Բարեբեր Նոր Տարուայ մաղթանքով

2020 եւ 2021 թո­­ւական­­նե­­­րուն ամ­­բողջ աշ­­խարհին տա­­ռապանք պատ­­ճա­­­ռող պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մավա­­րակը եթէ ոչ բո­­լորո­­վին, բայց գո­­նէ մե­­ծաւ մա­­սամբ 2022-ին է որ թու­­լա­­­ցաւ եւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մարդկու­­թիւնը փոր­­ձեց կրկին վե­­րագտնել սո­­վորա­­կան ըն­­թացքը։ Ինչ ող­­բա­­­լի է որ այդ սո­­վորա­­կան ըն­­թացքի մէջ ան­­պա­­­կաս էին մարդ էակին իր տե­­սակին հան­­դէպ անխնայ հա­­լածան­­քը։ Ուկրաինա­­յէն մին­­չեւ Ար­­ցախ ակա­­նատես եղանք պա­­տերազ­­մի սրտի զար­­կե­­­րուն։ Չա­­րիքը մերթ ան­­հա­­­տական եւ շատ ան­­գամ ալ պե­­տական ահա­­բեկ­­չութեան երե­­սակով եկաւ օրա­­կարգ կազ­­մե­­­լու։ Սա­­կայն այս դժո­­խային հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մէջ իսկ իւ­­րա­­­քան­­չիւր նո­­րածի­­նի ար­­ձա­­­կած առա­­ջին ճի­­չը յու­­սադրու­­թեան նոր նշան մը պի­­տի ըլ­­լայ։ Նո­­րածի­­նի առա­­ջին ճի­­չը, լացն ու կո­­ծը բա­­ցառու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով ու­­րա­­­խու­­թիւն կը պատ­­ճա­­­ռեն։ Մենք ալ կու գանք մեր վրայ իջած ձանձրոյթը թօ­­թափել նո­­րածի­­նի մը առա­­ջին ճի­­չով եւ այդ տրա­­մադ­­րութիւ­­նով ող­­ջունել Ամա­­նորը։ Մաղ­­թենք որ բա­­րեբեր ըլ­­լայ 2023-ը, սկսե­­լով մեր հա­­րազատ ըն­­տա­­­նիքէն, հա­­մաքա­­ղաքա­­ցինե­­րուն, հա­­մաերկրա­­ցինե­­րուն եւ ամ­­բողջ աշ­­խարհի ար­­դար վաս­­տա­­­կով ապ­­րող հա­­սարա­­կու­­թեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ