«Համիշնոր» չարիքը վանելու համար

Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղի մէջ վերջին տարիներուն վերստին կեան­քի կո­չուած է հին աւան­դութիւն մը, որ մո­ռացո­ւած էր եր­կար տա­րիներ։

Տե­ղական բար­բա­ռով շնոր­հա­ւոր տա­րի նշա­նակող «հա­միշ­նոր»ի խա­րոյ­կը կը բո­ցավա­ռուի Ամա­նորի առա­ջին ժա­մերուն ու կ՚ակնկա­լուի թէ խա­րոյ­կի բո­ցերուն մէջ այ­րին նա­խորդ տա­րուան բո­լոր չա­րիք­նե­րը։ Գիւ­ղի պա­տանի­ները չեն բա­ւարա­րուիր բո­ցերով եւ իրենք եւս ձեռ­քի եր­կար ցու­պե­րով կը ծե­ծեն են­թադրեալ չա­րիք­նե­րը։

Այս տա­րի ալ խա­րոյ­կը վա­ռեցաւ գիւ­ղի եր­բեմնի դպրո­ցի շրջա­փակին մէջ, ուր պա­տանի­ներ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ վա­նեցին չա­րիքը։

Հոգ չէ թէ ամ­բողջ աշ­խարհին տա­րածո­ւած չար միտ­քը կա­րելի չըլ­լայ գիւ­ղի մը սահ­մա­նու­մով վե­րաց­նել, կա­րեւոր եղա­ծը չա­րիքի դէմ դիրք բռնելն է։ Այդ առու­մով խորհրդան­շա­կան մեծ իմաստներ ու­նի «Հա­միշ­նոր»ը, որ ժա­ռան­գո­ւած աւան­դութիւն մըն է նա­խորդ սե­րունդներէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ