Ամանորեան մանկանց խրախճանք Գումգաբուի մէջ

Մանկանց աւան­դա­կան Ամա­նորեան խրախ­ճանքն ու Կա­ղանդ Պա­պու­կի այ­ցե­լու­թիւնը այս տա­րի տե­ղի ու­նե­ցաւ 2 Յու­նո­ւար 2023, Եր­կուշաբ­թի, ժա­մը 15.00-ին, Ս. Աս­տո­ւածա­ծին Աթո­ռանիստ Մայր Տա­ճարի Յա­րու­թիւն Ամի­րա Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ։

Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ հո­վանա­ւորու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած սոյն հան­դի­սու­թեան կը նա­խագա­հէր Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, իր մօտն ու­նե­նալով՝ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեանը, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ու­զունեանը, Արժ. Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւրզեանը, Արժ. Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օհա­նեանը եւ Արժ. Տ. Մել­քոն Քհնյ. Փնար­ճեանը։

Ման­կանց խրախ­ճանքին մաս­նակցե­ցան հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կերտներ, իրենց ու­սուցիչ­ներն ու ծնող­նե­րը։ Հան­դի­սավա­րու­թիւնը կա­տարեց Արժ. Տ. Նա­թան Քհնյ. Արա­պեան։

Հան­դի­սու­թեան սկիզ­բը, մա­նուկնե­րու միաս­նա­բար եր­գած «Շնոր­հա­ւոր Նոր Տա­րի, Սրբա­զան Հայ­րիկ» եր­գի ըն­կե­րակ­ցութեամբ, Պատ­րիարք Հայ­րը հո­գեւո­րակա­նաց թա­փորով սրա­հէն ներս մուտք գոր­ծեց ու միաս­նա­բար ար­տա­սանո­ւած Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քով սկսաւ խրախ­ճանքը։ Մօտ եր­կու ժա­մուան ըն­թացքին աշա­կերտներ հան­դէս եկան պա­րերով, ար­տա­սանու­թիւննե­րով եւ երաժշտու­թեամբ։ Ապա, վար­ժա­րան­նե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ աշա­կերտներ մի առ մի մօ­տեցան եւ Ամա­նորի նո­ւէր­ներ տո­ւին Պատ­րիարք Հօր։

Ելոյթնե­րէ ետք խօ­սեցաւ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը եւ գնա­հատեց այս իւ­րա­յատուկ հան­դի­սու­թիւնը եւ մաս­նա­կից­նե­րը։ Իր խօս­քե­րուն մէջ մտեր­մա­բար զրու­ցեց մա­նուկնե­րուն հետ եւ հայ­րա­կան խրատ­ներ տո­ւաւ անոնց։

Ապա եր­գե­րու եւ ծա­փերու տա­րափին ներ­քեւ սրահ մուտք գոր­ծեց Կա­ղանդ Պա­պու­կը եւ բեմ բարձրա­նալով ող­ջա­գու­րո­ւեցաւ Պատ­րիարք Հօր հետ։ Ապա, Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը նա­խաթո­ռը թո­ղուց Կա­ղանդ Պա­պու­կին ու հրա­ժեշտ առաւ սրա­հէն։ Երբ Պատ­րիարք Հայ­րը կը բաժ­նո­ւէր սրա­հէն, մա­նուկներ ու ծնող­ներ մեծ խան­դա­վառու­թեամբ մօ­տեցան Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան, իր աջը առ­նե­լու հա­մար։ Ապա, Կա­ղանդ Պա­պու­կը թե­լադ­րութիւններ ըրաւ մա­նուկնե­րուն, հրա­ւիրեց զա­նոնք ըլ­լա­լու հա­ւատա­րիմ ու հնա­զանդ զա­ւակ­նե­րը իրենց Եկե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղովուրդին, յա­ջող ու պա­տուա­բեր ան­դամնե­րը՝ իրենց պատ­կա­նած հա­ւաքա­կանու­թեան։

Իր խօս­քե­րէն վերջ Կա­ղանդ Պա­պու­կը նո­ւէր­ներ բաշ­խեց բո­լոր մա­նուկնե­րուն, որոնք մի առ մի մօ­տեցան եւ աջա­համ­բոյրով ստա­ցան տուրմ եւ անու­շե­ղէն­նե­րով լե­ցուն տոպ­րակնե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ