կայն, Փու­թին, Փա­շինեան, եւ Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ 26 Դեկ­տեմբե­րին քննար­կե­ցին տա­րածաշրջա­նին իրա­վիճա­կը։

Ալիեւ եւ Փա­շինեան Ս. Փե­թերսպուրկ կը գտնո­ւէին ԱՊՀ ոչ-պաշ­տօ­նական հա­ւաքի ծի­րին մէջ, ուր միացեալ նիստ գու­մա­րուե­ցաւ։ Յստակ չէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ հան­գա­մանքնե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եռա­կող­մա­նի քննար­կումը: Փու­թի­նի բան­բե­րը միայն ըսաւ, թէ «խօս­քը ամ­բողջա­կան ձե­ւաչա­փով եռա­կողմ հան­դիպման մա­սին չէ», այլ` վե­հաժո­ղովի ծի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած քննար­կումնե­րու: Ոչ պաշ­տօ­նական Հա­յաս­տան, ոչ ալ Ռու­սին այս հան­դի­պու­մին մա­սին ման­րա­մաս­նութիւններ հաղորդեցին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ