14 Նոյեմբեր 1944-ի աքսորը եւ համշենցիները

Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն Խորհրդային Միութիւնը ռազմաճակատի թիկունքի եւ սահմաններու անվտանգութեան նկատառմամբ բազմաթիւ աքսորներ կ՚իրականացնէ։ Նմանատիպ միջոցներ կը ձեռնարկուին նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ, եւ շուրջ 120 հազար ճապոնացիներ կը փակուին համակեդրոնացման ճամբարներ։ Խորհրդային Միութեան տարածքին գործադրուած աքսորներէն մէկն ալ մեսխեթցի թուրքերու աքսորն է (մեսխեթցի թուրքեր արտայայտութիւնը շրջանառութեան մէջ դրուած է 1970-ական թուականներէն ետք, Ֆահրետտին Քըրզըօղլուի կողմէ։ Վրացի պատմաբաններու տեսակէտով՝ մեսխեթցիները 1600-ականներէն սկսած իսլամացած վրացիներն են)։ Քըվըլճըմ Չաղլան «Մեսխեթցի թուրքերու աքսորը» վերնագրով իր յօդուածին մէջ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ առ այն, թէ խորհրդային փաստաթղթերու համաձայն՝ 91 հազար հոգի աքսորի ենթարկուած էր, որ 457 հոգի մահացած է աքսորի ճանապարհին։ Աքսորեալները կը հաստատուին Ղազախստան, Քըրկըզիստան եւ Ուզպեկիստան։ Անոնց մեծ մասը կ՚աշխատացնեն հաւաքական ագարակներ հանդիսացող կոլխոզներու ու սովխոզներու մէջ, մի մասն ալ՝ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն։

ՄՀԵՐ ՊԵՔԱՐԵԱՆ

Մեսխեթցի­ներու հետ մէկ­տեղ աք­սո­րի կ՚են­թարկո­ւին նաեւ 8.694 քիւրտեր, մօտ 5.000 լա­զեր եւ 1.385 համ­շենցի­ներ։ Ընդհա­նուր թի­ւով 304 համ­շենցի ըն­տա­նիք կ՚աք­սո­րուի, որոնցմէ 237-ը Պա­թու­մէն էր, 34-ը՝ Քո­բու­լե­թէն, 28-ը՝ Խու­լո­յէն, 5-ը՝ Քե­դայէն։ Ան­ձամբ ես այդ աք­սո­րի մա­սին ման­կութեանս տա­րինե­րուն տե­ղեկա­ցած էի «ներ­սից» (ար­տա­սահ­մանցի համ­շենցի­ներու հա­մար մե­րոնք, չեմ գի­տեր ին­չու, «ներս» բա­ռը կ՚օգ­տա­գոր­ծեն) եկած մեր ազ­գա­կան 3 կա­նանց պատ­մութեան մի­ջոցով։ Երբ Ղա­զախստան այս ըն­տա­նիքի տղա­մար­դիկ կը մա­հանան, միայ­նակ մնա­ցած եւ մեր տոհ­մա­նու­նը՝ Պե­քարօղ­լու ազ­գա­նու­նը կրող այդ 3 կա­նայք (մայր, աղ­ջիկ եւ հարս) մե­րոնց կը յայտնեն, թէ կը ցան­կա­նան Թուրքիա գալ, պաշ­տօ­նական խո­ղովակ­նե­րով կա­տարո­ւած եր­կար նա­մակագ­րութիւննե­րէն ետք անոնք կը կա­րողա­նան Թուրքիա գալ։ Քըր­կի­զիոյ մէջ անոնք իրենց ապա­հով չէին զգա­ցած, ան­տէր եւ անօգ­նա­կան էին մնա­ցած։ Առանց այդ ալ Թուրքիայի ազ­գա­կան­նե­րէն հե­ռանա­լը բա­ւակա­նաչափ բարդ էր, երբ անոր վրայ գու­մա­րուած էր Պա­թու­մէն շատ հե­ռու աք­սո­րուի­լը, անոնք չէին զգա­ցած, որ Քըր­կի­զիային կը պատ­կա­նին, եւ այս ալ հան­գե­ցուած էր հայ­րե­նիք չու­նե­նալու զգա­ցողու­թիւնը։

Եր­կու ան­գամ աք­սո­րուած­նե­րը

Անոնց պատ­մածնե­րուն յար եւ նման զգա­ցումնե­րու մա­սին «Կոր» հան­դէ­սի առա­ջին հա­մարին մէջ հրա­պարա­կուած հար­ցազրոյ­ցին կը խօ­սէր նաեւ Քըր­կի­զիայի համ­շենցի­ներու պաշ­տօ­նական ներ­կա­յացու­ցիչ Ռուստեմ Քա­րապա­ճաքը։ Աք­սո­րեալ համ­շենցի­ներէն 15 ըն­տա­նիք ստա­լինեան ժա­մանա­կաշրջա­նին յա­ջոդ­րող տա­րինե­րուն, 1956 թո­ւին փոր­ձած են Պա­թում վե­րադառ­նալ, սա­կայն անոնք կրցած են տե­ղաւո­րուել ոչ թէ Պա­թում, այլ՝ Փո­թի։ Ռուստեմ Քա­րապա­ճաքը հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին ոչ մի տե­ղին չպատ­կա­նելու այդ զգա­ցու­մը նկա­րագ­րած էր «Dir çunik» այ­սինք Տէր չու­նինք բա­ռերով։ 1990-ական­նե­րուն ուզպեք­նե­րու կող­մէ մես­խեթցի­ներու դէմ կա­տարո­ւած յար­ձա­կումնե­րը ու ընդհա­րումնե­րը, Քիր­կի­զիայում համ­շենցի­ներուն ուղղո­ւած նմա­նատիպ լա­րուա­ծու­թիւնը աւե­լի սաստկա­ցու­ցած են ան­տէր ըլ­լա­լու այդ զգա­ցու­մը։

Այս բո­լոր պատ­ճառնե­րով համ­շե­նական հա­սարա­կու­թիւնը յոյս ու­նի, որ կը հաս­տա­տուի մի այնպի­սի վայր, որ կա­րող է իր հայ­րե­նի հո­ղը կո­չել։ Այս նպա­տակաւ ան նա­խաձեռ­նութիւննե­րով հան­դէս կու գայ։ Վրաս­տա­նը, ան­տե­սելով բո­լոր պա­հանջնե­րը, թոյլ չի տար, որ համ­շենցի­ները իրենց գիւ­ղե­րը վե­րադառ­նան։ Սա­կայն Խորհրդա­յին Միու­թեան փլու­զումէն ետք Ռու­սաստա­նի զա­նազան քա­ղաք­նե­րուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տելու հնա­րաւո­րու­թիւն յայտնո­ւեցաւ։ Ղա­զախստա­նի եւ Քըր­կը­զիայի համ­շենցի­ներու մէկ մա­սը տե­ղափո­խուած է Ռու­սաստա­նի այնպի­սի քա­ղաք­ներ, ինչպի­սին են Կրաս­նո­դարը, Վո­րոնե­ժը եւ Ռոս­տո­վը։ 

Այստե­ղի համ­շենցի­ներու եւ Թուրքիա ապ­րող անոնց ազ­գա­կից­նե­րու մի­ջեւ բա­ւակա­նին տե­ւական ժա­մանակ է, ինչ սո­ցիալա­կան ցան­ցե­րու մի­ջոցով յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տած են, ամուսնու­թեան ճա­նապար­հով ազ­գակցա­կան կա­պեր ստեղ­ծո­ւած, եւ համ­շենցի­ները սկսած են եր­թալ-գալ։ Յատ­կա­պէս ու­ղե­փոխադրման ոլոր­տին աշ­խա­տող­նե­րը յա­ճախ կ՚եր­թան կու գան այս շրջա­նը։ Այ­ցի գա­ցած բազ­մա­թիւ համ­շենցի­ներ իրենց հին ազ­գա­կան­նե­րը կը գտնեն, նոր ըն­կերներ ձեռք կը բե­րեն։ Այդ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ցոյց կու տան կա­րեւոր բան մը. մեր եղ­բայրնե­րը, դժբախ­տա­բար, այ­սօր դե­ռեւս ան­տէր եւ ան­հայրե­նիք ըլ­լա­լու զգա­ցու­մը կ՚ու­նե­նան։

Հայ­րե­նիքի փնտռտուքներ

1990-ական­նե­րուն Հա­յաս­տա­նը անոնց կ՚առա­ջար­կէ Ղա­րաբաղ հաս­տա­տուիլ։ Ռուստեմ Քա­րապա­ճաքը, Ղա­րաբաղ այ­ցե­լելով, շրջած է այդ վայ­րե­րը, ուր հաս­տա­տուե­լու էին։ Ան ին­քը ցան­կա­ցած է այնտեղ տե­ղափո­խուիլ, սա­կայն հա­սարա­կու­թեան մե­ծամաս­նութիւ­նը չէ ու­զած՝ կրօ­նական տար­բե­րու­թիւննե­րու պատ­ճա­ռով։ Քա­րապա­ճաքը հար­ցազրոյ­ցին կը նշէ. «Կյա­ւուր են անո­ւանում, սա­կայն առ­նո­ւազն մեր լե­զուն նոյնն է։ Կա­ռավա­րու­թիւնը մեզ տէր էր կանգնե­լու։ Մին­չեւ ե՞րբ ենք այսպէս այստեղ-այնտեղ, ան­հայրե­նիք շրջե­լու։ Թուրքիայից բա­ցի՝ ու­րիշ ու­ղի չի մնա­ցել։ Եթէ Թուրքիան ըն­դունե­լու լի­նի, հա­սարա­կու­թիւնը սի­րով կը հաս­տա­տուի այնտեղ»։

Իրա­կանին այդ հար­ցի շուրջ մի հան­դի­պում կա­յացած է։ Ժա­մանակն վար­չա­պետ Ռ. Թ. Էր­տո­ղանի մի այ­ցի ժա­մանակ Քա­րապա­ճաքը կը կա­րողա­նայ զրու­ցել անոր հետ։ Էր­տո­ղանը կը խոս­տա­նայ, Թուրքիա փո­խադ­րո­ւելու նիւ­թը քննար­կել եւ մէկ տա­րուայ մէջ լու­ծել հար­ցը։ Սա­կայն, թէեւ այդ հան­դի­պու­մէն ետք տա­րիներ ան­ցած են, այ­լեւս ոչ ոք չի զան­գա­հարեր կամ զբա­ղուիր այդ թե­մայով։ Լա՛ւ, իսկ ին­չու՞։ Թուրքիան այն եր­կի­րը չէ, որ կա­րողա­նայ մօտ 5000 հո­գիի վե­րաբ­նա­կեց­ման հա­մար անհրա­ժեշտ հնա­րաւո­րու­թիւններ ըն­ձե­ռել։ Այդ մար­դիկ մեր ազ­գա­կան­ներն են, մեր եղ­բայրնե­րը։ Երկրէ ներս բնա­կուող համ­շենցի­ները եղ­բայր հա­մարել, իսկ դուրսը ապ­րողնե­րը որ­պէս հա­րազատ չըն­դունի­լը հա­կասա­կան վե­րաբեր­մունք է։

Աջա­կից ըլ­լանք մեր
եղ­բայրնե­րուն

Համ­շենցի­ներու ու­նե­ցած խնդիր­նե­րու լու­ծումը ո՞րը կա­րող է ըլ­լալ։ Ան­շուշտ, ամե­նաիտեալա­կան լու­ծումը կ՚ըլ­լայ այն, որ Վրաս­տա­նը թոյլ տայ, որ այդ մար­դիկ վե­րադառ­նան։ Եթէ անոնք Պա­թում գան, այդ լաւ կ՚ըլ­լայ թէ Թուրքիայի եւ թէ Վրաս­տա­նի հա­մար։ Անոնք կը նպաս­տեն սահ­մա­նի տնտե­սական եւ սո­ցիալա­կան աշ­խուժու­թեան, կ՚ամ­րապնդեն մեր երկրնե­րու եւ հա­սարա­կու­թիւննե­րու մի­ջեւ կա­պերը։ Բա­ցի այդ՝ թէ՛ էթի­կական եւ թէ՛ քա­ղաքա­կան տե­սան­կիւննե­րէն ճիշ­դը այդ է։ Թուրքիան կրնայ, իր դի­ւանա­գիտա­կան խո­ղովակ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով, նպաս­տել, որ Վրաս­տա­նը նման որո­շում կա­յաց­նէ։ Եթէ այդ հնա­րաւոր չըլ­լայ, Թուրքիան պէտք է թոյլ տաղ, որ համ­շենցի­ները հաս­տա­տուին Թուրքիա, ինչպէս որ խոս­տա­ցուած է։ Համ­շենցի­ներու մայր հայ­րե­նիքը այստեղ է, ազ­գա­կան­նե­րը՝ նոյնպէս։ Անոնք այստեղ հաս­տա­տուե­լու իրա­ւունք ու­նին։

1944 թո­ւի Նո­յեմ­բե­րի 14-ը միայն մես­խեթցի թուրքե­րու աք­սո­րի օրը չէ։ Թուրքիան դժբախ­տա­բար, այս ամ­սա­թիկը կը նշէ միայն որ­պէս մես­խեթցի թուրքե­րու աք­սո­րի օր։ Մինչդեռ, եթէ ան­գամ անոնց թի­ւը մես­խեթցի­ներու չափ չըլ­լայ իսկ, քիւրտե­րը, համ­շենցի­ները եւ լա­զերը նոյնպէս են­թարկո­ւած են աք­սո­րի։ Հարկ է անոնց բո­լորի ցա­ւը կի­սել, աք­սո­րը միասին դա­տապար­տել։ Այն փաս­տը, որ այդ աք­սո­րը կա­տարո­ւած է Խորհրդա­յին Միու­թեան կող­մէ, պա­տերազ­մա­կան պայ­մաննե­րու մէջ, բո­լորո­վին չի ար­դա­րաց­ներ այդ գոր­ծո­ղու­թիւնը։ Որ­պէս հիմ­նա­ւորում կը նշո­ւին «անվտան­գութիւ­նը» եւ այլն, սա­կայն այն փաս­տը, որ այդ աք­սո­րի հե­տեւանքնե­րը վե­րաց­նե­լու ուղղու­թեամբ ոչ մի մի­ջոց չէ ձեռ­նարկո­ւած, ուղղա­կի անըն­դունե­լի երե­ւոյթ է։ Այդ պատ­ճա­ռաւ, ամէն տա­րուայ Նո­յեմ­բե­րի 14-ին համ­շենցի­ները պէտք է օրա­կարգ բե­րեն այդ աք­սո­րի թե­ման, պա­հան­ջեն բա­ւարա­րել իրենց տու­ժած ազ­գա­կան­նե­րու շա­հերը եւ իրենց պա­հանջնե­րու մա­սին յայ­տա­րարեն ի լուր աշ­խարհի, գլխա­ւորա­պէս՝ Վրաս­տա­նին եւ Թուրքիային։

Թարգմա­նեց՝ Մե­լինէ Անու­մեանը

Արեւմտա­հայե­րէնի վե­րածեց՝
Լուսյէն Քոփար

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ