Մահ՝ Կամօ Տէր-Պետրոսեանի

ՀՀառա­ջին նա­խագահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան այս օրե­րուն կ՚ապ­րի իր կրտսեր եղ­բօր Կա­մօ Տէր-Պետ­րո­սեանի մա­հուան կսկի­ծը։ Տէր-Պետ­րո­սեան­նե­րու ըն­տա­նիքի Հա­յաս­տա­նի հո­ղերուն վրայ ծնած կրտսե­րագոյնն էր ան։ Ինչպէս ծա­նօթ է պոլ­շե­ւիկ Յա­կոբի աւագ որ­դին Թել­ման ծնած էր հայ­րե­նի երկրի՝ Մու­սա Լե­րան Եողու­նօ­լուք գիւ­ղը։ Ապա ըն­տա­նիքը գաղ­թած էր դէ­պի Սու­րիա, ուր ծնած էին Պետ­րո­սը եւ Լե­ւոնը։ Իսկ ներ­գաղթէն ան­մի­ջապէս ետք 1946-ին Հա­յաս­տան Կի­րովա­կանի մէջ ծնած էր Կա­մօ Տէր-Պետ­րո­սեան։

Մաս­նա­գիտու­թեամբ սրտա­բան Կա­մօ Տէր-Պետ­րո­սեան եր­կար տա­րիներ ստանձնած էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մու­սա Լե­րան հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նա­խագա­հի պաշ­տօ­նը։

Ան նաեւ ծա­նօթ էր իբ­րեւ աս­մունքող։ Մեծ յա­ջողու­թեամբ կ՚ար­տա­սանէր արեւմտա­հայ գրա­կանու­թե­նէն նմոյշներ։

Կա­մօ Տէր-Պետ­րո­սեանի հո­գեհան­գիստը տե­ղի ու­նե­ցաւ 4 Յու­նո­ւարին Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեցին եւ 5 Յու­նո­ւարին ալ յու­ղարկա­ւորո­ւեցաւ նոյն վայրէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ